ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ԽԱՂ
Շենժէնի մէջ կազմակերպուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան-Ռուսաստան գագաթնաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Վերլուծաբանները համոզուած են, թէ Փեքին դիմած է երկարաժամկէտ խաղի ընտրանքին՝ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն գծով։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հանդիպումը անանտեսելի էր։ ԱՄՆ-ի դէմ Չինաստանի տնտեսական հակաքայլերը կը բացայայտեն ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն մը։ Փեքին այլեւս իր ռազմավարութիւնը չի սահմանափակեր Ուաշինկթընի ներկայ վարչակազմին հետ համաձայնութիւններու ձեռքբերումով։ Ան կը փորձէ հաստատել այնպիսի իրողութիւններ, որոնցմէ յաջորդ ամերիկեան վարչակազմերն ալ դժուար թէ կարենան հրաժարիլ։
Շի Ծինփինկի կողմէ Տանըլտ Թրամփի համար Շենժէնի մէջ ցուցաբերուած բարձր մակարդակի ընդունելութիւնը պարզ դիւանագիտական արարողակարգի մը սահմաններէն անդին կ՚անցնի։ Չինաստանի նախագահը օդակայանի մէջ անձամբ դիմաւորեց ԱՄՆ-ի իր պաշտօնակիցը։ Ըստ չինական պաշտօնական աղբիւրներու՝ այս քայլը նաեւ փոխադարձութեան արտայայտութիւն մըն էր՝ նկատի ունենալով Թրամփի կողմէ նախապէս ցուցաբերուած ընդունելութիւնը։
Երկու նախագահները 2026-ի ընթացքին արդէն երրորդ անգամ հանդիպեցան՝ այս անգամ Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս։ Անոնց միացաւ նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Սա երեք տէրութիւններու ղեկավարներուն առաջին եռակողմանի հանդիպումն էր։
Այս հանդիպման նշանակութիւնը միայն երեք նախագահներուն մէկտեղլուիլը չէր։ Անոր ետին կար աւելի խորքային հարց մը. արդեօք Չինաստան յաջողա՞ծ է ստեղծել այնպիսի տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններ, որոնք պիտի շարունակեն գործել նաեւ Թրամփի պաշտօնավարութեան աւարտի ժամկէտէն ետք։ Փեքինի հաշիւը կարծես յստակ է։ Թրամփի նախագահութիւնը ժամանակաւոր է՝ մինչդեռ Չինաստանի տնտեսական եւ ռազմավարական ծրագրերը երկարաժամկէտ են։ Հետեւաբար, Չինաստանի համար կարեւոր չէ միայն ԱՄՆ-ի ներկայ նախագահին հետ համաձայնութեան հասնիլը, այլեւ հաստատելը այնպիսի ուժային հաւասարակշռութիւն մը, որուն հետ հաշուի նստելու պարտաւոր պիտի ըլլայ Սպիտակ տան ապագայ որեւէ վարչախումբ։ Այս մօտեցումը լաւագոյնս կը բացատրուի վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ ծաւալուած առեւտրական պատերազմով։
Թրամփ 2025-ի փետրուարին չինական ապրանքներու համար նոր մաքսատուրքեր սահմանեց, իսկ ապրիլի 2-ին յայտարարեց յաւելեալ մաքսատուրքերու լայն դրութիւն մը, զոր անուանեց «Ազատագրութեան օր»։ Չինաստան հակազդեց համապատասխան տնտեսական միջոցներով եւ, ի վերջոյ, գործի դրաւ իր ամենակարեւոր լծակներէն մէկը՝ հազուագիւտ հողային տարրերու արտածման վերահսկողութիւնը։ Ապրիլ 2025-ին, Փեքին սահմանափակումներ հաստատեց եօթ հազուագիւտ հողային տարրերու եւ անոնցմէ պատրաստուած որոշ մագնիսներու արտածման պարագային։ Այս նիւթերը կարեւոր են արդի արդիւնաբերութեան, ռազմական սարքաւորումներու, ելեկտրական ինքնաշարժներու եւ բարձր արհեստագիտութեան արտադրութեան տեսակէտէ։
Չինաստանի այս քայլը ցոյց տուաւ, որ տնտեսական կախուածութիւնը կրնայ վերածուիլ աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան հզօր միջոցի։ Երբ ամերիկեան, եւրոպական ու ասիական արդիւնաբերական ընկերութիւնները դժուարութիւններու մատնուեցան անհրաժեշտ նիւթերու մատակարարման հարցին մէջ, ապա Ուաշինկթըն պարտաւորուեցաւ վերանայելու՝ իր առաւելագոյն ճնշումի քաղաքականութիւնը։
2025-ի հոկտեմբերի 30-ին, Պուսանի մէջ տեղի ունեցած Տանըլտ Թրամփ-Շի Ծինփինկ հանդիպումը հիմք դրաւ առեւտրական հրադադարի։ Կողմերը համաձայնեցան նուազեցնել որոշ մաքսատուրքեր եւ ժամանակաւորապէս յետաձգել հազուագիւտ հողային տարրերու արտածման նոր սահմանափակումները։ Ուաշինկթընի այս նահանջը Փեքինի համար կարեւոր դաս մըն էր։ Չինաստան փաստեց, որ ինք եւս ունի միջոցներ՝ ԱՄՆ-ի տնտեսական քաղաքականութեան հակազդելու եւ անոր որոշումները պայմանաւորելու համար։
Այս առումով հետաքրքրական է «The New York Times»ի սիւնակագիր Թոմաս Ֆրիտմընի համեմատութիւնը, թէ Չինաստանի հազուագիւտ հողային տարրերու ռազմավարական նշանակութիւնը կը նմանցնէ Իրանի ձեռքին գտնուող Հիւրմիւզի ջրանցքին։ Երկու պարագաներուն ալ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեամբ ազդակ մը կը վերածուի ճնշում բանեցնելու միջոցի։ Սակայն, առեւտրական հրադադարը չի նշանակեր, որ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւն հաստատուած է։ Ընդհակառակն՝ տարակարծութիւնները կը խորանան՝ յատկապէս կիսահաղորդիչներու, արհեստական բանականութեան եւ Թայուանի հարցերուն շուրջ։
Այս հակասութիւնը յստակ դարձաւ նաեւ «Նվիտիա» ընկերութեան ղեկավար Ճենսըն Հուանկի շուրջ ծաւալած իրադարձութիւններուն ընթացքին։ Ան նոյեմբերի 12-ին հրաժարեցաւ յիշեալ ընկերութեան պաշտօնէն՝ Չինաստանի հետ կապերու եւ լրտեսութեան կասկածներու շուրջ հրապարակուած տեղեկութիւններուն յաջորդած ճնշումներու պայմաններուն ներքեւ։ Սակայն, նոյեմբերի 23-ին ան վերանշանակուեցաւ իր պաշտօնին։ Միաժամանակ, ամերիկեան իշխանութիւններու քննութիւններն ու Քոնկրէսի հետաքրքրութիւնը կը շարունակուին։ Այս դէպքը ցոյց կու տայ, որ ինչքան բարդ է ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը։ ԱՄՆ մէկ կողմէ կ՚ուզէ պահպանել իր արհեստագիտական գերակայութիւնը, իսկ միւս կողմէ չի կրնար անտեսել համաշխարհային շուկայի եւ ամերիկեան ընկերութիւններու տնտեսական շահերը։
Թայուանի հարցը եւս կը մնայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ամենազգայուն կէտերէն մէկը։ Թրամփի վարչակազմին կողմէ Թայպէյին նախատեսուած զէնքի վաճառքի որոշ համաձայնութիւններու յետաձգումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն մօտ։ Հաւանական է, որ նորընտիր Քոնկրէսը այս հարցին շուրջ աւելի մեծ ճնշում բանեցնէ վարչակազմին վրայ։
Նոր Քոնկրէսին մասին խօսելով՝ պէտք է յիշեցնել, որ նոյեմբերի 3-ի մասնակի ընտրութիւններուն Դեմոկրատ կուսակցութիւնը յաջողեցաւ մեծամասնութիւն ապահովել թէ՛ Ներկայացուցիչներու տան եւ թէ Ծերակոյտին մէջ։ Նոր կազմը պաշտօնապէս աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ 3 յունուար 2027 թուականին։
