ՄԵՐ ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ ՉԻՄՈՅԵԱՆԸ (Ա.)

Մարդոց հռչակն ու ձգած ժառանգութիւնները տարբեր չափանիշներով ու տարողութիւններով կը մնան: Մարդկութիւնը չի յիշեր յաւերժապէս բոլորը, բայց տեղ մը մարդկային հոգիին էոյթն ու առաքելութիւնը յիշատակութիւն կերտելու մղուած է, այն տենչէն ելած՝ որ յաւերժութեան կերտումը կատարած գործով, ստեղծուած զօրութեամբ կը յամենայ:
Հրաչը՝ իմ ու շատ մը մեր ընկերներու մանկութեան ու պատանեկութեան մեծ ու անմոռանալի դէմքերէն մին էր: Անոր հետ Հալէպի Հայկազեան տղոց բաժինն էինք 5-րդ եւ 6-րդ (տարբեր բաժանումներ), իսկ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանին մէջ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարանները (նոյն բաժանումը)։ Ինչպէս մեր տղոցմէ շատերը, ան ալ 9-րդ դասարանէն ետք ուսումը չշարունակեց: Միեւնոյն ատեն մենք միասնաբար ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբին մէջ էինք ու ամառները բացի պասքեթպոլի մարզումներէն, աւազան ու շատ մը տեղեր միասին կ՚երթայինք:
Հրաչին նախակրթարանի օրերէն մեծ բաներ վստահուած էին, երգելէն մինչեւ դերասանութիւն: Ուսուցիչները կը սիրէին զինք ու շատ գործեր անոր կը վստահէին՝ ըլլան անոնք կազմակերպչական կամ ընկերային եւ այլն: Մինչ այդ, ուսուցչուհիները քիչ մը ուրիշ մօտեցում ունէին անոր հանդէպ եւ անոնց «ջուրերը անոր հետ չէին քալեր»: Հրաչը արդէն իսկ 6-րդ դասարանէն զգալիօրէն մեզմէ առաջ էր՝ իր մարմնական ու հոգեկան հասունութեամբ։ Ան դպրոցէն դուրս ունէր նաեւ մեծ տարիքով ընկերներ, ունէր նաեւ մեզմէ աւելի յարաճուն գործունէութիւն: Երբ ճեմարան մտանք, մեր դասարանին հիմնական շարժիչ ու կազմակերպիչ ուժը եղաւ Հրաչը ու դարձաւ ամէն չարաճճիութիւններու ծրագրողն ու կազմակերպիչը:
Դպրոցի քաղցրահամութիւնը կը լիանայ չարութիւններով։ «Ոսկի ու միջին ամբողջութիւնը ցանկալի է» արտայայտութիւնը արդիւնաւէտ ուսումնառութեան ու հաճելի կամ այսպէս ըսած՝ ճերմակ չարութեանց մասին է, որոնք եթէ չըլլային՝ կար այն տպաւորութիւնն ու պատկերացումն ալ, որ ուսումը ինքնին հասու չէ: Մեր ընկալումով՝ ինչքան մենք մօտ ըլլայինք ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ու կատարէինք «ներթափանցուած մեր մեծութիւնը փոքրութեան մէջ», կամ առաքելութիւններ ստեղծէինք ու կերտէինք, այնքան յաջողակ պիտի ըլլայինք կեանքի մէջ հիմա եւ միշտ: Հրաչը արդէն իսկ մեծ մարդ էր 7-րդ դասարան եղած ժամանակ, իսկ 9-րդ եղած ատեն մեծանուն ու կայացած: Մեր 9-րդ դասարանը, ի պատիւ եւ Հրաչին, պատմական էր՝ վկայութեամբ շատ մը ուսուցիչներու եւ հակառակ աւելի խաղային ու տղայական վիճակներուն, հասունութիւն մըն ալ ստեղծուած էր հոն։ Ինծի համար ալ ամենահաճելի դասարանն էր ու մեծ հաճոյքով կ՚երթայի դպրոց: Հաւանաբար, կեանքի զուարճանքներ ապահովելու մեր մղումը կամայ թէ ակամայ ամէն տեղի հետ կը թաւալի, իսկ երբ դասարանը դառնայ ամենօրեայ խնդութեան, խնդալիութիւններու ու զուարճանքի մղիչ ուժն ու տեղը, արդէն իսկ պատանեկան մելամաղձութիւնը, վիպապաշտութիւնն ու փխրունութիւնը կը հատուցուի:
Բաց աստի, պատանութեան անձը գրեթէ չկայ, առաւելաբար կայ յայտնագործումը։
