ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ
Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մտածումներու փունջ մը պատմութիւն հասկացողութեան մասին:
* Գարեգին Ա. Քեսապցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.
- Մեր ժողովուրդը կարիք ունի իր պատմութիւնը, իր հաւաքական ինքնակենսագրութիւնը ճիշդ ըմբռնելու։ Պատմական կեանքի համայնական առողջ յիշողութիւնը (mémoire collective) նոր կեանքի ներշնչման աղբիւր է։ Անյիշողութիւնը՝ (amnésie) մահուան նախադուռ, իսկ վառ, սխալ, այլափոխեալ յիշողութիւնը՝ ազգային խաթարման ճանապարհ։
- Պատմութիւնը անցեալի վերապրեցումն է մեր ներկայի կեանքի անդաստաններուն մէջ։ Կարելի չէ ըլլալ անցելապաշտ, բայց նոյնքան եւ կարելի չէ ըլլալ անցելամոռաց. պէտք է յառաջ երթալ, ա՛յս կեանքի սկզբունք է։ Կեանքը ինքնին կրկնողութիւն չէ. յառաջդիմութիւն է։ Բայց յառաջ երթալու համար պէտք է իմանալ ուրկէ՞ եկած ենք եւ ո՞ւր ենք այսօր։
* Նիկողայոս Ադոնց կը գրէ.
- Ինչքան կարեւոր համարուին պատմութեան, արտաքին այսպէս կոչուած նիւթական գործօնները, անկարելի է ունենալ ներքին կամ հոգեւոր ազդակներու արժէքը։ Եթէ մէկը պատմութեան անհրաժեշտ ատաղձը տայ, միւսն է իսկական ճարտարապետը, որ անշունչ նիւթեղէնին վրայ կը կերտէ ու կը կանգնէ պատմական մշտաբարբառ հրաշազան շէնքը։
…Պատմութիւնը, ինչպէս որ պէտք է հասկնանք, ամենէն առաջ գործողութիւններու շարան է։ Հոգեբանական տեսակէտէ գործը այլ բան չէ, եթէ ոչ հասկացողութեան մարմնացում։ Անհատը, առանձինն թէ հաւաքաբար, կը գործէ այն չափով, որչափ կ՚ըմբռնէ։ Կարելի է համարձակ ըսել, որ ազգերու հասունութեան աստիճանը, անոնց տեսութեան հորիզոնները յաճախ կը նախորոշեն եւ կը նախագծեն իրենց պատմութեան շրջանակը։ Քաջերուն սահմանը զէնքը չէ՛ միայն, ինչպէս ըսուած է, այլ՝ ա՛յն հոգեկան մղումը, որ կը տանի դէպի զէնք։
…Դժբախտաբար, հուրն ու սուրը, որ հանապազ աւերի դարձուցած են մեր երկիրը, չեն խնայած նաեւ մեր ներքին աշխարհը։ Իսկ այս կարգի քայքայումը նուազ աղիտալի չէ, քան նիւթական փլատակները։ Հետեւիլ մեր աշխարհատեսական ուղիին, պարզել անոր հարազատ եւ խորթ ոլորտները եւ կամ վերականգնել անոր այնքան անգամ կտրտուած թելը, անկարելի գործ է։ Այն սարսափները, որ տեղալով տեղացած են մեր երկրին վրայ, ահաւոր են եւ անով, որ խորտակած են ամբողջ աշխարհայեացքներ, չքացուցած են ապրած անցեալի կրած փորձառութեան թանկարժէք եւ աննիւթ հարստութիւնը։
Պէտք է զարմանալ, որ հայ յիշողութիւնը, հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, տակաւին կարողութիւնը ունեցած է պահելու դարերու մտաւոր եւ նիւթական աւերուածի փոշիին մէջ այնպիսի շողշողուն մարգարիտներ, որոնք մեզ կը տանին դէպի մարդկութեան ամենահին պաշտամունքներու տաճարները։
* Զարեհ արք. Ազնաւորեան կը գրէ.
- Պատմաբանին համար եթէ պատմութիւնը լայն տեղեկութիւններու, ճշգրտուած տարեթիւերու եւ զգաստ դատումներու գումարն է, մեզի համար սակայն անիկա ապրող, բաբախող եւ պատգամող իրականութիւն է: Մենք երբ պատմութիւնը կը դիտենք, անոր մէջ չենք տեսներ միայն ու միայն անցեալի կեանքին վաւերական պատկերները կամ ժամանակին ու տարածութեան մէջ կայունացած, անշարժացած յուշարձան-կոթողներ, այլ անոր մէջ կը տեսնենք կեանքի յոյզը հոգիէ-հոգի փոխանցող թրթիռը, որ կը հասնի մինչեւ մեր հոգիները: Անոր մէջ կը տեսնենք արգաւանդ այն հողը, որուն կենսախայտ ծոցէն մեր ժողովուրդը կ՚ընձիւղի միշտ որպէս մշտադալար ճիւղ, որովհետեւ դարերու փորձառութիւնը ունի որպէս զինք կենսաւորող սնունդ: Անոր մէջ կը տեսնենք անվերջօրէն եռուն հրաբուխը, որ դուրս ժայթքելով իր շիկացած լաւան դէպի կողերը մեր լեռնացած պատմութեան՝ կը կերպարանափոխէ միշտ պատկերը անոր: Եւ տակաւին, մեր պատմութիւնը մեզի համար յոգնած-դադրած ու փակուած-կնքուած գոյութիւն մը չէ, այլ անցեալէն ու ներկայէն դէպի ապագայ եւ յաւերժութիւն ձգտող զսպանակուած ուժականութիւնը, առանց որուն կեանքը իր ընթացքին մէջ կը կասի, կեանքը ջերմացնող արիւնը կը սառի ու ժողովուրդ մը ամբողջ կը մահանայ, իր անունը ջնջելով Ապրողներու Գիրքէն:
Մեր պատմութեան մէջ սեւ էջերը, դժբախտութիւնները, աւերն ու կործանումը, գերութիւնն ու աքսորը, գաղթն ու ջարդը չեն զարմացուցած մեզ բնաւ, որովհետեւ ժամանակի սլաքին հետ թաւալող կեանքը առիթ չէ տուած զարմանալու: Իրարու յաջորդող այս դառն հարուածներուն տակ, երբեք մահուան շուքը չէ ծանրացած մեր հոգիներուն վրայ, որովհետեւ գիտցած ենք մեր հոգիները թեթեւ ու պայծառ պահել լուսաւոր տեսիլներով: Մթամած մեր ճամբուն վրայ հազիւ լոյս մը նշմարած՝ անոր վազած ենք թիթեռնիկի նման, որովհետեւ եղած ենք կեանքին ու լոյսին նուիրուած ժողովուրդ, տեսիլքի ժողովուրդ:
- Առարկայական պատմութիւն գոյութիւն չունի: Պատմութեան այս կամ այն երեւոյթը բացատրելու համար մեր ճիգերը կրնան առարկայականութեան մօտիկ կանգնիլ, բայց միշտ ալ կը հետեւին մեր սեփական ըմբռնումներուն, իմաստասիրական եւ ընկերային համոզումներուն ու տեսութիւններուն: Այսուհանդերձ, կան որոշ երեւոյթներ կամ իրողութիւններ, որոնք իրենց էութիւնը կազմող անջնջելի կնիքը ունին, եւ այդ էութիւնը չի կրնար փոխուիլ, ո՛ր կողմ ալ դարձնել ուզենք:
- Դժուար եւ դժբախտ բան է երբեմն, պատմութեան որոշ էջերը բանալ եւ թերթատել կրկին: Բայց նաեւ ատիկա անհրաժեշտ է նոյն պատմութեան մութ ու լոյս երեսները տեսնելու եւ մանաւանդ՝ լոյսի շողը տեսնելու եւ լոյսին նուիրեալները վեր բերելու եւ արժանաւորապէս գնահատելու համար:
- Պատմութիւնը աննպատակ ընթացք մը չէ, այլ՝ դէպի յստակ նպատակակէտ մը կամ բարձրակէտ մը կ՚ընթանայ:
*
Վերջերս Հայաստանի առաջին դէմքը իր միտքի «գոհար»ներէն «գոհար» մը հրամցուցած էր հանրութեան, այս անգամ պատմութեան մասին: Մինչեւ այս վերջինը դարձեալ իր խօսքերուն մէջ պատեհ կամ անպատեհ որակումներ տուած էր պատմութեան մասին, բայց այս աստիճանի «փայլուն» եւ «ճառագայթող» չէին եղած…:
Վերի մէջբերումները սթափ, առողջ դատողութիւն, ազգային արժանապատուութիւն եւ նկարագիր ունեցող իւրաքանչիւր հայորդիի համար ըմբռնելի ու հասկնալի են, որովհետեւ այդպիսիները այդ բոլորը իրենց կեանքին մէջ կ՚ապրին, կը զգան ու շատ յաճախ կ՚առաջնորդուին:
Արդարեւ, պատմութիւնը անկարեւոր համարել՝ որովհետեւ անցեալը արդէն անցած է, իսկ մարդ պէտք է ապրի ներկայով ու մտածէ վաղուան մասին, կը նշանակէ կտրել այն արմատները, որոնցմով կը սնանի մեր ինքնութիւնը։ Ներկան անցեալէն անկախ գոյութիւն չունի, ինչպէս ապագան ալ չի՛ կրնար կառուցուիլ՝ անտեսելով անցեալի փորձառութիւնները։ Պատմութիւնը պարզապէս կատարուած դէպքերու յիշատակարան չէ, այլ՝ ժողովուրդներու կեանքէն քաղուած դասերու, յաղթանակներու, պարտութիւններու եւ զոհողութիւններու ամբողջութիւն։ Անցեալը չճանչցող մարդը դատապարտուած է յաճախ կրկնելու անոր սխալները, իսկ սեփական պատմութիւնը մոռցող ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը պահպանելու եւ ապագան իմաստութեամբ կերտելու կարեւորագոյն յենարաններէն մէկը։ Ապրիլ ներկայով չի՛ նշանակեր մոռնալ անցեալը, այլ՝ զայն հասկնալ, անկէ քաղել անհրաժեշտ դասերը եւ այդ գիտակցութեամբ դէպի ապագայ ընթանալ։ Պատմութիւնը ետ նայելու համար չէ միայն, այլ՝ յառաջ երթալու ճամբան լուսաւորելու։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