ԱԿՆԱՐԿ - 166 - ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇԷՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՆՈՒՐԲ ԱՆՁՐԵՒ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՇՈՒՆԻ ՄԸ ՄԷՋ

Նուրբ անձրեւ՝ հեռաւոր աշունի մը մէջ,
եւ կապոյտ… կապոյտ թռչունները
եւ երկիրը՝ տօնի մէջ է։
Մի՛ ըսեր՝ ես օդակայանի մէջ ամպ մըն եմ,
որովհետեւ ես չեմ ուզեր
իմ հայրենիքէս, որ շոգեկառքի ապակիէն ինկաւ,
բացի մօրս թաշկինակէն
եւ նոր մահուան պատճառներէն։
Նուրբ անձրեւ՝ օտար աշունի մը մէջ,
եւ ճերմակ… ճերմակ պատուհանները եւ
արեւը՝ մայրամուտի ընթացքին պարտէզ մըն է։

ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍԻՐԵԼԻԻՍ ԴԷՄՔԻՆ ՎՐԱՅ

..Երբ կը նայիմ քեզի,
կորսուած քաղաքներ կը տեսնեմ,
կը տեսնեմ ծիրանի գոյնով ժամանակ մը,
կը տեսնեմ մահուան եւ հպարտութեան պատճառը, կը տեսնեմ լեզու մը՝
որ երբեք չարձանագրուեցաւ,
եւ աստուածներ՝ որոնք կ՚իջնեն
հրաշալի անակնկալին առջեւ։
..Եւ դուն իմ առջեւ կը տարածուիս՝
անանուն արարածներու շարքերու պէս,
եւ հայրենիքս ուրիշ բան չէ,
քան այս աչքերը,
որոնք երկիրը որպէս մարմին չեն ճանչնար…
Եւ ես քեզ մէջ կը հսկեմ
մանկութեան ճակատին կանգնած
դաշոյնի մը վրայ։
Ան է մահը՝
գալիք քաղցր գիշերուան բացումը,
եւ դուն գեղեցիկ ես
զղջացող ճնճղուկի մը պէս…
..Երբ կը նայիմ քեզի,
Քարպալան կը տեսնեմ,
իւթոփիա մը, մանկութիւնը,
եւ կը կարդամ մարգարէներու ցանկը,
գոհունակութեան եւ անառակութեան գիրքը…
Կը տեսնեմ, թէ երկիրը կը խաղայ
երկինքի աւազներուն վրայ,
կը տեսնեմ պատճառ մը առեւանգելու՝
երեկոն ծովէն եւ ժլատ պատշգամներէն…

ՍԷՐԸ ՓՈՔՐԻԿ ՍՐՃԱՐԱՆԻ ՄԸ ՆՄԱՆ Է

Փոքրիկ սրճարանի մը պէս՝ օտարներու փողոցին վրայ,
այդպէս է սէրը…
իր դռները բոլորին առջեւ կը բանայ։
Սրճարանի մը պէս՝
որ կ՚աւելնայ ու կը պակսի՝ ըստ եղանակին․
երբ անձրեւ գայ՝ յաճախորդները կը շատնան,
եւ երբ եղանակը մեղմանայ՝
կը նուազին ու կը ձանձրանան։
Ես հոս եմ, ո՛վ օտարուհի,
անկիւնը նստած։
Ի՞նչ գոյն ունին աչքերդ,
ի՞նչ է անունդ,
ինչպէ՞ս դիմեմ քեզի,
երբ քովէս անցնիս,
եւ ես նստած ըլլամ
քեզի սպասելով։
Փոքրիկ սրճարան մըն է սէրը։
Երկու գաւաթ գինի կը պատուիրեմ,
կը խմեմ իմ ու քու կենացդ։
Երկու գլխարկ եւ անձրեւանոց մը կը բռնեմ։
Ահա հիմա անձրեւ կու գայ,
կը տեղայ աւելի քան ուրիշ օր մը,
եւ դուն ներս չես մտներ։
Վերջապէս ես ինծի կ՚ըսեմ․
թերեւս ան, որուն կը սպասէի,
ինծի սպասած էր…
կամ ուրիշ մարդու մը սպասած էր։
Մեզի սպասած էր,
բայց զինք-զիս չէր ճանչցած։
Եւ կ՚ըսէր․ «Ես հոս եմ՝ քեզի սպասելով։
Ի՞նչ գոյն ունին աչքերդ,
ո՞ր գինին կը սիրես,
եւ ի՞նչ է անունդ։
Ինչպէ՞ս դիմեմ քեզի՝
երբ իմ առջեւէս անցնիս…»:

ՃԱԿԱՏ ԵՒ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Հայրենիքս, ո՛վ արծիւ,
որ կրակէ կտուցդ
աչքերուս մէջ կը խրես, 
ո՞ւր է արաբներուն պատմութիւնը։
Մահուան ներկայութեան
իմ ունեցածս միայն՝
ճակատ մըն է… եւ բարկութիւն։
Եւ ես կտակեցի,
որ սիրտիս մէջ ծառ մը տնկեն,
եւ ճակատս՝ արտոյտի տուն մը դառնայ։
Հայրենիք, մենք ծնանք ու մեծցանք
քու վէրքերուդ մէջ,
եւ կաղինի ծառեր կերանք,
որպէսզի ականատես ըլլանք
քու առաւօտիդ ծնունդին։
Ո՛վ արծիւ, որ առանց պատճառի
շղթաներու մէջ կը քալես…
Ո՛վ առասպելական մահ,
որ կը սիրէր,
քու կարմիր կտուցդ տակաւին
աչքերուս մէջ
կրակէ սուր մըն է…։
Եւ ես արժանի չեմ
քու թեւերուդ։
Մահուան ներկայութեան
իմ ունեցածս միայն՝
ճակատ մըն է… եւ բարկութիւն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026