Հրաչի ղեկավարութեամբ՝ 9-րդ դասարանը ուրիշ տարածք մըն էր։ Մեր ամրան յարաբերութենէն եկած՝ գոնէ իմ, Հրաչ Խաչատուրեանին, Արսէն Կիրակոսեանին, Յարութ Քալօղլեանին, Արամ Այվազեանին, Վիգէն Վերտանեանին, Գէորգ Շահինեանին ու շատերու մօտիկութիւնն ու ստեղծած համադրոյթը՝ բջիջներն էին դասարանին ու մեծ լիցք կու տային դասարանային եւ արտադասարանային մեր գործունէութեանց: Պատանեկան կեանքը բոլորովին ուրիշ է ու մարդս ամենաշատ համայնական է, երբ պատանի է՝ անկախ իր ընկերային, դասակարգային ու տնտեսական աստիճանէն: Հոն ընկերային մթնոլորտը շահադիտական չէ, շահը աւելի զուարճանք ապահովելու ձգտումին մէջ է։ Ո՞վ քեզի աւելի յոյզ, թռիչք, զուարճանք, առկածախնդրութիւն, իսկութիւն, փորձառութիւն կու տայ: Հրաչը կարծես առաքեալ էր այդ իմաստով, ան մեզի շատ մը նոր բաներ կը սորվեցնէր ու կը ծրագրէր այնպիսի հետաքրքրական զբաղումներ, որոնք կը գունաւորէին մեր կեանքը: Ան ընկերներ ունէր ամէն շրջանակներէ՝ ո՛չ միայն հայերուն, այլ նաեւ արաբներուն մօտ էր։ Ան ընկերներ ունէր ամէն տեղ ու բոլորը բոլորին միացնող էր։ Պէտք է խոստովանիմ, որ ես ալ վարակուած եմ Հրաչի այդ բնաւորութեամբ։ Հրաչ գերբաց էր, միեւնոյն ժամանակ գերչարաճճի, անոր նպատակը լաւ ժամանակներ ու հաճելիութիւններ ստեղծելն էր, ունենալով հետեւեալ կարգախօսը. «Մենք պէտք է ուրախանանք անվերջ ու անդարար»։ Այս կարգախօսին գործադրումները երբեմն պատանեկան մակարդակով միջոցներուն մէջ զանազանութիւններ չէին դներ։ Հիմա երբ նայիմ կեանքի գերշահադիտական ու տարբեր տարիքներու կայացման ու յղկման ուղեգիծերուն՝ կը նկատեմ, որ ամենաազնիւն ու արդարացին կը մնայ զուարճանք կերտելու ու այդ զուարճանքը բաժնեկցելու ու տարածելու կոչումը, ինչ որ մանկական է իր էութեամբ ու պատանեկան՝ չարութեամբ:
Հրաչը նոր խաղեր կը յօրինէր ու մեր աւելի նեղ խումբով, դասարանին մէջ, գործի կը մղուէինք զանոնք բոլոր դասարանին գործադրելու ու պարտադրելու համար: Հարիւրաւոր յիշատակներ ու բացառիկ դէպքեր կան Հրաչին դերակատարութեամբ։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ եթէ Հրաչ Չիմոյեանը չըլլար, շատ բան պիտի պակսէին մեր պատանեկութենէն ու պատանեկան տարերքէն։ Վերջերս կը զրուցէինք Լեւոնին, Ճորճին եւ Արսէնին հետ, որոնք եւս համաձայն էին ինծի։
Հրաչը դպրոցին մէջ նոր դպրոց մըն էր։ Շատեր կ՚ըսէին, որ ան որդեգիր է, քանի ծնողքը մեծ էր տարիքով եւ ան գերազատօրէն կը վարուէր անոնց հետ: Համեստ խաւէ ընտանիքը մը զաւակն էր, սակայն, անոր հասանելիութիւնը սահմաններ չէր ճանչնար։ Նոյնիսկ պասքեթպոլի փորձերուն մեծ խումբերէն զինք կը կանչէին ու զայն կը խօսեցնէին։ Շրջան մըն ալ ՀՄԸՄ-ը քաջալերողներուն ղեկավարն էր ու պասքեթպոլի մրցումներուն ներկաները կը քաջալերէր, կը ձայնակցէր ու բացագանչութիւններու ազդանշանը կու տար: Երիտասարդուհիներու հետ անոր կապերը շատ զարգացած էին ու մեզմէ մի քանի տարի առաջ էր։ Շատ ատեններ աւազան կ՚երթայինք Հալէպի մէջ, ուր չէին ձգեր, որ առանձին տղամարդիկ մուտք գործեն։ Բայց եւ այնպէս, Հրաչ դրան պահակին հետ ճարպիկօրէն կը խօսակցէր ու բոլորս ալ ներս կը մտնէինք։ Միւս կողմէ, ունէր հանճար մը եւս մեզ ներս առնել տալու. առանձին եկած աղջկանց խումբի մը հետ խօսելով՝ մեզ ալ կը կցէր անոնց։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան