ԻՍԿԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Ութերորդ դասարանին միացած էր նոր աշակերտ մը՝ Դաւիթը: 

Այս դասարանը, որ իր աշխատասիրութեամբ եւ ընկերասիրութեամբ ծանօթ էր, կանգնած էր նոր փորձութեան մը դիմաց:

Դասարանին մեծամասնութիւնը սիրով ընդունած էին Դաւիթը առանց որեւէ մէկ կամ ու կացի: Արամը, Սերոբն ու Մկրտիչը թէեւ ընդունած էին նոր աշակերտի մը իրենց դասարանին միանալը, սակայն, տարբեր ձեւով՝ մանաւանդ Արամն ու Մկրտիչը: Այս երեք դասընկերները, որոնք շատ մտերիմ էին իրարու եւ իրենց ազատ ժամերը միշտ միասին կ՚անցընէին, օրերը անցնելուն հետ սկսան ծաղրել Դաւիթը, անոր վրայ ծիծաղիլ: 

Սերոբը իր ընկերներուն՝ Արամին ու Մկրտիչին ծաղրանքին չէր մասնակցեր, սակայն: Ճիշդ է, որ երբեմն երբեմն կը ծիծաղէր Դաւիթին վրայ, բայց ներքուստ բան մը զինք կ՚անհանգստացնէր: 

Դաւիթը, սակայն միշտ լուռ էր եւ չէր հակադարձեր: Ան չէր ուզեր նոր դասարանին մէջ վէճերու կամ անհամաձայնութիւններու պատճառ դառնալ։ Կը յուսար, թէ ժամանակի ընթացքին իր դասընկերները պիտի ընտելանային իրեն եւ զինք պիտի ընդունէին որպէս իրենցմէ մէկը։ Այդ պատճառով ալ կը նախընտրէր լռել եւ ժպտալ՝ հակառակ իր կրած ծաղր ու ծանակին: 

Օր մը, երբ դպրոցէն դուրս կու գային, Դաւիթը կը սահի ու կ՚իյնայ: Երեք ընկերները, որոնք Դաւիթին ետեւը կանգնած էին, փոխանակ օգնելու՝ սկսան ծիծաղել անոր վրայ: Դաւիթը անօգնական վիճակի մատնուած էր եւ ըստ երեւոյթին ոտքը վնասած էր, որովհետեւ մինչ անոնք կը խնդային, ան օգնութիւն կը խնդրէր՝ արցունքոտ աչքերով: 

Յաջորդող քանի մը օրերուն Դաւիթը բացակայեցաւ դպրոցէն, որովհետեւ ոտքը ուռած էր իյնալուն հետեւանքով: Երեք ընկերները թէեւ խնդացած էին դարձեալ, սակայն, Սերոբին ներքին անհանգստութիւնը սկսած էր աճիլ: Դաւիթին ինկած վիճակը, անոր արցունքոտ աչքերով օգնութիւն խնդրելը չէին հեռանար իր միտքէն: Անընդհատ այդ մասին կը մտածէր եւ սկսած էր կամաց կամաց չմասնակցիլ Մկրտիչի ու Արամի կատակներուն եւ ծաղրանքին՝ նոյնիսկ անոր բացակայութեան: 

Քանի մը օրուան բացակայութենէն ետք Դաւիթ վերադարձած էր դպրոց: Երեք՝ արդէն երկու ընկերները ըստ իրենց սովորութեան տեղի անտեղի դարձեալ կը ծաղրէին ու կը խնդային Դաւիթին վրայ: Սերոբ այլեւս չէր մասնակցեր այդ բոլորին: Մկրտիչն ու Արամը նկատած էին, թէ Սերոբ սկսած էր խուսափիլ իրենց հետ քալելէ, ազատ ժամերը անցնելէ, մանաւանդ երբ Դաւիթին կամ ոեւէ ուրիշ մէկ աշակերտի ծաղրելու կամ վրան խնդալու միտում ունենային: Անոր շփումը սկսած էր սահմանափակուիլ խաղով, դասերու վերաբերեալ հարցումներ հարցնելով: Ան կը զգար, որ եթէ բացայայտօրէն ընդդիմանար իր ընկերներուն, կրնար կորսնցնել անոնց բարեկամութիւնը։ Սակայն ամէն անգամ, երբ կը տեսնէր Դաւիթին հանդէպ անոնց անարդար վերաբերմունքը, իր խիղճը զինք կը մղէր հեռանալու այդ ծաղրանքներէն: 

Օր մը, երբ դուրս եկած էին դպրոցին բակը մարզանքի պահուն, երկու ընկերները սկսան ծաղրել Դաւիթը: Մկրտիչը դիմելով Սերոբին, ըսաւ. 

-Սերո՛բ, ինչո՞ւ դուն քեզ հեռու կը պահես: Մօտեցիր եւ դուն ալ մասնակցէ մեր ուրախութեան: 

-Չեմ ուզեր, Մկրտիչ, զիս հանգիստ ձգեցէք: 

-Սերո՛բ, չըլլա՞յ թէ սկսած ես մեղքնալ: Արամն էր: 

-Մեղքնալ եթէ պէտք է, մէկը պէտք է մեզի մեղքանայ, որովհետեւ մեր ըրածը սխալ է: 

-Ի՛նչ սխալ դուն ալ, եղածը կատակ է, տրամադրութիւն ստեղծել է: Մկրտիչն էր: 

-Ո՛չ, կատակ ու տրամադրութիւն ստեղծել չէ, ես սկսած եմ այդպէս չընկալել ու չհասկնալ այդ բոլորը: Սխալ բան մը կայ, որ չեմ կրնար հասկնալ տակաւին: 

Եւ ձգելով մարզանքը, հեռացաւ անոնցմէ ու նստարանի մը վրայ նստաւ: 

Մարզանքի ուսուցիչը նկատելով, որ Սերոբ առանձնացած է խումբէն եւ հեռուն նստած, մօտեցաւ անոր ու նստաւ անոր կողքին:

-Սերո՛բ, ի՞նչ պատահած է: Ինչո՞ւ նստար: Անհանգի՞ստ ես: 

-Ո՛չ պարոն Մհեր, անհանգիստ չեմ, նեղուած եմ: 

-Ի՞նչ բանէ նեղուած ես:

-Ես ալ չեմ գիտեր, պարոն:

-Ինչպէ՞ս չես գիտեր, հապա ինչո՞ւ այս վիճակին մէջ յայտնուած ես:

Սերոբ ամփոփ կերպով ներկայացուց պարոն Մհերին եղելութիւնը, թէ ինչպէս Դաւիթին իրենց դասարանին միանալէն ետք, ինք եւ Մկրտիչն ու Արամը ծաղր ու ծանակի առարկայ դարձուած էին զայն, թէ ինչպէս Դաւիթին իյնալէն ու քանի մը օրուան բացակայութենէն ետք՝ մինչ այդ արդէն իսկ ունեցած ներքին անհանգստութիւնը ա՛լ աւելիով սկսած էր նեղացնել զինք եւ ծանր բան մը կը զգար ամէն անգամ, երբ ծիծաղէին կամ ծաղրէին Դաւիթը: 

Պարոն Մհեր ուշի ուշով լսելէ ետք Սերոբին խօսքերը, պահ մը ոտքի կանգնեցաւ, ձայն տուաւ Մկրտիչին եւ Արամին, որպէսզի իրեն մօտենան եւ դարձեաւ նստաւ: Մկրտիչն ու Արամը եկան եւ ծալապատիկ գետին նստան: Պարոն Մհեր սկսաւ խօսիլ. 

-Տղա՛քս, անցեալ տարի վազքի մրցումի մը մասնակցեցայ (պարոն Մհեր մարզիկ մըն էր) եւ առաջին ելայ: Վստահ եմ կը յիշէք: Գիտէ՞ք սակայն ինչպէս առաջին ելայ: 

-Ինչպէ՞ս պարոն: Մկրտիչն էր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•մնացեալը վաղուան թիւով

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2026