ՀԻՒՐՄԻՒԶԸ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ…
Պատերազմի առաջին ամիսը արդէն իսկ լրացաւ։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրադարձութիւնը դարձած է աւելի բարդ, քան ինչ որ էր այս պատերազմի նախօրէին։ Բոլոր կողմերը, մեծ հաշուով, ունին անանտեսելի վնասներ, ասոր կողքին կայ տպաւորութիւն, որ հրադադարի առաջին շողին հետ, նոյն բոլոր կողմերը պատրաստ պիտի ըլլան յայտարարելու, թէ իրենք յաղթած են։ Պատերազմողներէն իւրաքանչիւրը այդ յայտարարութիւնը պիտի ընէ՝ հաշուի առնելով իր ուժեղ կողմերը եւ զանոնք դարձնելով բանակցութեանց ընթացքին կենսական միաւորի։
Կայ հիմնարար վարկած մը, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ սոյն պատեարզմը հաւանաբար չկարողանայ հասնիլ իր վախճանական նպատակներուն ու եթէ այդ գծով առաջ տանինք իրերը՝ պիտի նկատենք, թէ յատկապէս ԱՄՆ-ն ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տարբեր մօտեցումներ ունենալով պիտի փորձեն վերատեսութեան ենթարկել իրենց ակնկալիքներու կամ վերջնանպատակներու ընդհանուր բաղադրատոմսը։ Նոյնը չէ պարագան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի համար, որ իր ամբողջական ներուժը դրած է այս գործին մէջ եւ կը հաւատայ, որ Իրանի իշխանակարգի փոփոխութիւնը մտած է վճռական փուլ եւ դարձած է հիմնական գերնպատակ։
Իրանի պարագային ալ կան բոլոր հիմնարար կէտերը, որոնց վրայ յենելով աշխարհի միակ շիի հանրապետութիւնը կրնայ վերադասաւորել իր ներքին համակարգը եւ այս անգամ ալ աշխարհին ներկայանալ՝ որպէս իրողապէս անպարտելի պետութիւն մը։
Այդ անպարտելիութեան մէջ կան մի քանի ընդգծուած ելակէտեր, որոնք Իրանը կրնան դարձնել աւելի ծայրայեղական, աւելի պահանջկոտ եւ աւելի արժանահաւատ կրօնապետութիւն մը։
Իրանի մասին խօսելով՝ հարկ է հաշուի առնել այդ երկրի ներքին տինամիքները՝ այն իմաստով, որ իրանցի ժողովուրդը այս փուլին ինչքանով պատրաստ է համակերպիլ ստեղծուած իրավիճակին, ինչքանով պատրաստ է չհակազդել եւ, ի վերջոյ, ինչքանով համաձայն է, որ մեծ սխալներ գործած ու ամբողջ շրջանի անվստահութեան թիրախին մէջ մխրճուած Այեթուլլահներու վարչակարգը շարունակէ իր երթը։
Այս բոլորը, բացի կարեւոր եւ կենսական հարցադրումներ ըլլալէ, կը բանան, անշուշտ, տարածաշրջանի յառաջիկայ փուլի մեծ ուղիները, որոնք իմաստութեան գոյութեան պարագային կրնան կազմել համատեղ ապրելու, տարածաշրջանը արտաքին միջամտութիւններէ զերծ պահելու եւ իսկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մարմինը արիւնոտ սաւանէն փրկելու իրական հնարաւորութիւնները։
Ապահովաբար, բոլորովին այլ սկզբունքներու վրայ պիտի կայմուի յառաջիկայի խաղը, որուն մէջ իրանցիք, շնորհիւ իրենց դիմադրական ուժին ու քաղաքական կամքին՝ պիտի խլեն առիւծի բաժինը։
Բաց աստի, կան բազմապիսի ճանապարհներ, որպէսզի այս հակամարտութիւնը հասնի իր տրամաբանական աւարտին ու այս առումով ալ բանալի բառեր պիտի ըլլան հակամարտութեան երկարատեւութեան՝ Հիւրմիւզի նեղուցի, ինչպէս նաեւ Իրանի Խարք կղզիին ճակատագիրը։ Ասոնք, ի հարկէ, կարճաժամկէտ գործընթացներու հիմնական օճախներն են, որոնք կրնան թիւրացնել, որպէսզի ամերիկացիք զիջումներու երթան ու յօժարին դարձեալ նստիլ Իրանի հետ բանակցութեան նոյն սեղանին։
Իսրայէլի տեսանկիւնէն դիտուած՝ իրավիճակը շատ աւելի բարդ է. պարզ այն պատճառով, որ այդ երկրի վարչապետին՝ Պենիամին Նեթանյահուի համար այս պատերազմէն դուրս գալը պէտք է ըլլայ՝ միայն ունենալով վախճանական նպատակներու իրականացում։ Այդ կը նշանակէ Իրանի վարչակարգի ամբողջական փլուզում, որ այս փուլին առնուազն երեւելի բան մը չէ տեսանելի հորիզոնին վրայ։ Ու այդ պատճառով ալ, եթէ Նեթանյահու չկարողանայ իր հիմնական մուրազին հասնիլ, այդ կը նշանակէ, որ ան պիտի ապրի բաւական բարդ ներքին փորձառութիւններ եւ լարումներ։
Մինչ այդ, ԱՄՆ-ի պարագային ձեւաչափը նոյնը չէ, սակայն, Տանըլտ Թրամփի վարչակարգը եւս կրնայ ապրիլ դժուար ելքով փորձառութիւններ, միակ տարբերութեամբ, որ ի հեճուկս Իսրայէլի իրավիճակին, ԱՄՆ-ի պարագային կան անվտանգային եւ օրէնսդրական այնպիսի «բարձիկ»ներ, որոնց շնորհիւ հնարաւոր կ՚ըլլայ առանց մեծ ցնցումներու դուրս գալ այս բոլորէն։
ԱՄՆ «ՇՓՈԹԱՀԱ՞Ր»
ԱՄՆ «շփոթահա՞ր» է, իսկ Թրամփ շփոթահար չէ՞։ Ան նախ խօսեցաւ ժամական պայմանաժամի մը մասին, ապա այդ պայմանաժամը երկարեց ու վերածեց հինգ օրուան սպասման։ Միւս կողմէ, տարբեր աղբիւրներ սկսան խօսիլ հաւանական բանակցութեանց մասին, որ պիտի կայացուին Իսլամապատի մէջ։
Վերջնական չեն այդ լուրերը՝ մանաւանդ, որ Իրան կը շարունակէ հերքել, թէ իրենք բանակցութիւններ կը վարեն (նոյնիսկ անուղղակի բանակցութիւններ) ԱՄՆ-ի հետ։ Այս բոլորին առընթեր, ամենէն աւելի շփոթահար վիճակի մը մէջ է նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Անոր խօսոյթը կը շարունակուի մեծ տատանումներով եւ հարցման նշաններով։ Մինչ ան օրեր առաջ կը յայտարարէր, որ իրենք (Ամերիկան) յաղթած է Իրանին ու ա՛լ թիրախներ չկան կրակի արժանի, այսօր ան մանուածապատ յայտարարութիւններ կ՚ընէ՝ ըսելով, որ այս պատերազմը պէտք է արագօրէն դադրի։
Միւս կողմէ, ամերիկեան լրատուական աղբիւրներ լուրեր կը տարածեն այն մասին, թէ ԱՄՆ-ի համար այս փուլին շատ կարեւոր է ունենալ ցամաքային միջամտութիւն։ Եւ այդ միջամտութիւնը շատ հաւանաբար կը կապուի Իրանի Խարք կղզիին հետ, որուն գրաւումով ԱՄՆ-ի համար շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ բռնի ուժով վերաբանալ Հիւրմիւզի ջրանցքը ու այդպիսով ապահովել նաւթատար նաւերու անվտանգ երթեւեկը։
Մէկ ամսուան պայքարէ ետք, այսօր ԱՄՆ (նաեւ սխալ հաշուարկներու պատճառով) ծայր աստիճան փոքրացուցած է իր պատերազմի տեսլականը։ Մեծ բառերով եւ նշաձողերով ընթացք առած պատերազմը այլեւս, եւ ըստ երեւոյթին, մարդկային ազատութիւնները չեն, Իրանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումը չէ, ո՛չ ալ մարդկային կեանքեր փրկելու տեսլականը։ Գերնպատակը ԱՄՆ-ի համար պարզապէս Հիւրմիւզի ջրանցքի վերաբացումն է ու այդ բոլորի ետին տնտեսական շահն ու նաւթի հանդէպ ԱՄՆ-ի ունեցած մեծ կարիքն ու ծարաւը։ Գաղափարական առումով, ուրեմն, եթէ իրերը փորձենք իրենց անունով կոչել, ապա անպայման պիտի համոզուինք, որ այս փուլին ԱՄՆ տեղի տուած է եւ անոր այս պատերազմը մղելու բոլոր «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց»ները սպառած են։
Իրանի մասին վաղ է խօսիլ կա՛մ անոր սխալները խոշորացոյցով մատնացոյց ընել, որովհետեւ Իրանը չէր, որ այս պատերազմին մեկնարկը տուաւ կամ յարձակում գործեց իր հարեւան երկիրներուն վրայ։ Այս խաղին մէջ, խաղի թելադրականութեան մէջ առիւծի տեղ ունեցողը ԱՄՆ-ն է ու անոր գործած սխալները մեծապէս կը նուազեցնեն այդ գերտէրութեան վարկն ու արժանահաւատութիւնը։
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՄՆ-ի Հանրապետական քոնկրէսական Նենսի Մէյս յստակ կարմիր գիծ գծեց՝ յայտնելով, որ Իրանի մասին փակ տեղեկատուական նիստէ մը ետք, ինք պիտի չաջակցի ցամաքային զօրքերու ներգրաւման։ Անոր այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ գտաւ, մինչ ուրիշ հանրապետականներ եւս զգուշութիւն արտայայտեցին նման քայլի նկատմամբ։
Վիճակագրական տուեալները կը հաստատեն հանրային մտահոգութիւնը։ «Reuters-Ipsos»ի հարցախոյզին համաձայն՝ ամերիկացիներու 65 տոկոսը կը կարծէ, որ մեծածաւալ ցամաքային գործողութիւն մը Իրանի մէջ առնուազն որոշ չափով հաւանական է։ Միեւնոյն ժամանակ, միայն 7 տոկոսը կը պաշտպանէ նման բանակային լայնածաւալ տեղակայումը, մինչ 34 տոկոսը կը համաձայնի սահմանափակ, յատուկ ուժերու գործողութիւններուն։
Աւելի լայն պատկերով՝ ամերիկացիներու մօտաւորապէս վեցէն չորսը կը կարծէ, թէ Իրանի դէմ վերջին գործողութիւնները չափազանց հեռու գացած են։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 26 տոկոսը զանոնք կը նկատէ «ճիշդ»։ Նոյն ուղղութեամբ, «Pew Research Center»ի հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնը դէմ է Իրանի հարցով նախագահ Թրամփի վարած քաղաքականութիւնը։ Յատկանշական է նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան ներքին բաժանումը, ուր երիտասարդները աւելի քիչ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն՝ քան տարեցները։
Միեւնոյն ժամանակ, Սպիտակ տունը կը շարունակէ շեշտել, որ որոշումները չեն հիմնաւորուիր հանրային կարծիքին վրայ, այլ՝ «ամերիկացի ժողովուրդի շահերուն»։ Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, թէ այս պահուն ցամաքային զօրքեր ուղարկելու ծրագիր չկայ, սակայն, նախագահը չի բացառեր այդ տարբերակը, եթէ անհրաժեշտ նկատուի։
Ինչպէս վերնշուեցաւ, այս բոլորին առընթեր, այսօր ամերիկացիներուն համար (կամ առնուազն վարչակազմին համար) առանցքային կը շարունակէ մնալ Հիւրմիւզի ջրանցքին կենսախնդիրը, նաեւ այդ առումով որոշ կարգադրութիւններ կատարելու կենսականութիւնը։
Ըստ Սպիտակ տան բանբերի մը, բանակցութիւնները Իրանի հետ կը շարունակուին արդիւնաւէտ ձեւով, սակայն, միաժամանակ կը հնչեն խիստ սպառնալիքներ, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է կտրուկ քայլերու, եթէ Թեհրան չընդունի իր պայմանները։
Այս բոլորին մէջ յստակ է մէկ բան․ թէեւ դիւանագիտութիւնը տակաւին սեղանին վրայ է, պատերազմական սրման վտանգը կը շարունակէ մնալ իրական եւ շատ մօտ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան