ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ՏՄՏՄԲՈՑ
«Երջանիկ ենք մենք», ըսաւ մեր վարչապետը:
Գիտէ՞ք ինչու երջանիկ ենք:
Քանի որ իրականացուցած ենք «երազանքներու մեր հայրենիքը»:
Լա՛ւ, ծանօ՞թ էք, գո՛նէ, երազանքներու այդ հայրենիքին:
Խնդրե՛մ. Հայաստանի այսօրուա՛ն հանրապետութիւնն է, որ չեմ գիտեր ինչպիսի՛ հիմքերու վրայ յենլով արդէն «Չորրորդ հանրապետութիւն» կը կոչուի:
Նոր էջ մը դարձուց չորրորդ այս հանրապետութիւնը Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններէն վերջ. գիտենք, տեսա՛նք բոլորս, թէ ինչպիսի՛ «արդար ու անաչառ արդիւնքներով ընտրեց Հայաստանը»:
Վերակազմուեցաւ մեր կառավարութիւնը, բնականաբար, Հայաստանի ժողովուրդին կարծիքը արտացոլող այս ընտրութիւններէն վերջ ու վերջերս հնգամեայ իր նոր ծրագիրը հրապարակեց վերակազմեալ այս կառավարութիւնը:
Կարեւոր ու շատ բան ըսող է մէկու մը ծրագիրը, համաձա՞յն էք. ո՛ւր մնաց՝ ղեկավարի մը ծրագիրը, ո՛ւր մնաց՝ պետութեան մը կառավարութեան ծրագիրը:
Եթէ՜ հայ ժողովուրդը ներկայացնող ընտրանին է այս կառավարութիւնը, ուրեմն, մեր ժողովուրդի՛ն ալ ծրագիրը ըլլալու է այս հրապարակուածը:
Այդպէ՞ս է, բայց, իրօ՛ք:
Ռազմադաշտի, հայհոյանք ու նուաստացումներու խայտառակօրէն ամօթալի ամպիոնի մը վերածուած Ազգային այս ժողովը հայ ժողովուրդը կը ներկայացնէ՞:
Ծրագրի հրապարակումէն վերջ, Ազգային ժողովի ամպիոնին վրայ խօսք առաւ չորրորդ անգամ վարչապետ ընտրուած, դիմատետրի շա՜տ մը «փոսթ»երու եւ տեսերիզներու տակ «հզօ՛ր վարչապետ» կոչուող մեր ղեկավարը:
Դիւրին է փախուստ տալը, ո՛ւր որ ես՝ կեանքիդ նայիլը «ինծի ի՛նչ» ըսելը, եղածներով բացասականօրէն չազդուելու համար չհետեւիլը, բայց, դիւրինը երբե՛ք չեմ կրցած ընտրել ես։
Կարդացածներովս չբաւարարուած՝ ինքզինքս ստիպեցի մեր վարչապետին ընթերցած պաշտօնական խօսքն ու պատգամաւորներուն հարցերուն պատասխանած տեսերիզը դիտել:
Երանի չդիտէի. այս անգամ ալ «դիւրինը» ընտրելու խղճմտանքս հաւանաբար աւելի տանելի ըլլար սիրտս խոցող ամօթէն:
Վարչապետին խօսած (թէ չխօսած) հայերէն լեզուն, անյարիր ընդհանուր ոճն ու փողոցային արտայայտութիւնները չեմ ուզեր քննադատել, քանի որ զանոնք իսկապէս չեմ կրնար մէջբերել…
Ահա ամենակարեւո՛ր մեր ընելիքները, բարեկամնե՛ր.
«Ծիծեռնակաբերդի մէջ պէտք է խորնարհինք ու խոկանք, բայց պէտք է որոշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր ժամանակներու կոտորածներուն, տեղահանութիւններուն, ցեղասպանութեան զոհերուն ու յետնորդներուն գերեզման պէտք չէ ըլլայ, այլ հայրենիք-պետութիւն մը, ուր մարդիկ կ՚ապրին ազատ, բարեկեցիկ եւ անվտանգ»:
Ազատ, բարեկեցիկ եւ անվտա՞նգ է Հայաստանի քաղաքացիներուն կեանքը:
Ժամանակի՜ն, չափէն աւելի հաւատացած ենք մենք մեր երաշխաւորներուն խոստումներուն եւ յայտնուած է այն պահը, երբ մնացեր ենք մինակ ու անօգնական. կոտորածները եղած են ջա՛րդ, ջարդը եղած է ցեղասպանութիւն…
Ուրե՞մն.
«Հարկաւոր է նախ սերտե՛լ մեր հին ու նոր պատմութեան դասերը, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ, երբ անվտանգութեան մեր յոյսերը կապենք ուրիշներուն հետ»:
Փաստօրէն «ուրիշ»ի մը հետ չէ՞ կապուած այլեւս մեր նոր պետութիւնը:
Երկու տարի է ի վեր եղած զիջումները, «խաղաղասէր» մեր դրացիներուն յանձնարարութիւններն ու անոնց իրերայաջորդ, չվերջացող պահանջները կապուածութիւն չե՞ն:
Թէ գի՞նն են անոնք մեր պետութեան «ինքնիշխանութեան»:
Կամովին «տէր» փոխելը «ծառայ» մը ըլլալու իրողութիւնը կ՚ոչնչացնէ՞:
Ռուսը չէ՛, ամերիկացին է.
Ամերիկացին չէ՛, եւրոպացին է.
Քոնեաք ու կանաչեղէն չէ՛, այլ՝ ծիրան ու վարդ…
Ի՛նչ տարբերութիւն:
«Ցեղասպանութիւն» է, «Արեւմտեան Հայաստան», «Արցախ», հող, վերադարձ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ դրուած կէտեր չեն այլեւս ասոնք, քանի որ մեր այսօրուան շահերուն ձեռնտու չէ՛ պատմական այս «դրուագները» արծարծել…
«Արեւմտեան Ատրպէյճան»ին, վերադարձող հող ու ատրպէյճանցիներուն վերաբերող համագումար, ցուցահանդէս, գիրք ու շնորհանդէս չխնայող մեր «հակառակորդն» ալ այս բարեացակամութիւնը կը, պիտի փոխադարձէ՞:
Սորվի՛նք մեր սխալներէն ու երջանկանանք մեր ունեցածով՝ «թեխնոլոկիական» մեր նո՛ր Հայաստանով, որ ինքզինքը հայրենիքին «mentor»ը համարող սփիւռքի «second hand» նուիրատուութիւնները ընդունողը չէ՛ այլեւս…
Ա՞յս է սփիւռքին սահմանումն ու ձեւակերպումը, ըստ մեր «հզօ՜ր» վարչապետին:
Սփիւռքի մէջ ծնած, ձեւաւորուած ու կազմուած, հայրենիքն ու հայ մնալը առանցք ու կենսատու արժէք սեպող հայ մը ըլլալով միա՛յն կը ցաւիմ. հի՜ն ցաւերուս վրայ այս ցաւն ալ կը նետեմ եւ օրըստօրէ մէջս գլորուելով մեծցող գունդը կը հրեմ…
«Second hand» ու «mentor»էն վերջ, որպէս վերջաբան.
«Պի՛ղծ է ձեր վեհափառը», ըսաւ վարչապետը ընդիմադիր պատգամաւորներուն, որոնք որպէս բողոք իրենց ձեռքերով սեղաններուն զարնելու սկսան, երբ հպարտալի քմծիծաղով «Կտրիճ Ներսիսեան», կոչեց ան Վեհափառ Հայրապետը:
Ազգային ժողովի յարգալիր նախագահը սեղանները զարնողները լռեցուց:
«Ձեր տմբտմբոցը իրողութիւնը չի՛ փոխում», ըսաւ վարչապետը:
«Ծանօթ է՞ք երազանքերու այդ հայրենիքին»…
Վերոյիշեալ այս հարցումիս պատասխանը կը համարեմ ինքնուրոյն, ազատ, անվտանգ, անկախ, «թեքնիքապէս» զարգացած ու բարգաւաճ մեր պահելիք-պահպանելիք պետութեան Ազգային ժողովի հազարաւոր խայտառակ տեսարաններէն այս մէկը ու կը հարցնեմ.
Ազգային անվիճելի արժէքի մը ոտնահարման դէմ խղճի ձայն ու արժանապատիւ ամենաջնջին արտայայտութեան մէկ ձեւը՝ «տմբտմբոցը» բան մը չի՛ փոխեր թերեւս, ճի՛շդ է, յարգելի՛ վարչապետ, բայց…
Մեր պատմութեան ամենամութ, ամենագարշելի այս էջերը արձանագրողին անուան դիմաց դրուած մէկ չէ՛, հազա՛ր հատ մեծատառ «հզօր» իրականութիւնը կրնա՞ն փոխել…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