ՎԱԽԿՈՏՆԵՐՈՒՆ ՄՐՑՈՒՄԸ

Մանուկներուն հետ աշխատելու ամենահետաքրքրական յատկութիւններէն մէկը անոնց վարքին ընդմէջէն յաճախ շատ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլն է:

Փոքրիկներուն, շա՜տ փոքրիկներուն մասին է խօսքը, քանի որ իրենց ձեռքերուն մէջ խելացի հեռաձայն մը դրուած փոքրիկները՝ փոքրիկ չեն այլեւս: 

Ահա այդ ամենափոքրիկները քի՛չ մը խորաթափանց հայեացքով մը զննելով ու անոնց քիչ մը սուր ականջներով լսելով ամէն ինչ կարելի է հասկնալ… շատ բան կ՚ըսէ անոնց խնդալու կամ լալու պատճառը, ո՛րքան ժամանակ կարենալ նստիլը, նստելու ձեւը, խօսելու, խօսքին մէջ մտնելու կերպը, լռելու, չլռելու կարողութիւնը, բան մը ընելու պարագային մի՛շտ առաջինը ըլլալու կամ չըլլալու տենչը, հաւասա՛րապէս առանց խտրութեան ընկերներուն քով կենալու, անոնց ձեռքը բռնելու, անոնց հետ խաղալու բարեացակամութիւնը, շարքին մէջ վերջի՛նը կեցած ըլլալու իրողութիւնը ընդունիլը… բացառիկ մանրամասնութիւններ են ասոնք, հաւատացէ՛ք, որոնք, ցաւօք, չեն նմանիր հասուն մարդոց ներսերը բացայայտող (չբացայայտող) արտաքին այս երեւոյթներուն: 

Անձամբ՝ զիս միշտ գրաւած է մանուկի մը ի՛նչէն, ի՛նչպէս վախնալու եւ վախցած պահուն ի՛նչ ընելուն իրողութիւնը:

Խորունկ, շա՜տ խորունկ տեղեր ցոյց տուող նրբութիւն մըն է սա, որ եթէ ճիշդ բացայայտէք, ճիշդ հասկնաք, ուրեմն լիովին, կը շեշտեմ՝ լիովին ճանչցած կ՚ըլլաք այդ մանուկը: Ճշգրիտ ձեր դիտարկումով, ձեր առած մտածուած քայլերով, արձանագրած ձեր մերձեցումով եթէ հասնիք հո՛ն, ուր ապահով անկիւն մըն էք դուք այդ վախցող մանուկին համար, ապա վստահեցէ՛ք, որ դուք լիիրաւ հոգեհարազատն էք այդ մանուկին: 

Ինչէ՞ն կը վախնան, կրնայ ըլլալ վախնան մանուկները, խորհած եմ միշտ: 

Գաղտնիք չէ՛, որ նորածին մանուկները բանէ մը չե՛ն վախնար: Ժամանակի ընթացքին, մենք, միա՛յն մենք՝ զանոնք շրջապատողները, մեծցնողները, «հոգ տանողներն» ու «խնամողները» անոնց մէջ կը սկսինք սերմանել վախը, բանէ մը վախնալու զգացումը… 

Բարձր ձայնէն, բաց ու փակ դռներէն ու պատուհաններէն, մութէն, ամպոտած սեւ երկինքէն, կայծակին, փոթորիկին ձայնէն, իրենց վրայ պոռացողներէն, սպառնացողներէն, անունը խստաբար հնչեցնողներէն, ձեռքէն քաշքշելով տեղ մը տանողներէն, բան մը ընել ստիպողներէն, գիրք չբերելուն կամ պարտականութիւն չգրելուն համար ուսուցիչէն լսելիք յանդիմանութենէն, այլ ու այլ շատ բաներէ կրնան վախնալ մանուկները ու հաւատացէ՛ք այս վախերէն իւրաքանչիւրը անկէ պաշտպանուելու ուրո՛յն իր ձեւը ունի իւրաքանչիւր մանուկ:

Մեծերուն՝ մեզի պէս, բարձր ձայնէն վախցող մանուկը ականջները կը գոցէ, գոց դուռ ու պատուհանէն անհանգստացողը զանոնք կը բանայ, անապահով զգացողը՝ բացերը կը գոցէ, ուսուցիչէն վախցողը դպրոց չի գար, իր վրայ պոռացողներուն չի՛ մօտենար, անոնց անունը լսած պահուն չի՛ ժպտար, անունը խստօրէն տուողներուն կանչին չ՚արձագանգեր, ստիպողներէն կը հեռանայ, կայծակին ձայնէն վախցած պահուն իր վստահած մարդուն կը փաթթուի, բայց ահա՛ անհերքելի իրականութիւն մը.

