ՀՐԱԴԱԴԱՐ ԿԱՄ ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան հրադադարը թէեւ կը շարունակուի, սակայն, շատ փխրուն է՝ կարծես կրակի հետ խաղ մը ըլլար: Արդարեւ, լարուածութիւնը միշտ առկայ է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: ԱՄՆ-Իրան հրադադարը առայժմ կը կանխէ լայնածաւալ պատերազմի մը բռնկումը, սակայն, վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ տարածաշրջանը տակաւին հեռու է իրկական եւ ամբողջական խաղաղութենէ։

Վերջին օրերուն ԱՄՆ նոր հարուածներ հասցուց Իրանի որոշ թիրախներուն դէմ։ Փոխարէնը՝ Իրան հակահարուածներ կատարեց Քուէյթի եւ Պահրէյնի վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլ սաստկացուց իր ռազմական գործողութիւնները Լիբանանի հարաւին մէջ եւ նոյնիսկ սպառնաց զանոնք տարածել մինչեւ մայրաքաղաք Պէյրութ։ Այս իրադարձութիւնները նոր կասկածներ կը յառաջացնեն հրադադարի կայունութեան շուրջ։

Մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով՝ խաղաղութեան ճանապարհին չորս հիմնական խոչընդոտ կայ։

Առաջինը փոխադարձ անվստահութիւնն է։ Իրան չի վստահիր, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ երկարատեւ եւ վստահելի համաձայնութիւն ապահովել կամ ամբողջութեամբ յարգելիր ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Երկրորդ խոչընդոտը ուղղակի հաղորդակցութեան բացակայութիւնն է։ Անցեալ ապրիլին, Իսլամապատի մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումէն ետք, կողմերուն միջեւ արդիւնաւէտ ուղիղ կապ չէ հաստատուած եւ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի միջնորդաւորուած։

Երրորդ խնդիրը ակնկալութիւններու տարբերութիւնն է։ Թեհրան կը պահանջէ յստակ երաշխիքներ՝ պատժամիջոցներու վերացման, սառեցուած միջոցներու ազատ արձակման եւ ամերիկեան քաղաքականութեան կայունութեան վերաբերեալ, մինչ Ուաշինկթըն կը ձգտի աւելի արագ եւ քաղաքական շահ ապահովելիք համաձայնութիւն մը։

Չորրորդ խոչընդոտը ներքին քաղաքական ճնշումներն են։ Թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Իրանի մէջ որեւէ փոխզիջում կրնայ խիստ քըն-նադատութեան պատճառ դառնալ եւ քաղաքական հակազդեցութիւններ յառաջացնել։

Յամենայնդէպս, հիմնական խնդիրը աւելի խորունկ է։ Երկու կողմերն ալ կը կարծեն, թէ ժամանակը իրենց ի նպաստ կ՚աշխատի։ Իրան կը պնդէ, որ յաջողած է դիմադրել ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ճնշումներուն, մինչդեռ ԱՄՆ համոզուած է, թէ զգալիօրէն տկարացուցած է Իրանի դիրքերը։

Իրականութեան մէջ, սակայն, երկու կողմերն ալ կը կրեն այս ճգնաժամին հետեւանքները։ ԱՄՆ կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական մարտահրաւէրներ, իսկ Իրան կը շարունակէ պայքարիլ տնտեսական ծանր պայմաններու, սղաճի եւ ներքին դժգոհութիւններու դէմ։

Այժմու հրադադարը կը նպաստէ լայն պատերազմէ մը խուսափելուն, բայց, տակաւին չի ստեղծեր տեւական խաղաղութեան հիմքերը։ Եթէ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան չկարենան ամրապնդել ուղղակի հաղորդակցութիւնը եւ իրական քաղաքական գործըթացի չկարողանան սկսիլ, ապա ներկայ հրադադարը կրնայ վերածուիլ ապագայ նորբախումներու նախերգանքին։

Ծոցի մէջ ալ նկատելի է մեծ եռուզեռ՝ մանաւանդ, որ Թեհրան կը սաստկացնէ իր ռազմական պատասխանները: Ծոցի տարածաշրջանէն ներս ռազմական լարուածութիւնը կը շարունակէ աճիլ։ Հակառակ առկայ բախումներուն՝Թրամփ կը պնդէ, որ դիւանագիտական ուղին պէտք է պահպանուի եւ Իրանի հետ բանակցութիւններըշարունակուին։ Ան նաեւ յայտնած է, որ հեռաձայնային զրոյցի մը ժամանակ Իսրայէլի վարչապետ ՊենիամինՆեթանյահուին կոչ ուղղած է զսպուածութիւն ցուցաբերելու Լիբանանի դէմ ռազմական գործողութիւններուհարցով։ Թրամփ ընդգծած է, որ երկու կողմերու սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի՝ հակառակ որոշտարակարծութիւններու։

Իրանի վերաբերեալ խօսելով՝ Թրամփ նշած է, որ բանակցային գործընթացին ներգրաւուած է նաեւ Իրանիկրօնապետ Այեթուլլահ Սէյիտ Միւճթեպա Խամանէյ եւ չէ բացառած ապագային անոր հետ հանդիպելուհաւանականութիւնը։ Թրամփ հնարաւոր կը նկատէ ճգնաժամի շուտով լուծման ուղի մտնելը։

Այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ տարածաշրջանին մէջ ռազմական բախումները եւս սաստկացած են։Իրանի ռազմածովային ուժերը յայտարարած են, թէ թիրախաւորած են ամերիկեան ռազմանաւ մը Օմանի ծոցինմէջ։ Իսկ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակագունդը հաղորդեց, որ հրթիռներով եւանօդաչու սարքերով հարուածներ հասցուցած է ամերիկեան ռազմակայանի մը։ Քուէյթի բանակը տեղեկացուց, որ վնասազերծած է 13 հրթիռ եւ 17 անօդաչու սարք։ Յարձակումներուն հետեւանքով եղած են զոհեր, վիրաւորներեւ յառաջացած է նիւթական զգալի վնաս՝ ներառեալ Քուէյթի միջազգային օդակայանը։

Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, Նեթանյահու Իրանի գործողութիւնները բնորոշած է՝ որպէս կրակի հետ խաղ: Ան, զգուշացուցած է, որ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ը պատրաստ են փոխադարձելու, եթէ Իրան խախտէ հրադադարիպայմանները։ Իսկ Իսրայէլի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Էեալ Զամիր շեշտած է, որ իր երկիրըպատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս վերադառնալու Իրանի դէմ ռազմականգործողութիւններու։

Առանց խաղաղութեան հրադադարի պայմաններուն ներքեւ, ԱՄՆ-Իրան ճգնաժամը նոր փուլի մը առջեւ է: Այժմու պայմաններուն մէջ հրադադարը աւելի շատ ուժերու ժամանակաւոր հաւասարակշռութիւն մը կըներկայացնէ՝ քան խաղաղութեան ճանապարհայի քարտէս մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026