«ԹՈՒՐԻԶՄՈՖՈՊԻ»Ն ԿԱՄ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Ներկայ աշխարհին մէջ մեծ զարգացում ապրեցաւ զբօսաշրջութիւնը եւ բազմաթիւ երկիրներ սկսան մեծ եկամուտներ ապահովել այդ ոլորտէն:
Մարդոց աւելի ազատ ու դիւրին շարժը, տնտեսական բարօրութիւնը, արհեստագիտական զարգացումը եւ բազմաթիւ փոխկապակցուած պատճառներ զբօսաշրջութեան տուին նոր դիմագիծ ու տարողունակութիւն: Կան երկիրներ, որոնք տարեկան 100 միլիոն զբօսաշրջիկ կ՚ընդունին, ինչ որ աներեւակայելի էր նախկին դարերուն ու շատ մեծ թիւ է ամէն չափանիշներով: Երկիր մոլորակը փոխաբերաբար փոքրացաւ ու դարձաւ աւելի յայտնաբերուող ու տեղ մըն ալ մատչելի, իսկ մարդկային բնաւորութիւնը ինքնին մեծ փոփոխութիւն ապրեցաւ՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքականօրէն, նոյն բաց աշխարհի ու զբօսաշրջութեան ալ ահռելի աճի պատճառով:
Մեծ քաղաքները գերխճողուած են ո՛չ միայն իրենց բնակիչներով, այլ իրենց համբաւի, տեղի, գեղեցկութեան գործօններէն մեկնած, նաեւ զբօսաշրջիկներով, որոնք տարուայ բոլոր եղանակներուն կ՚այցելեն այդ վայրերը: Փարիզի, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի... նման քաղաքներ անդադար զբօսաշրջիկ կ՚ընդունին եւ եթէ միջազգային որեւէ մարզական կամ մշակութային, գիտական, տնտեսական եւ այլն միջոցառումներ, մրցումներ ու հաւաքներ կազմակերպուին՝ զբօսաշրջային տուեալ քաղաքի մը մէջ կը բազմապատկուի այցելուներու թիւը:
Զբօսաշրջային քաղաքներու կեդրոններն ու տեսարժան վայրերը արդէն գերխճողուած են տարին տասներկու ամիս: Նոյնիսկ տեղացի բնակիչները յարաբերաբար աւելի չխճողուած տեղեր կը փոխադրուին, որպէսզի գերխճողուածութենէ ու աղմուկէ ազատին: Այս կէտին ներկայ աշխարհին մէջ, նոր զբօսաշրջային հասկացողութիւնը ինքզինք կը պարզէ։ Ուրիշ յօդուածով մը խօսած էինք տարբեր տեսակի զբօսաշրջութիւններու մասին եւ ինչպէս մարդիկ կ՚այցելեն զանազան տեղեր, զանազան նպատակներով ու տարբեր նախասիրութիւններէ մեկնած, բայց, ինքնին զբօսաշրջութիւնը երկու հակասական կամ տեղ մըն ալ բախուող իրավիճակներու դէմ յանդիման մնաց, ինչ որ կը բխի տեղ մը դրամատիրական ու բաց շուկայական տնտեսական համակարգէն:
Ընդունելով հանդերձ, որ ինքնին մարդկային հանգստութեան որոնումն ու յայտնաբերման ջիղը յաւերժական հակում են եւ անոնց հետ առընչուած է նոյնինքն մարդուն զբօսաշրջային նկարագիրը եւ անոր այսպէս կոչած՝ «յաւերժական զբօսաշրջիկ» մակդիրը հարազատ է, այդ իրականութիւնը ենթակայ է առարկայական ու ենթակայական գործօններու:
Ներկայ դարուս զբօսաշրջութիւնը կամայ թէ ակամայ աճեցուց ու ընդլայնեց միջին դասակարգին ալ հնարաւորութիւնները եւ հակառակը, նոյնիսկ յարաբերաբար անապահով խաւերուն ալ զբօսաշրջային գործունէութիւնները բազմացան։ Միեւնոյն ատեն, հարուստ խաւին ընծայուեցաւ աննախադէպ ճոխութիւն, հանգստութիւն ու յարմարաւէտութիւններ ձեռք ձգելու ու վայելելու հնարաւորութիւններ: Հարուստներն ու մանաւանդ գերհարուստները սկսան վարել կեանք մը, որու մէջ զբօսաշրջութիւնը ամենօրեայ բաժին ունի, իսկ իրենց սահմանած այսպէս ըսած՝ զբօսաշրջային գործունէութիւնները առանձնացան համատարած միջին խաւի զբօսաշրջութեան պարզ ու երեւելիօրէն եռացող զբօսաշրջական գործունէութիւններէն:
«Թուրիզմոֆոպի»ն կամ զբօսաշրջական հոսքերէն վախն ու խուսափումը արդէն իսկ տարածուած է Սպանիոյ ու տարբեր երկիրներու մէջ, տեղացիներուն եւ ոչ-տեղացիներուն կողմէ: Միւս կողմէ, իրականութիւն է, որ միջին խաւի կատարելիք զբօսաշրջութիւնը «վախ» յառաջացնող է՝ թէ՛ ինքնին զբօսաշրջիկին (քանի որեւէ փնտռուած տեղ այցելութիւն մը հանգստութիւն չի պարգեւեր, թէեւ ֆիզիքական ու հոգեբանական ջանք կը պահանջէ՝ մեծ ամբոխին ու խճողման մէջ մտնելով, ինչպէս նաեւ երկար-բարակ տեղափոխման միջոցներ գործածելով) եւ թէ ընդունող ու այցելուած քաղաքներու-վայրերու բնակիչներուն մօտ (որոնց արդէն իսկ ծանրաբեռնուած կեանքը աւելի խճողուած, աղմկոտ ու տեղ մըն ալ քաոսային կը դառնայ՝ մեծ ու չդադրող մարդոց այցելութիւններէն):
Ընդհանուր ակնարկով՝ զբօսաշրջութիւնը ինքնին իր փիլիսոփայական ու կենցաղային հանգանակով՝ դուռ մը կը բանայ մարդկային հոգիի մեծ ու անյագ ուղենշութեան դէմ, ինչ որ կը տատանի ամբոխի ու հաւաքականութեան մեծ ու անծայրածիր ծովուն մէջ՝ իրականութիւնը, կենաքոտութիւնն ու տեղ մըն ալ հաճոյքը-վայելքը փնտռելու կամ ալ բնութեան հետ մենակեցութեամբ ու մտասեւեռումով, նաեւ տեղ մըն ալ ճգնելով-առանձնանալով ներդաշնակութիւններ գտնելու մարդկայնութեան հետ ու գեղեցկութեան եւ հաճոյքի հասանումին միջեւ:
Եթէ փորձենք զուգահեռներ գտնել ներկայ աշխարհի զբօսաշրջութեան տրամագծութեան հետ՝ կը տեսնենք, որ մարդկային հարցերը երբ հաւաքականօրէն չեն արծարծուիր, բնականաբար, անոնք չեն լուծուիր։ Ուստի, դրամատիրական դասակարգայնութիւնը զբօսաշրջութեան մէջ, որ գերհանգստութեան ու «բնութեան-առատութեան-ճոխութեան» վայելումով կը կայանայ, կրնայ համարուիլ անարդար ու կեղեքիչ, բայց, միաժամանակ, «թուրիզմոֆոպի»ի եւ ամբոխներու պարզած անկարգութիւնները, ժխորն ու անյարմարաւէտութիւնները անխուսափելիօրէն խնդիր կը համարուին, նուազագոյնը զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան