ՆԵՐՔԻՆ ԱՆՈՂՈՔ ՊԱՅՔԱՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ հռչակուած պատերազմը թէեւ առաջին հերթին Իրանի ներքին համակարգը խոշորացոյցի տակ կը բերէ, սակայն, հարցը այդքանով սահմանափակուած չէ։ ԱՄՆ-ի մէջ ալ լուրջ ընդդիմութիւն մը խնդրոյ առարկայ է նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբին դէմ։ Մասնաւորապէս պատերազմի վերաբերեալ քոնկրէսի լսումներէն վերջ, ընդդիմադիր դեմոկրատ քոնկրէսականները հանրային կարծիքին հետ կը բաժնեն իրենց տպաւորութիւնները, թէ Թրամփ այս պատերազմը հռչակած է՝ առանց յստակ նպատակի մը ձգտելով եւ առանց յստակ ելք մը պատկերացնելով։ Այս համայնապատկերին վրայ կը քննարկուի հարցում մը, թէ արդեօք ԱՄՆ հիւա՞նդ է։ ԱՄՆ-ի ներքին պայքարները խոշորացոյցի տակ կու գան միայն ընտրութիւններու շրջանին, սակայն, այժմ հարցաքննութեան բացուած է ընդհանուր առմամբ համակարգը։ Սա ժամկէտի առումով կը համընկնի նաեւ Էփշթայնի գայթակղութեան հետ։
Ուրեմն, արդեօք ԱՄՆ իսկապէս հիւա՞նդ է։ Երկիրը ունի մեծ տարողութեամբ ներքին անհանգստութիւններ, սակայն, ամենէն մտահոգիչը տեսլականի խնդիրն է, որ տարբեր ուղղութիւններով կը դրսեւորուի ու կերպով մըն ալ կը ցնցէ ամբողջ աշխարհը։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ ուժեղն ու կայունը պարտաւոր են պահել-պահպանել միջազգային կարգն ու օրինականութիւնը, ապա այդ ուղղութեամբ մեր աչքերուն պարզ ու յստակ կերպով երեւելի պիտի դառնայ, որ նախագահ Թրամփի ղեկավարած երկիրը այսօրուան դրութեամբ կը հանդիսանայ այդ նոյն միջազգային իրաւունքի, անոր կարգ ու սարքին համար առաջին մեղանչողը։ Ու մտահոգութիւնը աւելիով մարմին կը զգենու, որ տեղ մը հասկնալիօրէն նկատենք, որպէսզի այդ մեղանչումը տեղի կ՚ունենայ սխալ քայլերով, մեղքերով, դիմացի կողմի իրաւունքներն ու էութիւնը ոտնակոխ ընելով։
Աշխարհաքաղաքական իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ «Ամերիկեան կայսրութիւն»ը ներկայիս անկման փուլի մը մէջ է եւ այսօր անոր վիճակը նման է Օսմանեան կայսրութեան 20-րդ դարասկիզբի դրութեան։ Դժուար թէ կարելի ըլլայ ԱՄՆ-ի վիճակը ուղղակիօրէն համեմատել Օսմանեան կայսրութեան հետ՝ հաշուի առնելով մեծ տարածքներու անմիջական կառավարումը եւ տարբեր ազգեր ու ցեղերը, սակայն, նմանութիւն մը կայ այն առումով, որ ԱՄՆ-ի ազդեցութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ աստիճանաբար նուազած է։ Վերելքի մէջ են նոր ուժեր, որոնց հետ Ուաշինկթըն կարծես չի գիտեր յստակ վարուելու կամ նոյնիսկ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ուրոյն ձեւ մը։
Ուքրայնայի ճգնաժամը, որ կրնայ մեծ հրդեհի մը վերածուիլ եւ իր մէջ առնել ամբողջ Եւրոպան, մեծագոյն օրինակն է՝ այսօր հասած իրավիճակին։ ԱՄՆ-ի ազդեցութեան նահանջը սկսած է տարիներ առաջ եւ այսօր հասած է իր գագաթնակէտին։ Իսկ Ուքրայնայի իրավիճակը կարծես սկսած է ցոյց տալ, որ ԱՄՆ՝ որպէս գերպետութիւն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր մօտեցումները։
ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան թոյլ օղակները հասկնալու համար՝ որպէս օրինակ, հարկ է վերցնել Ռուսաստանի պարագան, որ մեծ առումներով կը շարունակէ հանդիսանալ ամերիկեան արտաքին քայլերը հարցականի տակ դնող, ընդդիմացող ու մեծ հաշուով ալ խուսանաւող կողմ։ Այս առումով կարեւոր է շեշտել ռուս-ամերիկեան վերջին քսան տարիներու փորձառութիւնը, որուն դիմաց ԱՄՆ տարբեր ձեւաչափերով նահանջեց՝ նախընտրելով պատերազմէ խուսափելու ընդհանուր լոզունգը։
Եւ այսպէս, 2008 թուականին Մոսկուա փորձեց Արեւմուտքի դիմադրութիւնը՝ Օսեթիոյ հարաւի պատերազմի ժամանակ, երբ Վրաստան ներխուժած էր այնտեղ, ուր իր ազդեցութեան տակ էր։ Այդ ժամանակ Արեւմուտքը չպաշտպանեց Վրաստանը եւ պատերազմը շատ արագ կերպով աւարտեցաւ Ռուսաստանի կողմէ Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ գրաւումով, ապա այդ շրջաններու անկախութեան ճանաչումով։ Արդարեւ, 2008-էն ցայսօր Մոսկուա աւելի ուժ ձեռք բերած է՝ հասկնալով Ուաշինկթընի «անկարողութիւն»ը կամ նոր պատերազմներու մերժումը։ Այդ մէկը բաց կերպով ըսուած էր նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութեան շրջանին, երբ ամերիկեան զօրքերը դուրս եկած էին Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն։ Այդ ժամանակաշրջանին Մոսկուա ընդարձակած էր իր քաղաքական եւ ռազմական ազդեցութիւնը, որուն իբրեւ անմիջական ազդեցութիւն՝ նկատուած էր, թէ ի՛նչ հիմքերով ռուսական ուժերը հասած էին մինչեւ Սուրիա՝ այլ խօսքով տաք ջուրեր։
Այս բոլորին առընթեր, ամենամեծ խնդիրը կը համարուի, որ ԱՄՆ-ի կատարած ետդարձի ստեղծած բացը որեւէ արեւմտեան երկիր չեր կրցած լեցնել։ Ամերիկեան վերելքի ժամանակ, նախկին Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, ԱՄՆ-ի արեւմտեան հիմնական դաշնակիցները հաշտուած էին «նոր կայսրութեան» ազդեցութեան հետ, իսկ այսօր կը վճարեն այդ տկարութեան գինը։ Նոյնիսկ Ուքրայնայի պարագային Ռուսաստան կանգնած է Եւրոպայի դարպասներուն առջեւ, իսկ ԱՄՆ որեւէ կերպով պատրաստ չէ «թումբ կանգնիլ» կամ պաշտպանել Եւրոպան։
Հարկ է, ուրեմն, հասկնալ, որ ԱՄՆ՝ բոլոր իր դաշնակիցներով հանդերձ, ներկայիս կանգնած է լուրջ քննութեան մը առջեւ։ Ըստ ստեղծուած համայնապատկերին՝ ԱՄՆ-ի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ յաջողութեամբ անցնիլ այդ քննութիւնը՝ առանց ունենալու մեծ կորուստներ կամ նոյնիսկ զոհաբերումներ։
Այս բոլորին առումով շատ հետաքրքրական են վկայութիւնները նախկին փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսի, որ վերջին ընտրութիւններուն նաեւ նախագահի թեկնածու էր։ Ան ԱՄՆ-ի ներքին վիճակին մասին շատ հետաքրքրական դիտարկումներ ունի։
