ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԻՋԱՒ. ՀՕՐՄԷՆ ԿԸ ԲԽԻ

4. Իրական ճշմարտութենէն կը սորվինք, որ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը ըստ ինքեան հոգի է, երեք անձեր եւ մէկ բնութիւն, մէկ Աստուածութիւն, համակամ, համագոյ, համազօր, համաբուն եւ համափառ. արեւի եւ կամ խնձորի նմանութեամբ գաղափար մը տալէն անդին չենք կրնար անցնիլ. անձնաւորութեան մասին ալ Յորդանանի եզերքէն բնաւ անդին չենք կրնար դիմել, ատոր համար է, որ կ՚ըսենք «ի Հօրէ», եթէ այսպէս չըսենք անձնաւորութիւն չենք կրնար ըմբռնել. կամ առանձին-առանձին անձնաւորութիւն պէտք չէ ըսենք, կամ միութիւնն ալ անձնաւորութեան հետ ըմբռնելու հետ նախ՝ Հայր, երկրորդ՝ Որդի Հօրմէն ծագած, եւ երրորդ՝ Սուրբ Հոգի Հօրմէն բխած, ասկէ աւելին անճառելի է. մենք չենք ըսեր, որ Քրիստոսի մէջ ալ այն հոգին չկայ, որովհետեւ համազօր կը խոստովանինք, բայց Քրիստոս առաքեալներուն մէջ փչեց ու ըսաւ. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին». ինչո՞ւ չառին, այլ Քրիստոս երթալէն ետք ղրկեց. չկա՞ր, որ չառին, քաւ լիցի. իսկ Աստուածային տնօրինութիւնը այնպէս կը պահանջէր, մարդոց խելքին մօտիկ վարուելու համար. այս պատճառով էր, որ Քրիստոս ըսաւ, թէ՝ «Ես պիտի երթամ ու ղրկեմ, կամ Հօրմէս պիտի ելլէ ու պիտի գայ» (Յհ 15.26), Հօրմէն կ՚ելլէ եւ Որդիէն կ՚առնէ. «Ինձմէ պիտի առնէ» (տե՛ս Յհ 16.15): «Հօրմէն կ՚ելլէ» կ՚ըսէ, Յորդանանի եզերքը յայտնուածին համեմատ. «Ինձմէ պիտի առնէ» ըսած ալ՝ Ինձմէ ու Հօրմէս ըսել չէ, որովհետեւ հայերէն լեզուին մէջ, անտի աստի մակբայերը այս, այն ցուցական ածականներուն տեղ կը գործածուին, որ ըսել է «այն իմինէս պիտի առնէ». եթէ այդպէս չըլլար մէջտեղը եւ շաղկապն ալ պէտք էր կապակցելու համար, այն է «ինձմէ եւ անկէ պիտի առնէ». քանի որ այսպէս ըսած չէ, մենք չենք կրնար ըսել, թէ Քրիստոս երկդիմի խօսք մը խօսեցաւ բոլոր աշխարհը վէճի տակ ձգելու համար, որովհետեւ Երրորդութիւնը մեզի ծանօթացած վայրը Յորդանանն է, մեր աչքը մինչեւ իր տեսած տեղը կրնայ դիտել, մանաւանդ Քրիստոս պարզած է մեր դաւանելիքը. «Հօրմէն կ՚ելլէ», Ինքն ալ համազօրութիւնը գիտցնելու համար «Հայրս ինչ որ ունի Իմս է», «Ան իմինէս պիտի առնէ»1:

5. Ի՞նչ պէտք կայ Բարսեղ, Կիւրեղ Աղեքսանդրացի, Տաթեւացի եւ այլն «այսպէս կ՚ըսեն» ըսելով թուղթերու կազմ շատցնել, նոյնիսկ առաքեալներուն մէջ շատ է, թէ որ Արիոսին դէմ պիտի ըսես. «Յիսուսի Հոգին չարտօնեց անոնց» (տե՛ս Գրծ 16.7): Մարդու մը վրայ եթէ Քրիստոսի Հոգին չգայ Անորը չէ (տե՛ս Հռ 8.9): Աստուած Իր Որդիին Հոգին ղրկեց: Սուրբ Գիրքին մէջ տակաւին այսպիսի շատ համարներ կան, ուր Հայրը չի յիշուիր, Հոգին ալ Քրիստոսի ծնունդէն ետք յայտնուեցաւ, ուրեմն միայն Որդիէ՞ն պիտի ըսենք, ինչը սխալ է:

6. Հայաստանեայց Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցին կը խոստովանի Աստուծոյ գոյութիւնն ու միութիւնը, եւ ատոր հետ երրորդութիւն Աստուածային անձերուն. Սուրբ Հոգին ալ Հօրմէն բխում անքննաբար, անճառաբար Որդիէն առնող. առնող ըսածն ալ Քրիստոսի խօսքին մասին է, թէ՝ «Ինձմէ պիտի առնէ», քանի որ «այն Իմ Հօրմէս պիտի առնէ» ըսած է, արդէն Որդին Հօրը ժառանգն է. «Հայրը ինչ որ ունի Իմս է», «Հայրը Իմ մէջս է, Ես ալ Անոր մէջ». հետեւաբար, «բղխեալ ի Հօրէ» խոստովանելով համազօրութիւնը հետն է, քանի որ Որդին Հօրը մէջ է, այլ անգամն ալ կարիք չկայ Որդին Հօրմէն բաժնել միութեան կարգին մէջ: Գալով անձնաւորութեան, առանձին-առանձին յայտնուելու համար անձերու զանազանութիւն կը դաւանինք, այլեւս կարիք չկայ շփոթել. «Հօրմէն կ՚ելլէ» (Յհ 15.26). մէկ խօսքով, քանի որ Քրիստոս Հօր մէջն է եւ համաբուն են, միութեան մասին «բղխեալ ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ» չենք դաւանիր Որդին Հօրմէն բաժնելով, որովհետեւ թէեւ երրորդութեան միութիւն դաւանած ատեն ճիշդ ըլլայ մինչեւ իսկ «Հօրմէն եւ Որդիէն» ըսածնիս, մէկ վայրկեան ետք դարձեալ պիտի սխալինք անձնաւորութիւն խոստովանած ատեննիս. քանի որ Որդին Հօրմէն չի բաժնուիր, երկու անձէն ալ երկու հոգի ըսել կ՚ըլլայ, այն ատեն չորրորդութեան կը հասնինք. ուստի, «բղխեալ ի Հօրէ» դաւանելով Որդին արդէն Անոր հետ է եւ Անոր մէջն է. Անոր անձնաւորութեան եւ Աստուածութեան ստորութիւն չի գար. բայց «բղխեալ ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ» ըսածնուս պէս անձնաւորութեան շփոթութիւն կը յառաջանայ. հետեւաբար, «ի Հօրէ» ըսած ատեննիս Որդին յիշելու կարիք չկայ. «ի յՈրդւոյ» ըսած ատեննիս ալ Հայրը յիշելու կարիք չկայ, քանի որ անճառապէս իրարու մէջ են: «Քրիստոսի Հոգին» ըսած ատեն առաքեալներն ալ Հայրը չէին յիշեր (տե՛ս Գրծ 16.7): Երրորդութիւն ըսած ատեննիս հերթով՝ Հայր, Որդի, Սուրբ Հոգի: Անձերու զանազանութիւն դաւանելու ատեննիս ալ՝ Հայրը անսկզբնաբար սկիզբ առնելով. Որդին ղրկող, ծագող եւ անճառապէս նախ քան յաւիտեանները. Հոգին ալ ըստ միութեան անոնց մէջ եւ անոնցմէ, իսկ ըստ անձնաւորութեան եւ աղաւնակերպ իջման «բղխեալ ի Հօրէ», ոչ թէ Հօրմէն եւ Որդիէն ըսելով՝ խառնաշփոթ դաւանութիւն մը:

Աշխարհի ստեղծումէն առաջ ջուրերուն վրայ պտտելով Աստուծոյ Հոգին քննել կամ մարգարէներուն չյայտնուած գաղտնիքը Յորդանան որ յայտնուեցաւ, այն կարգը ձեռքէ ձգելով իր կամքին չհետեւողին ուրացող ըսելը աւելորդ եւ յանդգնութիւն է:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ» 

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 10

Վաղարշապատ


1 Ասոր նկատմամբ շատ մը շարականներ կ՚երգուին Սուրբ Հոգիին ուղղուած, թէ՝ «Հօրմէն կը բխի ու Որդիէն կ՚առնէ»: Նոյնպէս Տաթեւացին այս իմաստով գրութիւններ ունի: Նարեկացին, մանաւանդ, կ՚ըսէ. «Որդին Հօր մէջ եւ Հոգին անոնց մէջ եւ անոնցմէ»: Ոմանք այս խօսքերէն իրենց կամապաշտութեան ուժ կ՚առնեն, թէ՝ «հայոց վարդապետները այսպէս կը խոստովանին», մինչդեռ իրենց սկզբունքը Տաթեւացիին եւ Նարեկացիին ըսածին բնաւ չի յարմարիր: Հոգեգալստեան շարականի Ճաշու ԲՁ.-ն, «որ ի յարաշարժ աղբերէն… անհատաբար բղխեալ ի յՈրդւոյ», ասոնք բոլորն ալ մի միայն համազօրութիւն խոստովանելու իմաստով են Արիոսի դէմ, ոչ պապականներուն եւ հայոց մէջ իրարու դէմ. մենք ալ արդէն Քրիստոսի համազօրութիւնը կը խոստովանինք, բայց անձնաւորութիւն չշփոթելու եւ չորրորդութիւն դաւանելու պէս չդաւանելու համար, «բղխեալ ի Հօրէ» կ՚ըսենք. ո՛չ թէ Քրիստոսի համափառութիւնը ստոր ձգելով, այլ՝ անճառելի հաւատալով Յորդանանէն անդին չենք անցնիր:

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2026