ՄԻՍԻԱ ԵՒ ՄԷԿ ՃԱՄԲԱՅ
Հազուագիւտ ըլլալու են այսօր հասարակական նշանաւոր գործիչները, աստղերը, դերասանները, այսօրուան ոճով՝ «սելեպրիթի»ները, որոնք քիչ կ՚երեւին հանրութեան, քիչ կ՚արտայայտուին ու աջ-ձախ յայտարարութիւններ չեն ըներ:
Արտօնուած չէ՛ հեռանալ. հեռանաս՝ կը մոռցուիս:
Զարմանալի է, չէ՞, որ ժամանակի՜ն, քանի մը տարին մէյ մը հազի՜ւ հարցազրոյց մը տուող, մէկ-երկու նկար ալ նկարուող նշանաւոր «աստղ» մը, գրող մը, նախագահ մը ինչպէ,ս չէր մոռցուեր:
Յստակ չէ՞ պատասխանը, բարեկամներ:
Այնքան անցողիկ, անարմատ, անարժէք ու մոռացութեան ենթակայ են մեր ժամանակի «նշանաւորներուն» գործերն ու խօսքերը, որ այսօր կան, իսկ վաղը՞…
Բայց երկսայր է մեր օրերու կրկնուող շինծու ներկայութիւնը: Որքան երեւիլ, խօսիլ, ա՛յնքան ալ սխալելու հաւանականութիւն… Դժուար է հաւասառակշիռ մնալ. միշտ տեղի՛ն, չափաւոր մտածուած արտայայտուիլ. այս «յատկութիւնը» ձեռք բերելու համար աշխատող խումբե՜ր ունին այսօրուան նշանաւորները…
Այս ելակէտէն մեկնելով, պնդելով կը հարցնեմ.
«Մետիային» տուած իր յայտարարութիւններուն, տեսախցիկներու առջեւ իր ըրածներուն, գծած սրտիկներուն, լսած երգերուն, կրած քարտէսին ու գլխարկներուն մասին, մեր վարչապետին բան մը ըսող, յուշող արհեստավարժ խումբ մը կա՞յ:
Կը կասկածիմ՝ խորապէս:
Շատ բան ըսող յայտարարութիւն մը. օրինակ՝ եթէ ՔՊ-ն չյաջողի համոզել ընդդիմադիրները, որ Սահմանադրութեան հանրաքուէն իրականացուի Հայաստանի մէջ, ապա՝ արտահերթ ընտրութիւններ կրնան ըլլալ․ «Ակնկալում եմ, որ հայ ժողովուրդը կը սատարի այս առաքելութեան: Եթէ պարզուի, որ չի սատարում, ես իմ քաղաքական միսիան սպառած կը համարեմ», ըսաւ վարչապետը:
Բացէ ի բաց, ճի՛շդ ու անկեղծ խոստովանութիւն մը չէ՞ ասիկա, որ եթէ ան չկարենայ Հայաստանի դէմ ուղղուած Ատրպէյճանի ծրագիրները իրականացնել, ապա՝ կ՚աւարտի իր քաղաքական առաքելութիւնը:
Կուրօրէն հաւատացողները՝ չեմ գիտեր, բայց վերջին տարիներուն բաց միտք ու աչքով նայողը կրնայ տեսնել, թէ որո՛ւն ձեռքերուն մէջ է Փաշինեանի իշխանութեան բանալին:
Հիմա՛, եթէ ան այլեւս ի զօրու չէ՛ ատրպէյճանական օրակարգերուն սպասարկելու, ապա, բնականաբար, հարցականի տակ պէտք է դրուի անոր իշխանութեան մնալը։ Պատահակա՞ն են արդեօք մեր վարչապետին ուղղուած, Ալիեւի հետզհետէ անթաքոյց սաստկացող սպառնալիքները:
Պահանջուածը յստակ է.
«Եթէ սահմանադրութիւնը չփոխէք, մեզմէ չնեղուի՛ք…»։
Բաւական լուրջ խնդիրի մը առջեւ է մեր պետութեան վարչապետը, որ, ի՛նչ խօսք, շատ լաւ գիտէ, թէ իր երէկուընէ՜ համաձայնած ատրպէյճանական օրակարգերը լրջօրէն հակառակ են հանրային կարծիքին ու դիմադրութեան:
Իրմէ ակնյայտօրէն դժգոհ իր «խմբակիցներուն» ու հետզհետէ սպառող քաղաքական իր դրամագլուխին դիմաց, ի՞նչ կարելի է ընել, ուրե՛մն.
«Նախկինները», «ընդդիմութիւնն» ու «հայ ժողովուրդը» միշտ պատրաստ են բոլոր սխալներն ու վտանգները «ընդգրկելու»:
Մէջտեղ նետել «Արտահերթ ընտրութիւններ»ու թեման, որ բոլորս դարձեալ, կրկին ու անգամ մը եւս զբաղինք անիմաստ քննարկումներով…
Քիչ մը տրամաբանութիւն պահանջող հարցում.
2026-ի յունիսի 7-ի երեկոյեան, դեռ քուէարկութիւնը չվերջացած՝ իր յաղթանակը յայտարարած պահուն չէ՞ր գիտեր մեր վարչապետը, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւն չունի…
Ծիծաղելի է. ի հարկէ գիտէր: Բոլորս գիտենք, որ «Բարգաւաճ Հայաստան»էն խլուած աթոռներն ալ չօգնեցին։ Ուրեմն, ըստ այսօրուան ըսուածին, եթէ այդ օրէն ու դեռ աւելի՛ շուտ, մեր վարչապետէն պահանջուած «առաքելութիւնը» սահմանադրութիւն փոխե՛լն էր ու Հայաստանի ինքնիշխանութեան քայլ առ քայլ քայքայումը, ապա նո՛յն այդ գիշերը յայտարարուած սարքովի յաղթանակին փոխարէն պէտք է յայտարարուէր «միսիային սպառումը»:
Մեր աչքերուն փչուած փոշիին՝ անվերջ սպառնալիքներուն, մեզ սպասող վտանգներուն, պատերազմին, արեան ու զոհերուն, դեռ կորսուելիք տղաներուն ու հողերուն օրինակով, այսօր, առայժմ, ըստ անհրաժեշտութեան կը հնչեն, պէտք է հնչեն «Արտահերթ ընտրութիւնները» որպէս հոգեբանական ու տեղեկատուական ռազմավարութիւն, հանրութեան մէջ վախ ու տագնապ սերմանելու եւ, ինչպէս մի՛շտ, համոզելու, որ Ալիեւի պահանջներուն կատարո՛ւմն է մեր ընտրելիք լաւագո՛յն տարբերակը:
Անցած, այս ու դեռ գալիք պահանջներուն կատարումով կը պահպանուի մեր սուղ, անգին խաղաղութիւնը:
Միջազգային մեր միջոցառումներուն, մեր երիտասարդներու արձանագրած աշխարհի ախոյենութիւններուն, յաղթանակներուն, արուեստի ծիրէն ներս համաշխարհային նուաճումներուն դիմաց, ներս կը նայիս՝ ապականած լոյս ու օդ, ատելութիւն, պառակտում, գերեվարում, նուաստացած ինքնութիւն, հարցականի տակ, անորոշ սահմաններ ու որոշումներ, նո՛յն անորոշութեան մէջ վաղը չտեսնելով՝ իրենց օրը ապրող, գործող, արարող մարդիկ ու գոհ, շա՜տ գոհ, բացակայ միտքով թմբկահարներ…
Ներսիններն են ասոնք.
Հեռուները այս ու ա՛յլ իրողութիւններով կեանք մը ապրող մարդիկ ալ կան՝ պաշտօնապէս լուրջ կասկածի տակ դրուած անոնց (մեր) «հայ» ինքնութեամբ… եւ ամբողջ այս յորձանուտէն դուրս, անկէ բոլո՛րովին հեռու կազմուող նո՜ր սերունդ մը, որուն համար «Արմենիա» է մեր գիտցած, գլխագիրով գրուող «Հայրենիքը»…
Պահանջներ, կամակատար(ներ), «միսիա», «մետիա», աչքերը փակող փոշի եւ անել թուացող մէ՛կ ճամբայ.
Դէպի ո՞ւր:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