ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
1. Ի՞նչ ըսել է ապաշխարութիւն եւ ո՞վ տնօրինած է զայն: Ի՞նչ է ապաշխարութեան միջոցը: 2. Խորհուրդ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է: 3. Քանի՞ տեսակ ներողութիւն կայ: Ո՞րն է կատարեալը եւ ո՞րն է՝ անկատարը: Ո՞րն է մասնաւորը: Որո՞նք իշխանութիւն ունին ներելու: 4. Քանի՞ տեսակ են մեղքերը: Քանի՞ տեսակ է ներգործականը: Ո՞րն է ներելին եւ ո՞րն է մահացուն. ասոնք կը փոխուի՞ն: 5. Ի՞նչ ըսել է յոյսով մեղանչել: 6. Մեղքերը ի՞նչ բանի կը նմանցնէ: 7. Ինչէ՞ն յայտնի է ապաշխարութեան խորհուրդ մը ըլլալը եւ ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել: 8. Աստուծո՞յ պէտք է խոստովանինք, թէ՞ մարդոց. աշխարհականի՞ մը, թէ՞ եկեղեցւոյ:
1. Ապաշխարութիւն, ապա-աշխարել, այսինքն՝ ետքը լալ, որ միւս խորհուրդներուն պէս Հօր Աստուծմէ տնօրինուեցաւ, Քրիստոսով եւ առաքեալներուն միջոցով վաւերացուեցաւ. ասիկա Աստուածապաշտներուն մէջ ընդհանրացած է: Իւրաքանչիւր մարդ կը վկայէ, որ մեղանչողին «մեղայ» գոչել պէտք է, իսկ անոր ներուելուն համար եղած միջոցին մասին տարակուսութիւններ շատ են եւ կամ «ապաշխարութիւնը խորհուրդ չէ» ըսողներ ալ կան, բայց «Աստուած այս ինչ բանը առանց միջոցի ըրաւ» չեն կրնար ըսել. ատոր համար ապաշխարութեան միջոցն ալ խոստովանանքն է:
2. Գործողութեան մը Աստուածային խորհուրդ ըլլալու համար առաջին յատկութիւնը՝ մարդկային ազգին յաւիտենական փրկութեան համար Աստուծմէ տնօրինուած ըլլալն է: Բ. Քրիստոսվ վաւերացած եւ շնորհական օրինաց հետ յարաբերութիւն ունենալն է: Գ. Ներքինը գաղափարելու յարմարութիւն ունեցող արտաքին գործողութիւնն է: Ապաշխարելը պարտք է. ատոր միջոցին խոստովանանք ըլլալը Հօր Աստուծմէն տնօրինուած է դրախտէն՝ «ո՞ւր ես, Ադամ» կանչելով. չի՞ գիտեր անոր ուր ըլլալը, բայց յանցանքը խոստովանիլ կը պահանջէր: Մարդոց յանցանքը մարդոցմէ ներուելով շատ վէճեր ու դատեր հանդարտելով փոփոխութեան ենթարկուիլը բնական է. հետեւաբար, մարդը մարդուն յանցանքը ներելու յարմարութիւն ունի, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերն է1: Չտեսած Աստուածդ սիրելուն ապացոյցը տեսած ընկերդ սիրելն է (Ա. Յհ 4.20). չտեսած Աստուծոյդ խոստովանելու ապացոյցը՝ տեսած մարդուդ խոստովանիլդ է, որ Քրիստոս ալ վաւերացուցած է, ըսելով. «Որու որ ներէք՝ ներուած է» (Յհ 20.23). հետեւաբար, ապաշխարանքը Աստուածային խորհուրդ մըն է:
