ՏԻԵԶԵՐՔ ՏԵՍ ՈՒ ԼՍԷ ԱՆՁԸ ՄԵՐ (Բ.)
Փառքագործումն ու յաւերժական սպառումը ապրման։ Ապրումը ապրիլին հետ ու ապրելու ապրումը, հոն ենք մենք:
Երբ կ՚ապրինք տիեզերականացման հմտութիւնն ու կատարեալ զգայնութիւնները շահելու ու բաժնելու համար, արդէն իսկ կը միանանք ժամանակով, տարածքով դիտուած-վերլուծուած ու թափանցուած ըլլալու մեծ փափաքով ու տարրագործմամբ: Տիեզերքը հոն է, երբ մենք մինակ ենք անչափ, անհուն ու ամենակարող ըլլալու տենդագործմամբ:
Մեր ըրած ու չըրած ամէն ինչին մէջ կայ փառքակերտում մը, որ տիեզերականացման շնչառութիւն կ՚արարէ մեզի հետ ու մեզի համար: Դժուար է մեր ամենօրեայ քայլելն ու ծրագիրները դասաւորել՝ ըստ այդ կշռոյթին, բայց եւ այնպէս, անզգալաբար մենք մեր ամէն ինչով փառքակերտող ենք:
Անցայ նոյն տեղերէն այսօր․ հաւանաբար, հարիւր կամ հազարերորդ անգամ փորձելով գծել փառքի մարմինը եւ կերտել անոր անշօշափելի ոգին: Փողոցը-քաղաքը հա՞րթ էին, անասելի, եղանակը հաճելի՞ էր կամ ոչ չհասկցայ, մարդիկ եսացա՞ծ էին կամ գերհաւաքագամուած, կրկին չհասկցայ։ Յաճախ ապարդիւն են եզրակացութիւնները, ինչ որ անխախտ է ու ճշմարտացածօրէն քաղցր, այն է, որ փառք կայ այս քայլքին ու մղման, այս տեսքին ու խաղին, այս ընկերաբանութեան մաքրազտման ու այս յանգեցման մէջ:
Մեր տիեզերական փառքը պիտի ըլլայ, ի հեճուկս այս կեանքի սահմանափակման ու այս ՏՆԱ-ի վերիվայրումներուն ու ծագումնաբանութեան դիտաւորեալ չընկալման: Եւ այս փառքագործման հետ ու միջոցաւ կը սլանայ ու կը փափաքուի զուարճացումը. զուարճացում մը, որ ունի հաւաքական բարդոյթաւորում մըն ալ՝ ըլլալու համայնական ու տարածուած, սակայն, այդ անհնարինութեան դիմաց կայ զուարճացում ու զուարճանք մը, որ մէկը միւսէն կախեալ է, ուր մարդկային եսը կը ծլի իբրեւ մաս, որ անկար է մարդկութեան անխուսափելի եսականութիւնը զուարճացնելու մենքով, հաւաքականով ու ամբողջով մը:
Այսօր նորէն ուրախացուցի եսս՝ ուտելիքով, հագուստով ու կողմնակի ուրիշ բաներով… Թէեւ վստահ եմ, մարդկութեան մեծամասնութիւնը ուրախ չէ այս պահուս (չըսելու համար տխուր է), պարզ այն պատճառով, որ ամէն տեղ ու տեւաբար կան զանազան աղէտներ, ահռելի հոգեր ու մաքառումներ: Ու նոյն եսի ու մենքի փառքագործման հետ կեանքի պատմութիւնը իւրաքանչիւր ապրող ու մահացած մարդ արարածի հետ կը թեւածէ՝ իբրեւ տանջող, բուժող, ներշնչող ու արարուող պատում՝ մեզ ներկելով, պարուրելով, գգուելով ու մարդկայնացնելով մեր ջանքերը բարեգործող:
Յաւերժական այդ անհատը իր ամէն ինչով, իր ժամագործմամբ, իր հաւաքախախտմամբ ու հաւաքակերտմամբ, իր զոհաբերմամբ ու փրկարարութեամբ, իր երազներով ու ապրուած-չապրուածութեամբ, իր տիրակալութեամբ ու հալումով:
Կա՞յ եսի բացարձակ գործադրոյթ եւ առաքելութիւն։ Պիտի որ ըլլայ ամէն ժամանակներու ու գոյատեսակաւորման հետ եսին բացարձակ գործադրոյթն ու առաքելութիւնը, եսը այդ անսպասելին ու գերսպասուածը, այդ մէն ու միակը ամէն ինչին չամբողջացուած ու վեհ: Չէ՞ որ այս ջանքն ու փառքագործումը հոն կը տանի՝ ինչքան ալ սիզիփոսեան է այդ ու ինչքան ալ անյոյս են բացարձակութիւններն ու առաքելութիւնները:
Կայ բաղադրանք մը, որ ինքզինք աւելի չի կրնար լքել, փլուզել ու տառապեցնել, ինչքան կայ եսով ու եսերով, անհատով ու անհատականացումով:
Երկարօրէն դիտեցի տուն մը, որ ինծի լքուած թուեցաւ, յետոյ լոյս մը վառեցաւ ու եկաւ եսի վերափոխումներուն ամենակալումը: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլար, եթէ ես ըլլայի այդ եսը, այդ ապրեցուած կեանքը, զոր իմս չէ, այդ բացարձակացուող ապրումային յաւերժական դառնալու փորձով շանթահարումը:
Ես հոն եմ նաեւ այդ պատումի ըմբոշխմամբ, բայց ես չկամ, հիմակուայ եսս չկայ, ո՛չ ալ կերպարանափոխուած եմ:
Ես կ՚ուզեմ վերաեսականացում մը, որ ամենածծող է, բայց հաւաքական չէ, որ ապրող է զգայնութեան պոկումով ու սնանմամբ մը եւ որ հոսող է, բայց կանգուն, առաւելական է, բայց ներառնող:
Ապրիլը ըստ ուրիշի եւ ուրիշով եւ ակնոցային։ Ամէն վայրկեան մէկը կը մեռնի աշխարհի մէջ, իսկ մարդիկ կ՚ամոքեն զիրար, որ մենք ողջ ենք ու սգակից ենք իրենց։
Անոնք մեր մէջ թող ապրին յաւերժ:
Մեր մէջ ամենամեծ ներկայութիւնը Աստուածն է ու աստուածացածը հակամահով (ո՛չ թէ յաւերժութեամբ): Քրիստոսը, Մուհամմէտը եւ Պուտտան ամենաողջն են, քանի խոստացած են հաւաքական ոգի, հաւաքական փրկում ու եսի մեծագոյն մխիթարանք գոյով մը, որ տակաւին ես է ու անհատականացած:
Մենք մէկ ենք ու միասին, ինչքան ալ զատուինք ու ըլլանք միլիառներ ու կեանքեր… սակայն, մեր մէկութիւնը չի գար, չի ժամաներ ինչքան ալ միասին յիշենք Քրիստոսը, Մուհամմէտն ու Քոնֆիչիուսը․․․:
Այժմ ներշնչուած եմ ու կրնամ բնութիւն երգել, բնութիւն ստեղծել ու ըլլալ այն երազուած ու երազացած ԵՍը (չըսելու համար հակաեսը): Բայց եւ այնպէս, ի՞նչ կրնամ ընել իմ այս խորքս, այս խորքայնութիւնս եսական:
Եւ այս վայկեանին դեռ կը շարունակեն մեռնիլ մարդիկ, առանց մեր միջեւ ըլլալու մենքը, ալ ամէնը ինքն իր պէս, մինչեւ հասնի երկվայկեանը մեր՝ եսազտման ու եսակերտման:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան