ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ

1. Քանի՞ հատ են Եկեղեցւոյ խորհուրդները, որո՞նք են: 2. Ի՞նչ կը նշանակէ խորհուրդ: 3. Ինչո՞ւ Ս. Խորհուրդ կ՚ըսենք: 4. Քանի՞ տեսակ է: 5. Ինչէ՞ն յայտնի է եօթը հատ ըլլալը:

1. Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը գլխաւորաբար Աստուածային խորհուրդներուն կը վերաբերին, որոնք եօթն են. 

ա. Մկրտութիւն:

բ. Դրոշմ: 

գ. Ապաշխարութիւն:

դ. Հաղորդութիւն:

ե. Պսակ ամուսնութեան:

զ. Կարգ կամ Ձեռնադրութիւն:

է. Այցելութիւն կամ օծումն հիւանդաց:

Այս խորհուրդները Աստուածային օրհնութեամբ եկեղեցականներու ձեռքով պէտք է կատարուին, որովհետեւ հասարակութիւնը այդ իշխանութիւնը չունի. «Ատոր կեղծիքը շինողը պիտի պատժուի» (տ՛ես Ելք 30.33-38). «Աստուծոյ խորհուրդներուն հազարապետները» (տե՛ս Ա. Կր 4.1). «Մեզի հաշտութեան պաշտօնը տուաւ» (Բ. Կր 5.18):

2. Նախ «խորհուրդ» բառը «գաղտնիք» իմաստով առեւտրական, պատերազմական, բարեկամական եւ այլն բանակցութիւններ կ՚իմացուին, իբր (սըրր):

բ. Աստուածային խորհուրդ, որ արտաքին կերպով մարդկային ազգը Աստուծոյ սիրոյն հետ կը կապէ, այս կապը ճանչցողները Աստուածային կամքին հետ կապուեցան, իսկ չճանչցողները անբնական կեանքին մէջ պատժուեցան. օրինակի համար, ամուսնութիւնը յարգողները ջրհեղեղէն ազատեցան (Ծն 7.1), իսկ չյարգողները՝ կորսուեցան. «Կ՚ուտէին, կը խմէին, կիներ կամ այրեր կ՚առնէին» (տե՛ս Մտ 24.38: Ղկ 17.27). ո՛չ թէ կին առնելը մեղք էր, այլ՝ առանց Աստուածային օրհնութեան ու պսակի անասնաբար իրենց ուզածին հետ միանալը պատիժի արժանի էր, ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրած է. «Ամուսնութիւն արգիլողներ պիտի գան վերջին ժամանակներուն» (տե՛ս Ա. Տմ 4.3). իրապէս ալ եկան եւ այսօր ալ կան. «Ի՞նչ է պսակը. մարդ մը իր ուզածը թող առնէ, կամ զայն կը ձգէ եւ ուրիշ մը կ՚առնէ» ըսող անհաւատներ, նոյնպէս չապաշխարողներն ալ պատժուեցան. Սոդոմ, Գոմոր եւ այլն, ուստի, Եկեղեցւոյ Խորհուրդը Աստուածային է, Աստուածային ըլլալուն համար ալ Ս. Խորհուրդ է:

3. Քրիստոսի Եկեղեցիին խորհուրդները Ս. Խորհուրդ կոչուելու արժանի են. որովհետեւ ինչպէ՞ս բան մը կամ գործողութիւն մը պիտի ըլլար, որ մարդս սրբելու կարողանար Ադամական մեղքէն, եթէ ո՛չ անտեսանելի կրակ մը, կամ Աստուածային հրաշք մը հազիւ թէ կարենար մեզ այն ծանր մեղքէն սրբել. ելեկտրական զօրութիւն մը կամ երկաթուղիի շղթայ մը անկարելի էր, որ մեզ կարենար Քրիստոսին հաղորդակից ընելու, իսկ պարզ ջուրը՝ սրբութեան միջոց եւ պարզ հացն ու գինին՝ հաղորդութեան միջոց սահմանուեցան մեզի համար Քրիստոսի կողմէ. նիւթապէս ջուր՝ բարոյապէս հոգիի մարքրութիւն. նիւթապէս հաց՝ բարոյապէս Քրիստոսի մարմին, հետեւաբար ո՞ր մէկ բերանը կը համարձակի «սուրբ խորհուրդ» չըսելու:

4. Խորհուրդը երկուքի կը բաժնուի, այն է՝ «Անհրաժեշտ խորհուրդի» եւ «Հարկադրական խորհուրդի»:

Անհրաժեշտը այն է, որ քրիսոտնեայի մը համար առանց անոր փրկութիւն չկայ, առ հասարակ պէտք է. Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն ու Հաղորդութիւն, որովհետեւ Քրիստոս վճռած է. իսկ միւս երեք խորհուրդները՝ Ամուսնութիւն, Ձեռնադրութիւն եւ Հիւանդներու այցելութիւն հարկադրական խորհուրդներ են, կամ մասնաւոր շնորքհ, որովհետեւ մարդ կայ, որ չ՚ամուսնանար, Քրիստոսի համար ներքինի կը սեպէ ինքզինք, անդին բոլոր մարդիկը եկեղեցական չեն ձեռնադրուիր, կը պատահի քրիստոնեայ մըն ալ, որ իր հաւատքին ու բարեպաշտութեան մէջ օտար երկիր մը կը մեռնի կամ ծովուն մէջ կ՚իյնայ, քանի որ այս վերջին երեք խորհուրդները զատ-զատ վախճան ու նպատակ ունին եւ ասոր հետ մէկտեղ խորհուրդները եօթէն աւելի կամ պակաս են չենք կրնար ըսել, որովհետեւ Ս. Գիրքին վկայութեամբ հաստատուած են:

5. Եկեղեցիոյ խորհուրդները եօթն են. «Իմաստութիւնը իր տունը շինեց եւ անոր մէջ եօթ սիւներ կանգնեցուց» (Առ 9.1): Աստուծոյ՝ երկրի վրայ պտտող աշտանակի կամ քարի վրայի եօթը աչքը (Զք 3.9), ինչպէս որ այն աշտանակն ու քարը «դո՛ւն ես վէմը» ըսելով Քրիստոսի եկեղեցին ըլլալը ինք եւս գիտցուց. (Մտ 5.15). նաեւ Սողոմոնին տեսած եօթը սիւնը Քրիստոսի ու առաքեալներուն հիմքին վրայ շինուած Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն զատ բնաւ բանի մը չենք կրնար տալ, եթէ տալ ալ ուզենք, նոյնիսկ չենք կրնար յարմարցնել, որովհետեւ Աստուծմէ բացի իմաստուն մը չկայ, որ չսխալի. ճիշդ Իմաստութիւնը Աստուած Ինքն է, նոյնիսկ եօթը խորհուրդներուն հեղինակը եւ կարգադրողն ալ Ինքն է, որոնց մասին առանձին-առանձին խօսելով, պիտի տեսնենք, թէ ճիշդ եօթն են խորհուրդները, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 21

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026