Այս կացութիւնը կրնայ սահմանափակել Թրամփի քաղաքական ներքին հնարաւորութիւնները եւ արտաքին քաղաքականութեան շուրջ Քոնկրէսի վերահսկողութիւնը կրնայ աւելի ուժեղացնել։ Յամենայնդէպս, Չինաստանի դէմ կոշտ դիրքորոշումը միայն Հանրապետական կուսակցութեան մենաշնորհը չէ։ Ամերիկեան երկու հիմնական կուսակցութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունի ռազմավարական համաձայնութիւն մը՝ Չինաստանի աճող ազդեցութիւնը հակակշռելու անհրաժեշտութեան շուրջ։
Շենժէնի գագաթնաժողովը այս ամբողջ հակասութիւններու լոյսին տակ պէտք է դիտարկել։ Նոյեմբերի 19-ին, երեք նախագահները հրապարակեցին համատեղ խաղաղութեան յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձան ՄԱԿ-ի բարեփոխման, ուժանիւթի կայուն մատակարարման, պետական պաշտօնատարներու անձեռնմխելիութեան եւ միջուկային վտանգներու նուազեցման հարցերուն։ Անոնք վերահաստատեցին նաեւ, որ միջուկային պատերազմը յաղթող պիտի չունենայ եւ պէտք չէ սանձազերծուի։ Սակայն, յայտարարութիւնը չանդրադարձաւ ո՛չ Ուքրայնոյ, ո՛չ ալ Իրանի պատերազմներուն։ Հետեւաբար, հանդիպումը աւելի շատ քաղաքական ազդանշան մըն էր՝ քան միջազգային ճգնաժամերու լուծման գործնական համաձայնութիւն մը։
Շի Ծինփինկի համար այս հանդիպումը կարեւոր էր նաեւ այն պատճառով, որ Չինաստան ներկայացաւ՝ իբրեւ միջազգային քաղաքականութեան առանցքային դերակատար մը, որ կրնայ նոյն սեղանին շուրջ համախմբել աշխարհի երկու այլ մեծագոյն ուժերու ղեկավարները։ Այստեղ կը բիւրեղանայ Փեքինի երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը։ Չինաստան չի ձգտիր միայն առեւտրական պատերազմի ընթացքին զիջումներ ձեռք բերելու։ Ան կը փորձէ հաստատել նոր միջազգային իրականութիւն մը, ուր ԱՄՆ պիտի ստիպուի զինք նկատել հաւասարազօր ռազմավարական մրցակից մը։ Անշուշտ, սա չի նշանակեր, որ Չինաստան արդէն հասած է ԱՄՆ-ի գերակայութիւնը փոխարինելու դիրքին։ ԱՄՆ տակաւին ունի հսկայական տնտեսական, ռազմական եւ արհեստագիտական կարողութիւններ, սակայն, ան այլեւս չի կրնար անտեսել Չինաստանի հակազդեցութեան լծակները։
Ի վերջոյ, ներկայ մրցակցութիւնը միայն Տանըլտ Թրամփի եւ Շի Ծինփինկի անձնական յարաբերութիւններուն մասին չէ։ Այստեղ կայ երկու տարբեր ռազմավարութիւններու բախումը։ Մէկը կը փորձէ պահպանել գերակայութիւնը, իսկ միւսը կը ձգտի վերաձեւաւորել միջազգային ուժային հաւասարակշռութիւն մը։ Փեքին կը հասկնայ, որ նախագահներ կու գան ու կ՚երթան, վարչակազմեր կը փոխուին, ընտրութիւններ կը վերադասաւորեն քաղաքական ուժերը, սակայն, տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները կրնան շատ աւելի երկար կեանք ունենալ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Շի Ծինփինկի կողմէ Տանըլտ Թրամփի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները վերջնաժամկէտ չեն։ Անոնք երկար խաղի մը մէկ հանգրուանն են։ Իսկ այդ խաղին մէջ գլխաւոր հարցը այլեւս այն չէ, թէ ո՛վ պիտի յաղթէ առանձին բանակցութեան մը ընթացքին, այլ՝ ո՛վ պիտի կարենայ ձեւաւորել յառաջիկայ տասնամեակներու աշխարհակարգը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան