ԵՒ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԵՐԷԿ ԸՆՏՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Շուտով կ՚աւարտի ըսելով-ըսելով հասանք երկար, իսկապէս երկար ճանապարհի մը աւարտին. կայացան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ ինչպէս խորագրեցին բոլոր լրատուամիջոցները՝ «Հայաստանն ընտրեց»:
Ամիսներէ ի վեր ընթացող ընտրապայքարին՝ օրըստօրէ տարածուող սրտիկներուն, քարտէսներուն, խոստումներուն, սպառնալիքներուն եւ դեռ «ըլլալիքներուն» հետեւելով զարմանալի չէ երբեք ենթադրել որեւէ տեսակի խախտում, անօրինութիւն, հոսկէ-հոնկէ լեցուն հանրաշարժներով ժամանած մարդիկ, ստիպողաբար տրուած ձայներ, յարձակումներ, անջատուող հոսանք ու դեռ շատ պատկերներ, որոնք հեռու ըլլալու չե՛ն իրականութենէն:
Ընտրութենէն առաջ տարածուած տեսերիզներէն մէկուն մէջ «Թոռներիս էլ սպաննի, էլի նրա՛ն կ՚ըտրեմ» ըսած էր մեծահասակ ալեհեր կին մը՝ մեր «սիրուած» վարչապետին ակնարկելով:
Ուզեցի մատովս սահեցնել տեսանիւթը, կինն ու անոր ըսածը. չկրցա՛յ: Ուղեղի ի՛նչ որակի լուացում է ասիկա: Դարեր առաջ ալեհեր մեր մայրերն ու մեծ մայրերը իրենց թոռները հայօրէն պահպանելու նպատակով իրենց կեանքը զոհեցին, այսօր, ալեհեր կին մը պատրաստ է իր թոռները զոհելու՝ ով գիտէ ի՛նչ խոստացող անձի մը համար:
Իրատես կ՚ուզեմ մնալ. ի՛նչ ալ ըլլայ խոստացուածը, դրամ, խնամք, տուն, գործ՝ կեանքն է պարզապէս, կ՚ընդունիմ. անպատերազմ, անփորձանք, շրջան առ շրջան տեղացող դրամով խաղաղ կեանք:
Ո՞ր մէկս այս պատկերին կարօտ չենք:
Դիւրին չէ մտածելն ու հասկնալը ընտրել:
Դժուար է չստրկանալ:
Ըստ տարածուած տուեալներուն՝ ընտրելու իրաւունք ունեցող Հայաստանի քաղաքացիներէն 58,97 տոկոսը մասնակցեցաւ ընտրութեան: Բազմիցս շեշտուեցաւ, որ նախորդ ընտրութիւններէն առնուազն 10 առ հարիւր աւելի բարձր էր ընտրողներուն թիւը: Փաստօրէն մարդիկ տասը տոկոսով աւելի քիչ անտարբեր էին ու աւելի շատ յուսադրուած. խումբ մը Հայաստանի նուաճած խաղաղութեան «տէր կ՚ուզէր դառնալ», ինչպէս կը վկայէր այդ խումբին կարգախօսը, միւս խումբը ո՛չ թէ Հայաստանի խաղաղութեան, այլ ինքնին՝ Հայաստանին տէր կ՚ուզէր դառնալ՝ ըստ իրենց խոստումներուն:
Այս խումբը թէ՛ այդ խումբը, օրինաւոր թէ՛ անօրէն, խախտումով թէ՛ անխախտ՝ նոր շրջանի Հայաստանի Ազգային ժողովի ուժերը յստակ են արդէն.
Ընտրեց Հայաստանը:
Մենք դիտեցինք, կարդացինք, տեղեկացանք, սպասեցինք, լսեցինք, հարցուցինք, թերեւս անհանգստացանք, բայց այդքանը եւ ո՛չ աւելին:
«Մենք»ը սփիւռքն է, եթէ հարցնելու ըլլաք, աշխարհացրիւ հայերու հոծ, հո՜ծ բազմութիւն մը, որուն ջնջին տոկոսը միայն ի՛սկապէս տեղեակ է Հայաստանէն ներս եռացող անցուդարձէն.
Ճշդենք ուրեմն.
