ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ - Ա. -

Գոյութենականութիւնը մարմնաւորում առած է մարմիններով։ Հաւանաբար, մարդկային զգացողութեան ու գիտակցութեան սահմանումով նոյն մարդկային մարմինը ամենակատարեալն է երկիր մոլորակին վրայ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ան ամենագեղեցիկն է, այլ մեր իմացականութեան մէջ, միւս կենդանիներուն ու արարածներուն բաղդատմամբ, մարդկային մարմինը ամենաոգեղինացածն է:

 Նոյն մարդկային մարմնի ոգեղինականուցումը ինչքան ալ գաղափարական ու ընկերամշակութային հանգանակ ունենայ, մեր այսպէս կոչած՝ տիրակալութիւնը երկիր մոլորակին վրայ եւ անոր միջոցաւ տիեզերականացման կերտումն ու բացայայտումը՝ մարդկային մարմնին տուած են նաեւ «անդրֆիզիքական» կերտուածք եւ առաքելութիւն:

Ինչքան ալ բնագիտութեամբ, աշխարհագիտութեամբ ու գոյաբանութեամբ մարդկային մարմինը նիւթական կառուցուածք է եւ հետեւանք երկար զարգացման համակարգի, ան մեզի համար կը մնայ կամ կը ներկայանայ ակամայ ու բնազանցօրէն իբրեւ առեղծուածային առարկայ ու նոյնիսկ աստուածաբանութեան աղբիւր կամ ծրագիր: Մեր մարմինը ինչքան որ մերն է, այն նոյն չափով բնութեան գործառոյթ է եւ արժէք։ Իսկ մարդկութիւնը իր անհատական ու հաւաքական ընկալմամբ ու խոհաբանութեամբ՝ բարդած է մարմնին շատ բաներ ու կը մնայ էական հարցերէն մէկը. արդեօք մարմինը ունի՞ ինքնեկ, ինքնածին, ինքնակերտ գործակատարում մը:

Մարմինը ունի իր օրէնքներն ու կառուցուածքը եւ անոր առեղծուածային ծագումն ու աշխատանքը մեր խելքին հետ, իսկ այդ մէկը տեղ մը մեզ հակասութեան ու նոյնիսկ դիմակայութեան մէջ կը դնէ: Մարդկային մարմինը ինչքան ալ կ՚աշխատի մեր կամք կոչուածով ու ուղղորդմամբ, այն տակաւին կը մնայ խելքին ոգեղինութեան ու հոգեկանութեան առաւելաբար չենթարկուող: Մարդկային մարմինը, ինչպէս բնութեան բոլոր մարմինները, ունի իր յատկութիւններն ու մեքանիզմը․ ի վերուստ տրուած կամ բնածինօրէն աշխատող, մարմնագիտութեան տեսակէտէ մենք չկանք մեր մարմիններէն դուրս, ինչքան ալ հաւատամքային, կրօնական ու մեթաֆիզիքական կտրուածքներով ջանացուի մարմնին տալ տարբեր յատկութիւններ: 

Մարմնի յատկութիւններէն են.

1- ԿԵԱՆՔԱԳՈՐԾՈՒՄ

Կեանքի հայթայթումը եւ մարդկային մարմնի կազմաւորումը, այո, սեռագործութեան ու ծինային արդիւնք են, բայց, անոնք իրենց սեղմնաւորումէն ետք ունին ընթացք ու կառուցում՝ մանկութենէն մինչեւ ծերութիւն:

Կեանքագործման մէջ կայ գոյութենական ամենամեծ նպատակը՝ ըլլալը-ապրիլը, նիւթեղէնուիլը, աճիլը, լիանալն ու հանգիլը: Կեանքագործումը ինքնին առանց որեւէ մարմնի չենք կրնար պատկերացնել եւ հոս է, որ մարմնի նիւթեղէնականութիւնը մեզ կը մղէ մեծ խնդրականութեան մը։ Ան մեզ տեղ մը կը դարձնէ ողբերգական ու հիւծելի (իմանալով վախճանի մասին ու առանց կարենալու խառնուիլ նոյն մարմնագործման ու արտադրագործութեան մէջ): 

2- ՀՈԳԵԿԵՐՏՈՒՄ

Մարմնի տրամաբանութեամբ ու նիւթեղէնականութամբ ինչքան ալ խորթ ու հակասական թուի հեգեկերտումը, նոյն նիւթը որեւէ տեղ ու ժամանակ ոգիի փնտռտուքի մէջ է: Իսկ այդ մէկը մանաւանդ՝ կ՚երեւի մարդկային մարմնի պարագային, որ անկախ անոր գեղագիտական ու ընկերային լիակատար բաղադրականով՝ կը համարուի կատարելագործութեան ձգտող նիւթականացում մը (ի վերջոյ մարդկային տեսքն ու անոր ետեւը կանգնած ոճականութիւնը նիւթի գերագոյն դրսեւորումներէն կրնանք դիտել -գոնէ մեզի համար-), իսկ ամէն կատարելագործում ակամայ ուղղորդուած ու շաղախուած է ոգեղինակացումով մը ու հոգեկերտմամբ:

Մեր մարմինները յաւերժութեան ձգտող կրնանք համարել՝ անկախ մեր կամքէն ու ձեւակերպումէն, իսկ առաւել եւս մեր ձեւաբանութեամբ մարդկութիւնը ձգտած է տեւաբար մարմնի կուռքացման ու յաւերժացման: Բոլոր արուեստները, ամենահին քաղաքակրթութիւններէն սկսեալ, այդ հարցը բարձրացուցած են. մարմնով ու մարմնի խնդիրով փորձած են արուեստաբանացնել ու մշակութաբանացնել ամէն ինչ, միեւնոյն ատեն ձգտելով մարմինը տանիլ դէպի տիեզերքի ու աստուածականութեան յայտնաբերում: Եւ ցարդ մեզի համար առանց մարմնի, տարազի, տեսքի, ձեւի եւ եզրաբանութեան չկայ համայնական հասկացողութիւն ու նոյնիսկ աստուածացում: Քրիստոս մարդացած էր եւ Ադամը մարդ էր մարմնով ու սեռաբանութեամբ իսկ զմռսումները ու պատուանդանացումները անբաժան մաս են մեզմէ։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026