3. Եկեղեցւոյ իշխանութենէն եւ առաքեալներու գործողութենէն երեք տեսակի ներողութիւն կ՚իմանանք, այն է՝ կատարեալ, անկատար եւ մասնաւոր, որոնցմով կը ներէ եկեղեցին իբր Աստուծոյ տան տնտես, այնպէս որ, յանցաւոր մը տան տիրոջ, այսինքն՝ Աստուծոյ պարտական է, ո՛չ թէ տնտեսին: Եկեղեցին տնտես մըն է եւ ո՛չ թէ բռնաւոր մը. տնտես մը իր տիրոջ ներողամտութեան վստահելով պիտի ներէ պարտապաններուն, ո՛չ թէ իր անկէ առած իշխանութեան վստահելով, որովհետեւ միայն տեսուչ մըն է Աստուծոյ տան վրայ (Եզ 3.17, 21): Կատարեալ ներողութիւնը՝ կատարեալ զղջում ընողները կ՚առնեն Աստուծմէ՝ եկեղեցականներուն միջոցով եւ այս ներողութիւնը հասարակ է կաթողիկոսէն մինչեւ քահանային, ինչպէս է կամաւորաբար խոստովանողներուն համար տրուած ապաշխարանքը եւ արձակման ողորմեսցին «խոստովան եղերուք միմեանց զմեղս ձեր» (Յկ 5.16): Անկատար ներողութիւնը թերութեան մէջ ինկող եւ չխոստովանածները կ՚առնեն՝ ժամանակի մը համար ապաշխարութեան ենթարկուելով, ինչպէս է Պօղոսի դրած ապաշխարանքը այն կորնթացիին, որ իր հօր կնոջ հետ կենակցած էր (Ա. Կր 5.1). եւ ասիկա ալ դարձեալ հասարակ է եկեղեցիին, եպիսկոպոսներուն եւ առաջնորդներուն հրամանին եւ իշխանական քննութեան տակ, ինչպէս է Պօղոսին Տիմոթէոսին գրածը. «Երէցներուն համար եղած ամբաստանութիւնը առանց չկայի չընդունիս» (Ա. Տմ 5.19): Առաջնորդներ այդպիսները քննելէ ետք, եթէ եկեղեցական է՝ փիլոնազուրկ կ՚ընեն, կամ որոշ ժամանակ մը այս ինչ վանքը կամ ատեանէն դուրս ելլել՝ ժողովուրդին մէջ կանգնիլ կը հրամայեն. եթէ աշխարհական է՝ եկեղեցւոյ խորհուրդներէն կը զրկեն, որ անկատար ներողութիւն կամ անկատար պատիժ ըսել եղաւ:
Մասնաւոր ներողութիւնը կամ պատիժը, եկեղեցւոյ գլուխ եղողներուն կը վերաբերի տալ, քանի որ եկեղեցին իր աստիճանը ունի. այնպէս որ հաւատքի դէմ մեղանչելով ապաշխարանաց ենթարկուած անառակը եւ կամ փիլոնը առնուած եկեղեցականը եթէ իրենց յանցանքը կը շարունակեն, ապաշխարանքին չհնազանդելով, մասնաւոր պատիժի եւ նզովքի կ՚արժանանան եկեղեցւոյ գլուխը գտնուողներէն, նոյնիսկ եթէ կաթողիկոս ըլլայ կամ պատրիարք կամ անոնց ժողովը ըլլայ, այսինքն՝ եկեղեցին. այսպէս է նաեւ Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին գրածը, թէ՝ «սատանային թող մատնեն զայն» (տե՛ս Ա. Տմ 1.20, 6.21) եւ կամ երեք Տիեզերական ժողովներուն մէջ կարդացուած նզովքները:
(Տէրտուղիանոս առաքեալներուն ժամանակին աւելի մօտ էր, «ամէն մեղքերու խոստովանանքով թողութիւն չ՚ըլլար, այլ՝ թողութիւնը Աստուծմէ է» ըսելէն ետք, դարձեալ կը դառնայ, թէ՝ «խոստովանութեան ու ապաշխարութեան կարեւորութիւնը մենք ալ գիտենք» Յաղագս Համեստութեան Ա. եւ Թ. գլուխներ)։ Երրորդ դարու վարդապետներէն՝ Մելիտոս եպիսկոպոսն ալ Տէրտուղիանոսի գաղափարին նման գաղափար մը ունի, սակայն, ոմանք Տէրտուղիանոսը ինչքան ալ գոցեն՝ «թողութիւնը Աստուծմէ է» ըսելուն համար սխալած ու աղտոտած կը սեպեն (Իլմի Իլահի ՅՂԱ.):
«Քրիստոս Իր եկեղեցիին իշխանութիւն տուած է, որու մեղքը որ ներէ՝ պիտի ներուի անշուշտ» ըսելով գաղափար յայտնելն ալ ինքզինք խաբել է, գործուելէն ետք զղջում բերուած մեղքը կը ներուի եկեղեցիին ձեռքով, բայց գործուելէն առաջ «Քրիստոս Իր եկեղեցիին իշխանութիւն տուած է, կը մեղանչեմ ու կը խոստովանիմ» ըսելով գործուած մեղքը առ հասարակ մահացու է. Տէրտուղիանոս այս յոյսով մեղանչելուն համար կ՚ըսէ, թէ «ամէն մեղքերու խոստովանանքով թողութիւն չ՚ըլլար»:
4. Մեղքերը սկզբնական ու ներգործական են, սկզբնականը մկրտութեամբ կ՚երթայ, իսկ ներգործականը՝ դարձեալ երկու կերպ է, մահացու եւ ներելի (Ա. Յհ 5.16):
Մեղք մը մի քանի պատճառներով մահկանացու կ՚ըլլայ. Ա. Բոլոր յոյսով գործուած մեղքերը մահու չափ են առ հասարակ2, որ ով յոյսով կը մեղանչէ՝ անյոյս պիտի կորնչի, որովհետեւ «Աստուծմէ երկիւղ չկայ» ըսել է: Բ. Ամենէն փոքր մեղքը մահու չափ կը ծանրանայ մարդուն վրայ՝ յուսահատութեամբ չխոստովանելով: Գ. Գիտնալով գործուած՝ հպարտութիւն, նախանձ, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ բղջախոհութիւն իրենց մասերովը մահացու են: Դ. Ամենէն գլխաւորը Ս. Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնն է, այսինքն՝ Աստուածային կարողութիւնը անկարող սեպել, ճշմարիտ հաւատքը ուրանալ, անապաշխար մեռնիլ, ինչպէս որ Յուդան՝ կորուստի որդին օրինակ ունինք, քանի որ Ս. Հոգին կարող էր զինք մաքրել, անոր կարողութեան վրայ յուսահատելով՝ ինքզինք կախեց, իսկ Աստուծոյ Որդիին դէմ եղած մեղքերն ու հայհոյանքները ներուեցան:
Պետրոսն ալ ուրացաւ, բայց լալով ներուեցաւ. Քրիստոս զԻնք խաչողներուն ու Իրեն հայհոյողներուն համար ներում խնդրեց: Պօղոս հալածանքներու մէջէն «անօթ ընտրութեան» կոչուեցաւ: Ասոնք եւ ասոնց նման հազարաւորներ Որդիին դէմ հայհոյութիւններ ու մեղքեր էին, բայց ներուեցան, իսկ անհաւատութեամբ եւ յուսահատութեամբ մեղքերուն շարունակութիւնները թոյլ չեն տար, որ մարդ Ս. Հոգիէն դարձեալ ծնի. անկէ չծնիլն ալ ձեւով մը զԱյն հայհոյելով մեղքի մէջ մեռնիլ է. ուստի, պիտի չներուի, ո՛չ այս աշխարհի եւ ո՛չ ալ հանդերձեալին մէջ (Մտ 12.32):
