ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ, ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԱՏ ԿԱՄՔ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀՔ

1. Ի՞նչ ըսել է Արարչագործ: 2. Ինչպէ՞ս կը կառավարուի աշխարհը. որո՞նք են տարրերը. Բնութեան մասին խօսելէն ի՞նչ կ՚իմացուի: 3. Հրեշտակներ կա՞ն: Ի՞նչ են: 4. Ի՞նչ օրէնքով կանոնաւորած է [կարգադրած] Աստուած բնութիւնը: 5. Ի՞նչ են այդ կարգադրութիւնները. բոլորն ալ իրենց վիճակէն գո՞հ են:     

1. Արարչագործ անունը աստուածաբանօրէն այնպէս կը տրուի Աստուծոյ, որ երկինքն ու երկիրը եւ անոնց մէջ բոլոր գտնուածները, թէ՛ էակ ըլլայ եւ թէ գոյակ, թէ՛ անձ ըլլայ եւ թէ իր, բոլորն ալ Աստուած ստեղծեց, ո՛չ թէ ինչ որ բանէ, այլ ոչինչէ. մի միայն բանական հոգին իր սկիզբը Աստուծմէ կ՚առնէ, իսկ միւս արարածները «եղիցի» բառին հրամայողական ազդեցութենէն:

Արարչագործ բառը իր բուն իմաստով, բան մը ընել կամ գործ մը մէջտեղ բերել կը նշանակէ. օրինակ՝ ոսկերչութիւն, քանդակագործութիւն, ժամագործութիւն, եւ այլն, արհեստներն ալ բան մը մէջտեղ կը բերեն. իսկ անձեր եւ էակներ արհեստով չեն ըլլար, նոյնիսկ իրերն ալ արդէն եղած եւ պատրաստուած իրերէն արհեստաւորներուն ձեռքով նոր իրականութեան մը կը վերածուին. եթէ ոսկին, արծաթը, սնդիկը, պղինձը եւ երկաթը եւ այլ նիւթեր Արարչապետէն պատրաստուած չըլլային՝ արհեստաւորները ի՞նչ պիտի շինէին: Հետեւաբար, պատճառներուն պատճառը Աստուած է միայն, եւ Արարիչ, Արարչագործ եւ Արարչապետ ստորոգելիները Աստուծոյ յատուկ են:

2. Բնութեան հեղինակը անոնց մէջ զանազան ոյժեր դրաւ աշխարհը կառավարելու համար. գլխաւորաբար ելեկտրական զօրութիւն ու տարր, որոնց գաղտնիքը սորվողները առաջին անգամ կարծեցին, թէ աշխարհը ամբողջութեամբ անոնցմով կը կառավարուի, բայց գիտութեան մէջ յառաջանալով, նայեցան, որ իրենց չգիտցած գաղտնիքներ շատ կան, մանաւանդ գլխաւոր տարրեր առաջին անգամ չորս գիտէին, այն է՝ օդ, ջուր, հող եւ ջերմութիւն. կը կարծուէր, թէ ասոնք կազմիչ մասեր ունէին, ուրիշ բազմաթիւ մարմիններու համար նոյնպէս, բայց իրենց չգիտցածներէն շատերը յօդուածոյ մարմիններուն տակը գացին, նոյնպէս առաջին չորսերն ալ իրենց կազմիչ մասեր ունենալը հաստատուեցաւ եւ բազմաթիւ բնագէտներէ վաւերացուեցաւ, այնպէս որ բնութեան գաղտնիքին մինչեւ դրան քով հասան, բայց ո՛չ մէկ բնագէտ մը ներս մտնել յաջողեցայ, այնպէս որ ելեկտրականութիւնը կը գործէ, իսկ անիկա իր ուժը ուրկէ՞ առաւ1:

Օդ, ջուր, հող եւ ջերմութիւնն են դարձեալ գլխաւոր տարրերը, որոնց կայութիւնը իւրաքանչիւր թանձր աչեցական մարմիններու պէտք է, իսկ չորսն ալ զատ-զատ իրարու հակառակողներ են, այնպէս որ օդը առանձին կը սառեցնէ, եթէ ջերմութիւնը չխառնուի. ջերմութիւնը առանց օդի կ՚այրէ. խոնաւութիւնը առանց ասոնց կ՚ապականէ. հողը առանձինն օգուտ չի՛ կրնար ունենալ: Մէկ խօսքով, կրակը ջուր տեսածին պէս կը կռուի, ձայն կը հանէ եւ անկէ կը մարի, իսկ Աստուած զանոնք այնպէս միացուցած ու հաւասարակշռութեան մէջ դրած է, եւ այնպիսի սիրով մը կը վարուին, որ մէկը առանց միւսին իր բնութիւնը փոխած ըլլայ կը կարծես:

Այս բոլորը ըսելով, մեր նպատակը բնութիւնը պարզել չէ, այլ՝ բնութեան հեղինակը գովել եւ «բնութիւնը գործող մըն է, իսկ բնութեան մէջ գործողութեան ուժը դնողը անոր հեղինակն է» ըսել: Ինչպէս այսօր հօր մը եւ մօր մը պատճառական մերձաւորութեամբ զաւակներ յառաջ կու գան, եւ այդ ծնողներուն ծնողները եւ դարձեալ անոնց ծնողները ետ-ետ երթալով կ՚երթանք մինչեւ առաջին մարդուն կը հասնինք, եւ այն առաջին մարդը Ստեղծողին ալ Արարիչ կ՚ըսենք, որ ըսել եղաւ բոլոր մարդիկ անկէ ելան. նոյնպէս բնութեան մէջ ալ, իւրաքանչիւր բան իր կազմիչ մասերուն կը վերածենք, այն մասերը ընող ու միացնողին Արարիչ կ՚ըսենք, որ ըսել եղաւ մէկ Արարիչ բոլոր արարածներուն:

Նոյնպէս երկինքը եւ երկիրը բարձման ու ձգման, ճնշման ու մղման ուժով առանց սիւնի կեցնողը միեւնոյն Արարիչն է, որոնցմով Իր փառքը կը պատմուի (Սղ 18.1):

3. Արարիչը անտեսանելի ըլլալուն պատճառով, անտեսանելի պաշտօնեաներ ալ ունի. նախ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց (Ծն 1.1), իսկ այն պաշտօնեաները ե՞րբ ըրաւ [ստեղծեց] չենք գիտեր, միայն Աստուածային հաւատքով Սուրբ Գիրքէն կը սորվինք, թէ կան հրեշտակներ եւ հրեղէն արարածներ, ինչպէս Պօղոս Դաւիթէն մէջբերելով, կ՚ըսէ. «Իր պաշտօնեաները կրակի բոց ըրաւ» (տե՛ս Եբր 1.7): Նոյնպէս, այլ եւ այլ վկայութիւններ բազմաթիւ են Սուրբ Գիրքին մէջ հրեշտակներու եւ անոնց մէջէն մեղանչող սատանաներու մասին (Յհ 8.44: Յդ 1.6: Յոբ 3.18):

4. Բնութեան հեղինակը այնպէս սքանչելի կերպով կարգադրած է, որ առհասարակ չորս եղանակներու մէջ երկիրը զանազան փոփոխութիւններ կը կրէ. գարուն եւ աշուն միջաօդ. ամառ եւ ձմեռ, տաք ու պաղ, իսկ բնութիւնը դարձեալ նոյնն է. ծառ մը այս տարի խնձոր, իսկ միւս տարի՝ տանձ չի՛ կրնար բերել. ինչ արմատի վրայ, որ բուսած եւ կամ պատուաստուած է, նոյնը կը բերէ մշտանորոգ յաջորդութեամբ, եւ երկիրը տարբեր ուժով պտուղ կու տայ. ծառեր եւ տունկեր կ՚աճեցնէ, տարերք կը կառավարուին իւրաքանչիւրը իրենց բնութեան կեդրոնին դիմելով, օրինակի համար, ջերմութեան կեդրոնը արեգակն է, ամէն կերպ ջերմութիւնները դէպի արեւ կը վազեն. վառուած մոմը եթէ գետին ծռես, անոր բոցը դէմը ելած նիւթին հետ կռուելով դէպի արեւ ելլալու կը ջանայ. նոյնպէս շոգին եւ ծուխը դէպի օդ կը վազեն եւ ամպերու կը խառնուին. լուացուած ու փռուած լաթին ջուրը առանց մեզի երեւնալու կը շոգիանայ, կը նայիս որ չորցեր է. նոյնպէս գետին թափուած ջուրը միշտ անդին-ասդին վազելով գետնին տակը անցնիլ կը ջանայ: Տակաւին, արեգակին ջերմութիւնը ձմեռը նուազելուն պէս բնութեան համեմատ ծառերուն մէջ եղած խոնաւութիւնը դէպի վար՝ արմատին կը վազեն, որովհետեւ պատեհութիւն գտան արեւին բուռն բարձումէն. երբ եղանակը կը փոխուի, դարձեալ արեւը իր բռնութիւնը ձեռք կ՚առնէ, արմատներէն ջուրը վեր-վեր բարձրանալով մինչեւ ծառերու ճիւղերուն ծայրերը կը բերէ, կոկոնի, ծաղիկի եւ պտուղի կը հասցնէ. (նաեւ կայ բնութեան մէջ սքանչելիք մը, որ ծնածները բնութեամբ իրենց ծնողը կը սիրեն, իւրաքանչիւրը իրենց տեսակին կը յարմարին եւ իրենց բնութեան կ՚ընթնան. ամենափոքր աւազ մը ջուրին յատակը կը վազէ, եւ հակառակը, ամենամեծ գերանը ջուրին վրայէն կ՚երթայ):

5. Արարչապետը՝ բնութիւնը ստեղծեց տիեզերքը կառավարելու համար, տիեզերքը եւ բնութիւնը ստեղծեց մարդուն համար, մարդը ստեղծեց Իրեն համար. օրինակ, բնութիւնը իր կացութենէն գոհ է, նոյնպէս երկիրը մշտանորոգ է, ծառեր, տունկեր, բոյսեր կը մեռնին, դարձեալ կը կենդանանան նոյն գոյութեամբ։ Անասունները եւ անբանները, չորքոտանիները եւ սողունները բոլորն ալ իրենք իրենց վիճակին մէջ գոհ են. գայլը՝ իր վայրենութեան մէջ անօթի սատկիլ կը սիրէ, քան թէ ընտանեկան կերակուրն ու խմելիքը. չկայ թռչուն մը, որ լեռնային ծառի ոստ մը թագաւորական պալատի մը հետ փոխէ. ոսկի վանդակի մէջ դրուած թռչուն մը հոն կերակրուիլը երջանկութիւն չի՛ համարեր, քան թէ լեռնային խոտի ունդ մը, կը թռչի, բայց չ՚ուզեր ետ դառնալ, եթէ դառնալու ալ վարժուած ըլլայ, դարձեալ թռչիլը երջանկութիւն կը սեպէ: Ի վերջոյ, մարդոց համար ստեղծուած բոլոր արարածները իրենց վիճակին համար գոհ ու երջանիկ են: Մարդը, իր բանականութեամբ ամենէն գեղեցիկ ու երջանիկ ըլլալու փոխարէն, ան միայն ապերջանիկ է. չկայ մարդ մը, որ իր վիճակէն գոհ ըլլայ, կամ եթէ ուրիշներու վիճակներու չցանկայ. իւրաքանչիւր մարդ կ՚ուզէ, որ ազնուական մը ըլլայ, եղողներն ալ իրենց վիճակէն կամ աւելիին ու պակասին կը ցանկան դարձեալ. բայց, ընդհակառակը, չկա՛յ չորքոտանի մը, որ սողունի վիճակին ցանկայ, չկա՛յ սողուն մը, որ թռչուններուն ցանկայ: Եթէ սողուն մը թռչուններուն նման ծառի մը ոստին վրայ դնես, այնտեղ մնալ չ՚ուզեր, այլ՝ դէպի վար գալով ցեխ մը կը փնտռէ ու այնտեղ կը մտնէ: Չկա՛յ անասուն մը, որ մարդուն վիճակին ցանկայ. իւրաքանչիւրը իրենց վիճալին մէջ երջանիկ են: Որովհետեւ մարդուն համար ստեղծուածները երջանիկ են, մարդ աւելի երջանիկ պէտք է ըլլար, անշուշտ, սակայն, քանի որ այս աշխարհը մարդուն երջանկութիւն չկայ, պէտք է որ ուրիշ տեղ մը փնտռէ իր երջանկութիւնը:

Միւս արարածները այս աշխարհին համար ստեղծուած են եւ այստեղ երջանիկ են: Գիրք չկարդացող մարդ մը իսկ կրնայ գտնել, թէ ինք այս աշխարհի համար ստեղծուած չէ: Անբաններու, ճճիներու եւ բոլոր անասուններուն համար ինչ յատկութիւններ ալ որ կան՝ մարդուն համար են, մարդն ալ՝ Աստուծոյ համար: Մարդուն ո՛չ թէ հողակոյտ մասը, հապա բանական հոգին, որ այդ հողակոյտին մէջ հիւր մըն է, ինչպէս որ կաթին մէջ իւղը: Աման մը կաթէն գետինը թափուած մէկ կաթիլին մէջ ալ կայ իւղ, ամբողջ ամանին մէջ ալ կայ եւ չի՛ տեսնուիր. իսկ երբ կաթը շատ երերայ, ամէն կողմէն իւղը կը միանայ ու դուրս կ՚ելլէ. այդպէս է նաեւ հոգին մարմինին մէջ, իբր ծաւալական էութիւն մը չի տեսնուիր, սակայն ամէն տեղ կայ՝ գլուխէն մինչեւ մատներուն ծայրը:

Այլ խօսքով, հոգին մարդուս մէջ հիւր մըն է, ինչպէս որ թռչուն մը վանդակին մէջ:

Թռչունը՝ վանդակին մէկ տեղը կտրուելուն կը նայի, որպէսզի թռչի. նոյնպէս հոգին մարմինին հիւանդանալը իրեն պատեհութիւն սեպելով միշտ կ՚աճապարէ, որ իր տեղը երթայ:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

Վաղարշապատ


1 Չորս տարերք, վերջը յիսունչորս ճիւղերու բաժնեցին. թթուածին, քղոր, ծծումբ, եւ այլն. նոյնիսկ, ածուխի, երկաթի, ոսկիի եւ արծաթի տարր ըսուեցաւ եւ անոնց մէջ քիչ մարմին կայ, որու մէջ թթուածին չըլլայ, ըսին, եւ բոլոր մարմինները իրենց կազմիչ մասերուն վերածեցին, բայց իւրաքանչիւրը զատ-զատ մասերու մէջ դարձեալ զատ-զատ ուժեր գտնելով, այն ուժը դնողին վրայ զարմացան ո՛չ թէ ուժին, անոնց արարիչն է գովելի ոչ թէ արարծը, որ գաղտնիքի մէջ գաղտնիք դրած է:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026