ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՕԹԸ ՍԻՒՆԵՐԸ

Այն ինչ զիս մղեց այս յօդուածը գրելու այն դիտարկումն է, որու շատ յաճախ կը վերադառնամ՝ հետեւելով այսօրուան իշխանաւորներուն ըրածներուն, մանաւանդ՝ աշխարհի ամենահզօր պետութեան առաջնորդին։ Որքան կ՚ընդարձակուի իշխանաւորին իշխանութիւնը, այնքան հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ան ի՛նչ կրնայ ընել, այլ՝ ի՞նչն է, որ զինք կը կասեցնէ, որպէսզի իր գործելու կարողութիւնը չդառնայ իր անձին, իր պահուան զգացումներուն կամ միայն իր տեսլականի գերին։

Այստեղէն է, որ կը վերադառնամ պետութեան չափ հին հարցումի մը. ի՞նչն է, որ իշխանութիւն ունեցող մարդը կը դարձնէ արժանաւոր կառավարիչ եւ ոչ թէ պարզապէս հրամաններ արձակելու կարողութիւն ունեցող մէկը։ Պատմութիւնը մէկ պատասխան չի տար։ Հին Չինաստանէն ու Յունաստանէն մինչեւ Հնդկաստան եւ Հռոմ, իսկ անկէ ալ մինչեւ իսլամական առաջին շրջանի փորձառութիւնը, տարբեր քաղաքակրթութիւններ ձգած են գաղափարներ ու փորձառութիւններ, որոնցմէ կարելի է ընդհանուր բան մը քաղել։

Իսկ ինչո՞ւ եօթը սիւն։ Սրբազան թիւ մը չէ եօթը. կրնար ըլլալ հինգ կամ տասը։ Բայց, եօթներորդ կամ ութերորդ անգամ կը դիմէի Թ. Է. Լոուրենսի «Իմաստութեան եօթը սիւները» գիրքին։ «Կառավարում»ին ու «իմաստութեան» միջեւ ծնաւ գաղափարը. ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ փնտռէինք «իշխանութեան սիւներ», որոնք կառավարումը աւելի իմաստուն եւ իշխանութիւնը՝ զայն գործադրող անձին սխալներէն աւելի քիչ խոցելի դարձնէին։

ՍՈՒՆ ՑԶՈՒ. «Ով իր անձը չի կարենար կառավարել, լաւ չի կրնար ուրիշները կառավարել» - ինքնատիրապետութիւն:

Սուն Ցզուն՝ չինացի զօրավարն ու ռազմական մտածողը, առաջնորդութիւնը ճանչցաւ պատերազմի փորձառութենէն, ուր զօրավարի սխալին գինը բոլորը կը վճարեն։ Թշնամին ճանչնալը բաւարար չէ. որոշում կայացնողը պէտք է ճանչնայ ինքզինք եւ կարենայ տիրապետել իր անձին։

Բարկութիւնը, վախը, մեծամտութիւնը, կասկածը եւ վրէժխնդրութեան ցանկութիւնը մարդկային սովորական թերութիւններ են, բայց պետական իշխանութիւն ունեցող մարդու ձեռքին անոնք կրնան վտանգաւոր դառնալ։ Բարկութիւնը կը վերածուի որոշումի, կասկածը՝ մեղադրանքի, խորհուրդը չլսելը՝ պետական քաղաքականութեան։ Իսկական ուժը այն է, որ անձնական զգացումը թոյլ չտայ վերածուելու հանրային որոշումի։

ՔՈՆՖՈՒՉԻՈՒՍ. «Ժողովուրդը կը հետեւի իր կառավարիչին» - օրինակը:

Քոնֆուչիուս կը կարծէր, որ կառավարումը միայն օրէնքներու եւ պատիժներու վրայ չի հիմնուիր, այլ՝ կառավարիչին ներկայացուցած օրինակին վրայ։ Եթէ ժողովուրդէն կարգապահութիւն կը պահանջուի, բայց կառավարիչը ինք չի՛ պահեր զայն, կամ պաշտօնեան ազնուութեան մասին կը խօսի, բայց ինք ազնուութեամբ չի՛ վարուիր, ժողովուրդին հասնող պատգամը խօսքերը չեն ըլլար, այլ՝ իր տեսած վարքը։

Ճգնաժամերու ժամանակ ղեկավարութեան՝ համբերութիւն եւ զոհողութիւն պահանջելու կարողութիւնը կապուած է նաեւ անոր հետ, թէ ժողովուրդը ի՛նչ կը տեսնէ այդ պահանջը ներկայացնողի վարքին մէջ։ 

Ով որ որոշում կայացնելու դիրքին մէջ է, իր ճառերով չի՛ կրնար կառուցել այն, ինչ որ իր վարքով կը քանդէ։

ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ. «Երբ իշխանութիւնը կը գերազանցէ իր սահմանները» - հաւասարակշռութիւն:

Արիստոտէլ տարբերութիւն կը դնէր այն կառավարումին միջեւ, որ կը հետապնդէ հանրային շահը եւ այն իշխանութեան, որ կը վերածուի իշխանաւորի անձնական շահին։ Պետութիւնը ուժի կարիք ունի, բայց անսահման ուժը կը վերածուի ճնշումի։ Անհրաժեշտ է վճռականութիւն, սակայն, մշտական վճռականութիւնը կրնայ վերածուիլ յամառութեան։ Անհրաժեշտ է կայունութիւն, բայց փոփոխութեան մերժումը՝ կայունութեան անունով, կրնայ վերածուիլ անշարժութեան։ Վտանգը կը սկսի այն պահուն, երբ պետութեան եւ կառավարիչի անձին միջեւ եղած հեռաւորութիւնը կը վերանայ եւ անոր կամքը կը դառնայ հանրային շահը չափելու չափանիշը։

Այս մտածելակերպը իր ամենայայտնի արտայայտութիւններէն մէկը ստացած է Լուի ԺԴ.-ի վերագրուած՝ «Պետութիւնը ե՛ս եմ» խօսքին մէջ։

ԿՈՒԹԻԼԻԱ. «Կառավարիչին իրական շահը» - իրապաշտութիւն:

Կութիլիան, որ ճանչցուած է նաեւ Չանակիա անունով, Ք.Ա. չորրորդ դարու հնդիկ խորհրդական եւ պետական գործիչ էր։ Ան «Արթհաշաստրա» աշխատութեան մէջ պետութիւնը կառավարելու համար խիստ իրապաշտ խորհուրդներ կը ներկայացնէ։ Ան կառավարիչին չէր դիմեր առաքինութեան լեզուով, այլ՝ շահի լեզուով։

Եթէ կ՚ուզես ունենալ հզօր եւ կայուն պետութիւն, ժողովուրդին բարօրութիւնը ուղղակիօրէն կը ծառայէ այդ նպատակին։ Տնտեսական կայունութիւնը կը նուազեցնէ խռովութեան պատճառները, իսկ կարող հաստատութիւնները պետութիւնը աւելի քիչ կախեալ կը դարձնեն մէկ անձէն։

Վերջնական չափանիշը արդիւնքն է. եթէ քու որոշումներդ կը թուլացնեն տնտեսութիւնը եւ կը ծանրացնեն հասարակութեան վիճակը, ուրեմն չես ծառայած քու իսկ շահիդ, որքան ալ լաւ ըլլան մտադրութիւններդ։

ՄԱՐՔՈՍ ԱՒՐԵԼԻՈՍ. պատասխանատուութիւն եւ ծառայութիւն: 

Մարքոս Աւրելիոսի գաղափարները առանձնայատուկ կշիռ կը ստանան, որովհետեւ ան միաժամանակ կայսր էր եւ ստոյիկ փիլիսոփայ։ Ան գրեց իշխանութեան սրտէն՝ իշխանութիւնը ապրելով։ Պետութիւնը կառավարիչին անձին շարունակութիւնը չէ, իսկ իշխանութիւնը՝ անձնական սեփականութիւն չէ։ Պետութեան ծառայողը միայն պէտք չէ հարցնէ՝ «ասիկա իմ դիրքս կը զօրացնէ՞», այլ՝ «ասիկա հանրային շահին կը ծառայէ՞»։ Կրնայ պատահիլ, որ կարճաժամկէտ ժողովրդականութիւնը պահպանող քայլը հակասէ այն բանին, ինչ պետութիւնը երկարաժամկէտ առումով կը պահանջէ։

Մարքոս Աւրելիոս նաեւ կարեւոր առաքինութիւն մը կը շեշտէ՝ ճշմարտութեան երեւան գալուն պարագային սեփական կարծիքը փոխելու պատրաստակամութիւնը։ Ով որ միայն այն կը լսէ, ինչ որ իր մտածածին կը համապատասխանէ, տեղեկութեան պակաս չունի. անոր պակսողը հակառակ կարծիքը լսելու պատրաստակամութիւնն է։

ԱԲՈՒ ՊԱՔՐ ԱԼ-ՍԸՏՏԻՔ. «Կառավարիչը, որ թոյլ կու տայ իրեն ուղղուիլ» - հաշուետուութիւն:

Ապու Պաքր ալ-Սըտտիք՝ առաջին ուղղահաւատ խալիֆան, իր իշխանութեան առաջին խօսքին մէջ խնդրեց, որ իրեն օգնեն, երբ լաւ գործէ եւ ուղղեն, երբ սխալի։ Այսինքն՝ ան կ՚ընդունէր, որ կառավարիչը կրնայ սխալիլ եւ սխալը ուղղելը պետութիւնը պաշտպանել է, ո՛չ թէ իշխանութեան դէմ ըլլալ։

Երբ ճշմարտութիւնը ըսելու գինը աւելի մեծ կը դառնայ, քան զայն թաքցնելու գինը, պատասխանատու պաշտօնեաները կը սորվին, որ լռութիւնը աւելի ապահով է, քան առարկութիւնը։ Այդ պահուն իշխանութիւնը այլեւս պէտք չունի ճշմարտութիւնը ուղղակիօրէն արգիլելու. բաւարար է զայն ըսելը վտանգաւոր դարձնել։

ՈՒՄԱՐ ԻՊԸՆ ԱԼ-ԽԱԹԹԱՊ. «Արդարութիւնը կը սկսի ամենէն տկարէն» - արդարութիւն: 

Ումար իպըն ալ-Խաթթապի անունը կապուած է արդարութեան, ինքնահաշուետուութեան խստութեան եւ այն համոզումին հետ, որ իր պատասխանատուութիւնը չի՛ վերջանար պաշտօնեաներու ներկայացուցած տեղեկութիւններով։ Իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ կայ քաղաքացի մը, որ հեշտութեամբ կը հասնի իշխանութեան պատասխանատուներուն եւ ուրիշ մը, որ պետութեան արդարութեան կը սպասէ՝ առանց այդ ճանապարհը բանալու միջոցներ ունենալու։ Եթէ իրաւունքները կը հասնին միայն անոր, որ կրնայ պահանջել զանոնք, ապա օրէնք գոյութիւն ունի, բայց արդարութիւն՝ ոչ։

Ուժեղ պետութիւնը այն պետութիւնն է, որ ամենատկար քաղաքացիին հնարաւորութիւն կու տայ վստահելու իրեն եւ ո՛չ թէ ստիպէ զայն ապաւինելու անձնական կապերու կամ ազդեցութեան։

Պարզ հարցում մը կայ. հասարակ քաղաքացիին իրաւունքը պետութեան կը հասնի՞ այն նոյն դիւրութեամբ, ինչպէս ազդեցիկ մարդուն իրաւունքը։ 

Պատմութիւնը նաեւ կը ներկայացնէ օրինակներ, թէ ի՞նչ կը պատահի, երբ այս սիւները կը բացակային։

Ներոնը իր անձնական քմայքները դարձուց պետութեան ճակատագրին մէկ մասը։ Լուի ԺԶ. ժառանգեց խոր ճգնաժամ մը, բայց ժամանակին չկարողացաւ վճռականօրէն դիմագրաւել զայն։ Հիթլէր շրջապատուեցաւ այնպիսի համակարգով, ուր իրեն հակառակիլը դաւաճանութիւն կը նկատուէր եւ այդ ընթացքը վերջ գտաւ աննախադէպ պատերազմի ու աւերումի մէջ։ Փոլ Փոթ գաղափարախօսութիւնը իրականութենէն եւ մարդէն վեր դասեց։

Տարբեր օրինակներ են, բայց անոնց ընդհանրութիւնը մէկ բան է. վերը գտնուող անձը կորսնցուց ինքզինք արտաքինէն դիտելու կարողութիւնը, իսկ իր շուրջ ստեղծուած համակարգը կորսնցուց անոր ճշմարտութիւնը ըսելու կարողութիւնը։ 

Ահա թէ ինչո՛ւ պետութիւնը այս վտանգէն պաշտպանող հաստատութենական երաշխիքներու կարիք ունի։

Որոշ համակարգեր, յատկապէս հաստատուած ժողովրդավարութիւնները, պատասխանատուութիւնը կառուցած են մնայուն կառոյցներու վրայ, որոնք կախեալ չեն կառավարիչի առաքինութենէն կամ այդ պատասխանատուութիւնը ընդունելու իր պատրաստակամութենէն։ Պարբերական ընտրութիւնները, անկախ դատական համակարգը, պաշտօնավարման ժամկէտներու սահմանափակումները եւ իշխանութեան հաստատութենական բաժանումը այն գործիքներն են, որոնք իրենց գործելու համար կառավարիչէն արտօնութիւն չեն խնդրեր։ Անոնք չեն փոխարիներ եօթը առաքինութիւնները, բայց կ՚ապահովեն, որ անոնցմէ մէկուն բացակայութիւնը որոշակի անձի մը մէջ չնշանակէ ամբողջ պետութեան փլուզումը։

Ո՛չ ոք պէտք ունի անսխալական ըլլալու. ասիկա անկարելի է։ Պահանջուածը այն է, որ մարդ կարող ըլլայ իր սխալը նկատել՝ նախքան անիկա պետութեան մը ճակատագիրը դառնալը։

Եօթը սիւները տեսական բանաձեւ մը չեն. անոնք գործիքներ են, որոնք զիրար կը լրացնեն եւ զիրար կը պահեն։ Որքան կ՚ընդարձակուի որոշում կայացնողին իշխանութիւնը, այնքան անոր կարիքը աւելի մեծ է՝ ո՛չ թէ զինք ժողովուրդէն պաշտպանող, այլ՝ զինք իր անձէն պաշտպանող սիւներու։ 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ 


(*) Եգիպտացի դիւանագէտ եւ հրապարակախօս։ 1995-ին նշանակուած է դեսպան եւ 2003-2007 թուականներուն ներկայացուցած է Եգիպտոսը Քուէյթի մէջ։ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ զբաղեցուցած է բարձր պաշտօններ, ներառեալ՝ նախարարի օգնականի պաշտօնը։ Յետագային արաբական մամուլին մէջ հանդէս եկած է նաեւ որպէս հրապարակախօս՝ անդրադառնալով միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026