ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄՆԵՐ

Մարդկային քաղաքական պատմութեան ամենահիմնական ու նկարագրային երեւոյթներէն մէկը կայսրութիւններու պատմութիւններն են: 

Առանց կայսրութիւններու պատմութիւնները (կազմութիւն, տապալում, վերելք ու անկում) սերտելու՝ չենք կրնար հասնիլ ընդհանուր մարդկային հաւաքական քաղաքական, ընկերային, մշակութային, հոգեբանական, տնտեսական եւ զանազան գործունէութեանց ու բնաւորութեանց առընչակից հարցերու շուրջ եզրակացութիւններու: 

Կայսրութիւն հասկացողութիւնը ինքնին մարդկային քաղաքական հաւաքական գործունէութեան բարձրագոյն ու տարածագոյն մակարդակն է, ուրկէ վեր ցարդ չկայ բարձրութիւն, ուր հասած է մարդկային քաղաքական կենցաղագործումը:

Երբ կ՚ըսենք կայսրութիւն՝ պայման չէ, թէ անոր տանք լաւ կամ վատ յատկանշացում։ Կայսրութիւնները տեղ մը անխուսափելի են եւ բոլոր ազգերն ու պետութիւնները կամայ թէ ակամայ ձգտած են այդ կառուցաշինման, քանի ինքնին կայ մարդկային հաւաքական կազմակերպուածութեան աճն ու տնօրինումը համապարփակութեան ձգտող: Նոյնինքն կրօնական, մշակութային, ընկերաբանական եւ այլն… վարդապետութիւնները, գաղափարախօսութիւններն ու կացուցակարգերը ունին ամբողջաբանական բովանդակութիւն, նկատի առած այն հիմնական փիլիսոփայական ու գոյութենական օրէնքը, որ կը բանի մարդ արարածի հասկացողութեամբ մէկ, միացեալ, միացուող ու միասնական: Մենք մէկ ենք, ո՛ւր որ ալ ըլլանք ու բոլոր գոյները տեղ մը կը միանան՝ ո՛չ միայն գոյութենական կոչման ի գին, այլ ընկերաբանական ու վարմունքային գործառոյթով մը: Հակառակ այս իրողութիւններուն՝ կայ ընդհանրական ընկերաբանական ու նոյնիսկ տեղ մըն ալ զգացագիտական ընկալում մը, որ կայսրութիւնները հոմանիշ եղած են բռնութեան, ճնշման, տրոհումներու ու անազատութիւններու գործադրման:

Մարդկային պատմութեան ընթացքին չէ եղած կայսրութիւն մը, որ կրնանք ներկայացնել իբրեւ երազական կամ հրեշտակային, ելած պարզ այն մեկնութենէն ու մեկնարկային կէտէն, որ կ՚ըսէ․

-Երբ կայ կայսրութիւն, ուրեմն կայ ուժ, իսկ երբ կայ ուժ, ամէն չափանիշներով կայ բռնարարք:

ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ

Կայսրութիւնները չեն կրնար հզօրանալ, յառաջդիմել, նոյնիսկ տեղ մըն ալ մարդկայնութիւն տարածել առանց ուժի կուտակման, յետոյ այդ ուժի կիրառման:

Կայսրութիւն հասկացողութիւնը ինքնին եթէ չյառաջանար իբր արդիւնք մարդկային քաղաքական կազմագործման, հաւանաբար, մարդկութիւնը այդքան ալ չի տեսներ ոտնձգութիւններ ու բռնարարքներ: Բնականաբար, ցեղային, ազգային, խմբային եւ պետական բախումներն ու յանցագործութիւնները մեծ վնասներ հասցուցած են մարդկութեան, սակայն, տարողութեան ու քանակի իմաստներով միշտ հզօրացման մարմնաւորումով (իմա կայսրութիւններ) կատարուածները աւելի ահեղ են ու հսկայական: 

ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Որեւէ կայսրութիւն ունի իր կերտիչն ու սեփականատէրը եւ քանի տակաւին այդ ազգն ու հաւաքականութիւնը (որ կերտած է տուեալ կայսրութիւն մը) չէ վերացած, նոյն այդ կայսրութեան գործունէութիւնը, ծաւալումն ու արարքները արդարացուելու մէջ կը մնան՝ նուազագոյնը ազգային ու խմբային մակարդակներով: 

Հոս պէտք է նշել, որ այս պարագային ինքզինք կը պարզէ պատմաքաղաքական ու քաղաքագիտական խնդրականութիւն մը. կայսրութեան մը ու բոլոր կայսրութիւններու արդարացումները համամարդկային մէկ ու ընդմիշտ եւ ընդհանրական ձեւով չեն ընդունուիր։ Եգիպտականէն մինչեւ բիւզանդական հասնելով իսլամականին եւ ներկայիս ամերիկեանին։ Կայսրութիւնները չեն կրցած եւ տեղ մըն ալ անհնար է՝ իրենց գործունէութիւններն ու գոյակցուածութիւնը լիովին արդարացնել՝ պատմագիտական, քաղաքական, մանաւանդ՝ կրօնամշակութային եւ ընկերային իմաստներով: 

ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄՆԵՐ՝ «ՎԱՍՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ»

Բոլոր կայսրութիւններուն ապրող ու վերացած ներկայացուցիչները տեւաբար արդարացուածութեան մէջ կը գտնուին եւ իրենց գործունէութեան խօսոյթն ու վաւերականութիւնը հոն կը կայացնեն:

Եգիպտականը, իսլամականը, բրիտանականը, ամերիկեանը.... այդպիսին ըրին «վասն մարդկութեան»:

Այդ «վասն մարդկութեան»ը տեղ մըն ալ գերյարաբերական ու անհասկնալի է, թէեւ ընդունելով, որ մարդկային բոլոր նուաճումները կայսրութիւններու կատարած-իրագործած նուաճումներուն հետ առընչուած են։ Միեւնոյն ատեն արդարացումները կը մնան արդարացումներ ու չկայ մարդկային քաղաքակրթութիւն՝ անկախ կայսրութեան մը բերած ու կերտած ուժաբուրգաւորումէ դուրս, կամ առանց անոր արդիւնաւէտացման:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2026