Հայաստանն ընտրեց:
Մենք դիտեցինք:
Յունիսի 8-ի առաւօտը նոր էջ մը ըլլալու է Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ, անկասկած, ու ես անձնապէս, անձկութեամբ պիտի հետեւիմ ինքնիշխան մեր պետութեան գալիք օրերուն, որոնք ըստ խոստումներուն՝ անպատերազմ են, պաշտպանուած, խաղաղ են ու բարգաւաճ:
Նոյն անձկութեամբ պիտի սպասեմ մեր «բարեկամ» Ալիեւի յաջորդ պահանջներուն. նախկինները անխտիր կատարուեցան, ուրեմն յառաջ…
Արցախի ծրարը փակուած է, անոր մասին խօսիլը «սադրիչ գործողութիւն է» պարզապէս:
Վերջին շրջանին տեսակ մը հրադադարով՝ եկեղեցին հալածուած է, հոգեւորականները՝ լուսարձակի տակ, դեռ բանտարկեալ սրբազաններ ունինք, եկեղեցւոյ պատմութիւնը դասաւանդումէն հեռացուած է, «Շողակաթ» հոգեւոր հեռուստակայանը դադրեցուած է, բանակէն ներս հոգեւոր ծառայութիւնը կասեցուած է.
Ընտրեց Հայաստանը:
«Զանգեզուրի միջանցք» գոյութիւն չունի, ըսաւ մեր վարչապետը. այսօր Մեղրին ալ յանձնուած է:
«Անկլաւ»ներուն վերաբերող այսօրուան լռութիւնը վտանգաւոր է. անոնք ալ զիջուած են անկասկած:
«Պատմութիւնը մեր թշնամին է». ցեղասպանութեան մասին խօսք չկայ արդէն:
Արարատը մերը չէ՛, մերինը Արագա՛ծն է. նոր անձնագիրներն ու ռազմական վերջին շքերթը վկայ:
Սփիւռքի հետ կապերը՞. խզուած են: Պարզապէս սփիւռքը «միլիոններ» են, որոնց պէտք չունի այլեւս Եւրոպային «զօրաւոր» ձեռքը սեղմած մեր հայրենիքը:
Ընտրեց Հայաստանը:
Իրենց արժանի հողերը՝ Հայաստան վերադառնալ սպասող ատրպէյճանցիներուն մասին պատմուող հեքիաթները բոլորովին սո՛ւտ են, ըստ մեր իշխանութեան, բայց… Ատրպէյճանի պետական տնտեսական համալսարանէն ներս արդէն բացոուած է «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի բաժին մը, որուն պատերուն կախուած է Արեւմտեան Ատրպէյճանի քարտէսը, մե՛ր քարտէսը:
«Մեր գիւղը-ձեր գիւղը», «իմ ոչխարս-քու ոչխարդ» ըսելով սահմանի պարպուած գիւղերը չեն լեցուիր՝ յուսամ:
Պաքուի մէջ պահուող մեր գերիներուն օրինակով, վաղը թերեւս «Էրիվան»ի մէջ ապրող պատերազմի մասնակիցներն ալ այս ինչ գիւղին մէջ ահաբեկչութիւն ընելով մեղադրուին, անոնց յանձնումն ալ օր մը ատրպէյճանական «արդար» պահանջքի մը կը վերածուի. ո՞վ գիտէ:
Թերեւս քաղաքացիական իրաւունքներ ալ պահանջեն այս վերադառնալիքները…
«Սուվերէն» (ինքնիշխան) կը մնա՞յ Հայաստանը:
Կարեւոր չէ՛ այս բոլորը. երբե՛ք:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրող քաղաքացիներուն համար կարեւոր հանգամանքներ չե՛ն ասոնք. կարեւորը ա՛յլ բաներ են, որոնք յստակ չե՛ն ու չեն կրնար ըլլալ ինծի, մեզի՝ հայրենիքէն դուրս ապրող «անպատասխանատու» սփիւռքին համար:
Այո՛, կարեւոր չէ՛ այս բոլորը:
Կարեւոր ըլլար՝ թերեւս ձեռքերը ծալլած, լուռ չէր մնար ընտրութեան չմասնակցած 41 տոկոսը: «Նշանակութիւն չունի», չէին ըսեր անոնք:
Բայց, ընտրեց Հայաստանը:
Եթէ այս բոլորը կարեւոր ըլլար, ա՛յլ կերպ կ՚ընտրէր Հայաստանը:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