Ի՛նչէն ալ վախնան մանուկները, ի տարբերութիւն մեզմէ՝ «մեծերէն», իրականութենէն չե՛ն վախնար: 

Սարսափելի չէ՛ անոնց համար իրականութիւնը, քանի որ անկէ զատ ուրիշ հաւանականութիւն մը չո՛ւնին անոնք… 

Մեզի վերաբերող վախ մըն է ասիկա եւ մեզմէ քիչերը իրենց վախերուն վրայ կ՚երթան, կ՚առերեսուին անոնց հետ, կ՚ընդունին զանոնք, բայց չե՛ն անսար անոնց, կը դիմադրեն, կը բողոքեն, կը պայքարին, կը յաղթեն, թերեւս կը յաղթուին, բայց փախչելով չե՛ն յանձնուիր: 

Քաջերն են ասոնք: 

Իսկ վախկոտները՞:

Հասկցայ, որ վախկոտ մարդուն ընկերային դիրքին հետ կը փոխուի անոր փախչելու ձեւը. բան մը փոխելու անկարող ըլլալնուն հաւատացողները «մեզի ի՛նչ» կամ «ի՛նչ տարբերութիւն» կ՚ըսեն, պատին քովէն կը քալեն, իրենց գործին կը նային, թերեւս կատարեալ գործ մը կը տեսնեն, կը յաջողի՛ն, կը փայլին, բայց պա՛հ մը կայ, որ կռնակ դարձուցած իրենց վախը իրե՛նց կը յաղթէ. կը հաւատամ:

Քիչ մը աւելի կարողները «հոգ չէ՛, վնաս չո՛ւնի» կ՚ըսեն, «այսպէս թէ՛ այնպէս, դարձեալ՝ ի՛նչ տարբերութիւն» ըսելով անհոգ կ՚ապրին, այդպէս կը ձեւացնեն, բայց՝ անհոգ մարդ կա՞յ: Իրենց հոգերը կ՚ունենան անոնք ալ անկասկած. կօշիկ-պայուսակ է, կաշի է, աթլաս է, ոսկի է, ադամանդ է, ուտելիք է, պտոյտ-արձակուրդ է, տարեդարձ-հարսանիք է, ասոր-անոր կապկելն է, որո՞ւն աւելի ծախսելն է… վախերը ի՛նչքան աւելի խորունկ թաղելն է… 

Ձեւակերպութեան շինծու աս աշխարհին մէջ վախերը վարէն վեր կ՚ելլե՞ն: Չեն հասնիր՝ կարծեմ. ժամանակ չկայ: Բայց յատակը մնացած եռուն բան մը, օր մը կը պայթի. ասո՛ր ալ կը հաւատամ: 

Հասանք շա՜տ կարողներուն, ամենակարողներուն: 

Իրենց կարողութեամբ այլոց վրայ իշխողներուն:

Ինչ կ՚ընեն ասոնք, երբ կը վախնան: 

Ըսեմ. 

«Բոլորիդ սիրում եմ» կ՚ըսեն, բայց իրենց խմբակէն չեղողը չե՛ն կրնար սիրել: 

Միայն չսիրելով բաւարարուին երանի՜.

Իշխող ալ ըլլան, ըսի՛նք, վախկոտ են անոնք, չե՛ն կրնար դիմացինը արժանապատուօրէն, ինքնավստահօրէն, քա՛ջաբար ընդունիլ.

Մարդավայել աս վարքին փոխարէն՝ կը վարկաբեկեն, կը հեգնեն, կ՚արժեզրկեն, կը լռեցնեն, քաջերուն ամուր, անսասան սիրտէն կը ջղայնանան, տեղահանուածները «փախածներ» կը կոչեն, ըստ անհրաժեշտութեան՝ մեթրոյին մէջն ալ ներողութիւն խնդրելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն, շա՜տ, չափէն աւելի քաջերը կը բանտարկեն, եթէ պէտք եղաւ՝ կը սպաննեն, կը սգան, կը ստեն, կը խոստանան, «խաղաղ» երկինք կը գծեն, ծիածան մը կը դնեն, դրամ ալ կրնան տեղացնել հոնտեղէն, որ մարդիկ բուժուին, «լաւ» ապրին, ասֆալթապատ փողոցներու վրայ քայլեն եւ իրենց իշխանութիւնը գովերգեն…

Վախկոտութեան գերագո՛յն վիճակն է ասիկա: 

Ամենակարող, ամենավախկոտ իշխողներուն դիմաց մենք՝ բան մը փոխելու անկարող ըլլալնուս հաւատացող վախկոտները… 

Պիտի մրցինք՝ վախկոտներով.

Ո՞վ պիտի յաղթէ:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2026