5. Յոյսով մեղանչողին վրայ եօթ դեւ ունեցողին առակը կը հասնի (Ղկ 11.24) կամ շան մը իր փսխածը ուտելը (Բ. Պտ 2.22). յուսահատին վրայ կու գայ Յուդային պատիժը, իսկ ճշմարիտ հաւատքով Աստուծոյ ողորմութեան յոյսը իր մէջ պահողին համար Աստուծոյ խոստումը կայ, թէ՝ «դարձարուք առ իս եւ ես դարձայց առ ձեզ», անգամ մըն ալ չմեղանչելու ուխտով, թէ որ առ Աստուած դարձաւ: Իսկ մարդը սխալական ըլլալով երբ դարձեալ մեղանչեց, ատոր համար ալ պատրաստ է եօթանասուն անգամ եօթը ներողութիւն: Ըստ այսմ, ամէն մահացու կարծուած մեղքեր ներելի կրնան ըլլալ, Ս. Հոգիին դէմ եղած հայհոյութենէն բացի. այնպէս որ մարդ սխալական ըլլալով, բարոյական առաքինութեան միջին սահմանը չի ճանչնար, վեհանձնութեան տեղ քիչ մը հպարտութիւն, կրումներու չափաւորութեան տեղ չափազանց բարկութիւն եւ այլն, մահացուները ակամայ գործելով կը մեղանչէ. իսկ չգործելու ուխտը Աստուծոյ գրաւ եւ իբր երաշխաւոր եթէ տայ՝ խոստովանութեամբ կը ներուի, որ ըսել է, ներելին մահացուի, մահու չափը ներելիի վերածելը մարդոց ազատ կամքէն կախեալ է:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ» Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 24
Վաղարշապատ
1 Ոմանք Ս. Գիրքի սահմանէն անցած են ահաթէմայի, ճզսվքի կամ բանադրանքի հոգեւոր իշխանութիւնը, աշխարհային գործողութեան մը վերածած ըլլալով. եւ բազմաթիւ վկայութիւններ ունին. «Եթէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքս մատնես, կորուստի պիտի մատնեմ» (Թւ 21.2). Իսրայէլի որդիները նզովքի պահով յանցանք գործեցին (Յես 7.1). «Որովհետեւ Սաւուղ ժողովուրդին երդում տուած էր, թէ մինչեւ իրիկուն հաց ուտողը անիծեալ ըլլայ» (Ա. Թգ 14.24), թէեւ ատոնք ապաշխարելու կը վերաբերին, սակայն, այդ ապաշխարանքը եւ նզովքը եկեղեցին ո՛չ թէ որոնց դէմ որ ուզէ անոնց դէմ պիտի խօսի, այլ՝ Աստուծոյ հակառակողին դէմ միայն: Կամ եթէ եկեղեցին կը նզովէ Արիոսը, Մակեդոնը, Նեստորն ու այլ հոգեմարտները, բայց այսօր եթէ ծածկաբար եկեղեցիին մէջ գտնուին այնպիսիներ, արդէն նզովեալ եւ սատանային մատնուած են, որովհետեւ մասնաւորը ընդհանուրին տակն է: Յոբէլեան ներողութեան յատուկ կը հաւատան ոմանք: Ղեւտական օրէնքին ծառայ (քէօլէ) արձակել կամ տոկոսով եղած պարտքը ներելը վկայութիւն բռնելով (Ղւ 25.26-37), որով ամբողջ ժողովուրդը ծառայ եղած պիտի ըլլայ ներողութեան կոնդակին: Ասոր եւ Առաքելական ներողութեան մէջ մեծամեծ տարբերութիւններ կան. ատիկա ինքնիշխան կը ներէ, Առաքելականը՝ Քրիստոսի ներողութեան միջոց կը ճանչնայ ինքզինք. «Այսուհետեւ ծառայ չես, այլ՝ որդի», կ՚ըսէ առաքեալը (Գղ 4.7):
2 «Այսօր ընեմ եւ վաղը չընեմ, քանի մը տարի շարունակելէս ետք այսինչ մեղքը չեմ գործեր կամ մեղանչեմ ու խոստովանիմ» ըսելով անհոգ ըլլալը, յոյսով մեղանչել է։