Արդի ժամանակներուն ԱՄՆ-ի ներքին իրավիճակը նոյնքան մտահոգիչ է՝ թերեւս ա՛լ աւելի մեծ արտաքին քաղաքականութեան խոցելիութեան բաղդատմամբ։ Գոյութիւն ունին ամենատարբեր մակարդակի հիմնահարցեր, որոնք հետեւանքն են երկար տարիներու սխալներու, կառավարման սայթաքումներու, անարդարութիւններու եւ նոյնիսկ խտրականութիւններու։ Հետեւաբար, ամերիկեան հարցերը դիտարկողմներու պարագային, փաստացիօրէն, այսօր առկայ հիմնախնդիրները լուրջ ներուժ մը ունին երկիրը տանելու ներքին բախումներու կամ աւելի վտանգաւորը՝ ներքին քաղաքացիական ընդհարումներու գիրկը։
Ի դէպ, ամերիկեան ներքին հիմնահարցերուն մասին չափազանց կարեւոր վկայութիւններ տուած է Քամալա Հարիս, որ հեղինակած է «Մեր դաւանած ճշմարտութիւնը» գիրքը։ Շատ ամփոփիչ, սեղմ եւ յստակ տողերով ան կը ներկայացնէ՝ իր եւ իր սերունդի ապրած հոգեվիճակները, ԱՄՆ-ի հասարակութեան ներքին հիմնահարցերը ու յաղթահարած փորձառութիւնները։ Առանց իմանալու, որ այդ հատորի հրապարակումէն տարիներ ետք ան պարտութեան պիտի մատնուէր Թրամփի կողմէ, երբեք չէ յուսալքուած ու տակաւին կը շարունակէ հաւատալ, թէ ԱՄՆ շուտով պիտի վերադառնայ այն արժէքներուն, որոնք հիմնասիւնը կը կազմեն արեւմտեան աշխարհի ընդհանուր ընկալումներուն։ Հատորի նախաբանին մէջ Հարիս ակնարկած է այս բոլորին եւ ունի բաժին մը, որ այսօրուան իրավիճակին մէջ կը վերարժեւորուի անխուսափելիօրէն։
«Բայց, ահա, թէ ի՛նչ գիտէի. մէկ ընտրարշաւը աւարտած է, միւսը սկսելու վրայ է: Ընտրարշաւ, որ բոլորիս մասնակցելու կոչ կ՚ընէ։ Եւ այս անգամ ատիկա պիտի ըլլայ ճակատամարտ մը մեր ազգի հոգիին համար։ Նախորդ տարիներուն տեսած ենք, թէ ինչպէս համակարգը կը հաւասարի սպիտակամորթ ցեղապաշտներու երկրին մէջ եւ կը հաճոյանայ բռնապետներուն արտասահմանի մէջ, երեխաները կը խլէ մայրերէն՝ մարդու իրաւունքներու այլանդակ խախտումներով, վիթխարի հարկային արտօնութիւններ կը տրամադրէ մեծ ընկերութիւններուն ու հարուստներուն՝ անտեսելով միջին խաւը։ Կը խոչընդոտէ կլիմայի փոփոխութեան դէմ մեր պայքարը, շարքէ կը հանէ առողջապահութիւնը ու վտանգի կ՚ենթարկէ իր մարմինը վերահսկելու կնոջ իրաւունքը, տեւական ժամանակ յարձակումներ կը գործէ այն ամէն ինչի ու բոլորի վրայ՝ ներառեալ ազատ ու անկախ մամուլի բուն գաղափարը։ Մենք աւելի լաւ ենք՝ քան այս ամէնը: Ամերիկացիներս գիտենք, որ մենք աւելի լաւ ենք՝ քան այս բոլորը: Բայց մենք ստիպուած պիտի ըլլանք ապացուցանել այս մէկը», գրած է Հարիս։
Գիրքին մէջ Հարիս մատնանշած է, որ ժողովրդավարութիւնը չի կրնար ծաղկիլ վախի մէջ: Ազատութիւնը չի կրնար փթթիլ ատելութեան մէջ: Արդարութիւնը չի կրնար արմատներ նետել չարութեան մէջ: Ան կ՚աւելցնէ. «Ամերիկան պէտք է գործի անցնի. մենք պէտք է հրաժարինք անտարբերութենէն: Պէտք է հրաժարինք վախէն, ատելութենէն ու անվստահութենէն։ Կը կարծեմ՝ դժուար ժամանակներուն չկայ աւելի կարեւոր ու ազդեցիկ հակաթոյն՝ քան փոխադարձ վստահութիւն։ Վստահութիւն կու տաս ու վստահութիւն կը ստանաս։ Իսկ վստահութեան ամենակարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է՝ ճշմարտութիւնը ըսելը: Կարեւոր է, թէ ի՞նչ կ՚ըսենք, ի՞նչ նկատի ունինք, ի՞նչ արժէք կու տանք մեր բառերուն ու ի՞նչ կ՚արժեն զանոնք ուրիշներու համար։ Մեր ամենադժուար խնդիրները չենք կրնար լուծել, եթէ ազնուօրէն չխօսինք անոնց մասին, եթէ պատրաստ չըլլանք դժուար խօսակցութիւններ վարելու եւ ընդունելու փաստերը։ Մենք պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք ցեղապաշտութեան, սեռապաշտութեան, այլասերականութեան ու հակասեմականութեան մասին, որոնք իրական ուժ են այս երկրին մէջ ու պէտք է հակազդենք անոնց»։
Հարիս կոչ ուղղած է խոստովանելու համար նաեւ այն ճշմարտութիւնը, թէ բացառութեամբ բնիկ ամերիկացիները՝ երկրի մեծամասնութիւնը սերած է ուրեմն այն մարդոցմէ, որոնք չեն ծնած ԱՄՆ-ի մէջ։
«Մեր նախնիները Ամերիկա եկած են թէ՛ յօժարակամ՝ բարեկեցիկ ապագայի յոյսով, թէ՛ հարկադրաբար՝ ստրկատար նաւով, թէ՛ յուսահատութենէ՝ փախչելով զարհուրելի անցեալէն։ Մենք չենք կրնար կառուցել տնտեսութիւն, որ պիտի ապահովէ ամերիկացի աշխատաւորներու արժանավայել բարեկեցութիւնը, եթէ նախ չըսենք ճշմարտութիւնը: Մենք մարդոցմէ կը խնդրենք աշխատիլ աւելի քիչ դրամով ու ապրիլ աւելի երկար՝ այն պարագային, երբ այդ կեանքը աւելի քիչ պաշտպանուած է՝ քան անցեալը: Աշխատավարձը չէ բարձրացած տասնամեակներէ ի վեր՝ թէեւ շեշտակի աճած են առողջապահական, կրթական ու բնակարանային վարձերը: Միջին խաւը կ՚ապրի աշխատավարձէ աշխատավարձ։ Մենք պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք՝ մեր ազատազրկման վայրերուն մէջ համատարած ճգնաժամի մասին։ Աւելի շատ մարդ կը բանտարկենք՝ քան աշխարհի որեւէ այլ երկիրը՝ առանց լուրջ պատճառի: Պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք ոստիկանութեան դաժանութեան, ցեղապաշտական կանխակալութեան, անզէն սեւամորթներու սպանութիւններու մասին: Ճշմարտութիւնը պէտք է ըսենք դեղագործական ընկերութիւններու մասին, որոնք կախուածութիւն յառաջացնող նիւթեր վաճառքի հանած են, վարկատուներու ու առեւտրային քոլէճներու մասին, որ տզրուկի պէս կպչած են խոցելի ամերիկացիներուն ու զանոնք գերբեռնած պարտքերով: Պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք ագահ, «գիշատիչներ»ուն մասին, որոնք ապակարգաւորումը, ելմտական խաղերն ու կլիմայի փոփոխութեան ժխտողականութիւնը վերածած են դաւանանքի: Եւ ես մտադիր եմ այդ բանը ընել», կ՚ընդգծէ Հարիս, որ կը մնայ ամերիկեան քաղաքականութեան թատերաբեմի յառաջատարներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան