ԸՆՏՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ. ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՆՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն անցեալի էջերուն կը պատկանին։
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը մասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն՝ կատարելով իր սահմանադրական իրաւունքն ու քաղաքացիական պարտականութիւնը։ Ընտրական գործընթացը աւարտած է, արդիւնքները հրապարակուած են եւ յառաջիկայ շրջանին եւս ներկայ իշխանութիւնները պիտի շարունակեն ղեկավարել երկիրը։
Այս իրականութիւնը արձանագրուած փաստ է, զոր կարելի չէ անտեսել։ Սակայն, ընտրութեան արդիւնքը ընդունիլը եւ իշխանութիւններուն քաղաքական ընթացքը ընդունիլը նոյն բանը չեն։
Անցնող շուրջ ութ տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները բազմաթիւ քաղաքացիներու մօտ խոր յուսախաբութիւն, մտահոգութիւն եւ դժգոհութիւն յառաջացուցին։ Այս տարիներուն մեր ժողովուրդը ապրեցաւ ծանր ու ճակատագրական իրադարձութիւններ։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի որոշ հատուածներ բռնագրաւուեցան, Արցախը հայաթափուեցաւ, հազարաւոր երիտասարդներ իրենց կեանքը զոհեցին 2020 թուականի Արցախի պատերազմի ընթացքին, իսկ մեր ազգային անվտանգութեան համակարգը ծանր հարուածներ ստացաւ։ Այս բոլորը պարզ քաղաքական դէպքեր կամ վիճակագրական թիւեր չեն. անոնք մարդկային ճակատագրեր են, ընտանիքներու ողբերգութիւններ, ազգային կորուստի եւ հաւաքական ցաւի արտայայտութիւններ։
Միեւնոյն ժամանակ, բազմաթիւ քաղաքացիներ դժգոհութիւն կը յայտնեն կրթական, առողջապահական եւ պետական կառավարման ոլորտներուն մէջ արձանագրուած ձախողումներէն։ Շատերուն կարծիքով, իրականացուած փոփոխութիւնները ո՛չ միայն չարդարացուցին իրենց նկատմամբ ունեցած ակնկալութիւնները, այլ երբեմն աւելի խորացուցին առկայ խնդիրները։
Մտահոգիչ է նաեւ այն մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ ազգային արժէքներու, պատմական յիշողութեան եւ հոգեւոր կառոյցներու նկատմամբ։ Յատկապէս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքը շատերու մօտ տպաւորութիւն ստեղծեց, թէ նպատակ կայ թուլացնելու այն սրբազան կառոյցը, որ դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի ինքնութեան, հաւատքի եւ ազգային դիմագիծի պահպանման կարեւոր հիմնասիւներէն մէկը։
Անշուշտ, կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ իրավիճակը այնքան ալ մռայլ չէ, որքան կը ներկայացուի։ Անոնք կը մատնանշեն որոշ ձեռքբերումներ, տնտեսական ցուցանիշներ կամ ենթակառուցուածքային աշխատանքներ։ Իրենց տեսակէտը յարգելի է, որովհետեւ ժողովրդավար հասարակութեան մէջ տարբեր կարծիքներու գոյութիւնը բնական երեւոյթ է։ Սակայն, երբ փորձենք հարցերը դիտել ո՛չ թէ առօրեայ տպաւորութիւններու կամ անձնական շահերու դիտանկիւնէն, այլ՝ պետականութեան, ազգային անվտանգութեան եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի տեսանկիւնէն, ապա պատկերը շատ աւելի բարդ ու մտահոգիչ կը թուի։
Պետութիւնը միայն ճանապարհներու վերանորոգում կամ տնտեսական ցուցանիշներու աճ չէ։ Պետութիւնը նախ եւ առաջ անվտանգութիւն է, ազգային արժանապատուութիւն է, պատմական յիշողութիւն է, ինքնութիւն է եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւն։ Եթէ այս հիմնարար արժէքները խաթարուած են, ապա դժուար է խօսիլ լիարժէք յաջողութիւններու մասին։ Հետեւաբար, քաղաքացիներէն շատեր կը շարունակեն իրենց դժգոհութիւնը արտայայտել ո՛չ թէ անձնական հակակրանքէ մղուած, այլ՝ որովհետեւ կը զգան, թէ երկիրը կը հեռանայ այն ուղիէն, զոր իրենք ճիշդ կը նկատեն։
Այս բոլորով հանդերձ, ընտրութեան արդիւնքը արձանագրուած փաստ է։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին իր ընտրութիւնը կատարած է եւ գործող իշխանութիւնները այսօր կը տնօրինեն երկրի ղեկը։ Սակայն, այստեղ կը ծագի կարեւոր տարբերակում մը. կարելի է ընդունիլ իշխանութեան գոյութիւնը՝ առանց ընդունելու անոր քաղաքական, բարոյական կամ ազգային ընթացքը։ Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ քաղաքացին պարտաւոր չէ համակարծիք ըլլալ իշխանութեան հետ, որպէսզի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր պետութեան։
Անձամբ, կը շարունակեմ կատարել իմ բոլոր քաղաքացիական պարտաւորութիւններս հայրենիքիս հանդէպ։ Հայաստանը իմ երկիրս է՝ անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ կը գտնուի իշխանութեան գլուխը։ Իմ հաւատարմութիւնս ուղղուած է պետութեան, ազգին եւ հայրենիքին, ո՛չ թէ ժամանակաւոր իշխանութիւններուն։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, չեմ կրնար ընդունիլ ներկայ ղեկավարութիւնը որպէս այն քաղաքական ուժը, որ կը ներկայացնէ իմ համոզումներս, արժէքներս եւ ազգային պատկերացումներս։
Աւելի՛ն, դժուար է ընդունիլ որպէս համազգային ղեկավարներ այն մարդիկը, որոնք տարիներ շարունակ հասարակութիւնը բաժնեցին «սպիտակ»ի եւ «սեւ»ի, որոնք պատեհ թէ անպատեհ առիթներով վիրաւորեցին իրենց հետ չհամաձայնող քաղաքացիները, ատելութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտ ստեղծեցին, իսկ այլակարծութիւնը շատ յաճախ ներկայացուցին իբրեւ թշնամութիւն։ Պետական գործիչը պէտք է միաւորէ ժողովուրդը, ո՛չ թէ բաժնէ զայն։ Ան պէտք է փորձէ լսել եւ հասկնալ բոլոր քաղաքացիները, նոյնիսկ երբ անոնք կը քննադատեն զինք։
Ցաւօք, այս երեւոյթները տակաւին չեն աւարտած։ Անոնք կը շարունակեն ազդել հասարակական կեանքին վրայ եւ խորացնել բաժանումները։ Բայց որքան ալ խոր ըլլան քաղաքական տարակարծութիւնները, մեր պարտականութիւնն է պահպանել մեր սթափ դատողութիւնը, ազգային արժանապատուութիւնը եւ հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումը։
Այս պատճառով ալ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, կը շարունակեմ ծառայել հայրենիքիս, կատարել իմ պարտաւորութիւններս եւ մասնակցիլ պետական կեանքին։ Սակայն, նոյնքան յստակ կերպով կը շարունակեմ արտայայտել անհամաձայնութիւնս այն իշխանութիւններուն նկատմամբ, որոնք, իմ համոզումովս, հեռացած են ազգային, պետական եւ բարոյական այն սկզբունքներէն, որոնց վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի ապագան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