ԿԱՏՈՒՆ

…Սրճարանին մէջ նստած էր, երբ յանկարծ միտքը եկաւ Սամիրային քով երթալ։ Ներողութիւն խնդրեց թուղթ խաղացող իր ընկերներէն, աթոռը ետ քաշեց ու ճամբայ ելաւ։ Օդը տաք էր, արեւը կը տաքցնէր գլուխը, բայց ոչինչ կրնար կասեցնել իր որոշումը։ Երբ առաջին թաքսին տեսաւ, ձեռքով նշան ըրաւ անոր եւ նետուեցաւ ետեւի նստարանին՝ վարորդին ըսելով. 

Այսինչ փողոցը։

Երբ տեղաւորուեցաւ նստարանին, չարամիտ միտք մը յարձակեցաւ գլխուն վրայ. 

- Ո՛վ ստախօս… Դուն Սամիրային կ՚երթաս, որովհետեւ երթալու ուրիշ տեղ մը չունիս… Դատարկութիւնն է, որ քեզ դէպի անոր կը քշէ… 

Հպարտօրէն ժպտեցաւ եւ ապտակով մը վանեց այդ միտքը. 

- Ես անոր քով կ՚երթամ, որովհետեւ կ՚ուզեմ անոր քով երթալ…

Մինչ ինքնաշարժը ճամբուն վրայ արագ կը յառաջանար, ան փոքրիկ խեղդուածութիւն մը զգաց կոկորդին մէջ, զգացում մը, որ միշտ կ՚ունենար, երբ մեծ բան մը ընել որոշէր, իսկ երբ նայեցաւ ափին վերի կողմը, իր երակները անբնականօրէն ցցուած էին, ան սկսաւ եղանակ մը սուլել, ինքնիրեն ըսելով.

- Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Սամիրային կ՚երթամ…, եւ ես անոր կարիքը կը զգամ: 

Ան սկսաւ պատուհանէն մարդիկը դիտել։ Մրջիւն մը կը քալէր իր ոլորապտոյտ տարօրինակ եւ յատուկ ճամբայէն, զոր ո՛չ ոք գիտէ եւ ո՛չ ոք գիտէ, թէ ո՛ւր կ՚երթայ…։ Ան մտածեց, որ մարդ մը ամբողջական կեանք մը կ՚ապրի. իր ուզածը կ՚ընէ, կ՚երթայ ո՛ւր որ կ’ուզէ եւ իր ամբողջ կեանքը անցուցած է առանց ցնցումներու։ Տակաւին, ո՛չ մէկ ցնցում պիտի չկարենար իր վստահութիւնը շարժել այս յաջողութեան նկատմամբ։ Ի՞նչ բանը կ՚արժէ, որ իր հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը խաթարէ: Ան յստակօրէն կը յիշէ, թէ ինչպէ՞ս Սամիրային գացած էր այն նոյն օրը, երբ հայրը մահացած էր։ Ան անգամ մը իր ընկերներէն մէկուն ըսած էր, թէ Սամիրան է այս աշխարհի ամէն ինչը… Ան միակ սահմանուած բանն է, որ մարդ գիտէ, թէ ո՛ւրկէ կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ…, ե՞րբ պիտի կարենային այդ մրջիւնները հասկնալ, թէ Սամիրան է ճշմարտութիւնը… եւ թէ ամէն ինչ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ուրիշ կողք մը, որ ուրիշ կողք մը կը կողքէ եւ թէ բացի անկէ ուրիշ ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն կայ… Յանկարծ ան յայտնաբերեց, թէ այդ բոլոր մրջիւն մարդոց կը գերազանցէ, որովհետեւ… 

- Որովհետեւ ի՞նչ եմ:

Գլուխը շարժեց եւ համոզուեցաւ, թէ այդ բոլորէն գերազանց է պատճառի մը համար, որ անպայման պէտք է տեղ մը ըլլայ, սակայն, հիմա կարիք չկայ փնտռելու համար զայն եւ բաւարարուեցաւ համոզուելով իրական զգացումով, որ կը պայթէր իր մարմինին մէջ, որով կը լուար իր երակները եւ կը զգար զայն կոկորդին մէջ…

- Ո՞ւր կ՚ուզէք, որ կանգնիմ, պարոն: 

- Ուր որ ալ կրնաս այստեղ տեղ մը…: 

Նայեցաւ ծերացած դէմքով վարորդին՝ քննադատելով զայն… եւ մտաբերեց, թէ այս վարորդը գիտէր, թէ ո՛ւր կ՚երթայ, սակայն չամչցաւ, այլ՝ ծիծաղեցաւ անոր դէմքին եւ ինքնիրեն ըսաւ. 

- Անպայմանօրէն պէտք է այս վարորդը ըլլար, որպէսզի զիս այստեղ բերէր, ինչպէս նաեւ պէտք է, որ Սամիրան ալ ըլլայ, որպէսզի ինքզինք զուարճացնեմ… 

Այս մտածումը իրենց այն գիտակցութիւնը տուաւ, թէ իր գերազանց ըլլալու զգացումը դատարկ զգացում մը էր… Արդարեւ, վարորդը գիտէր, ինչպէս իրեն թուեցաւ, թէ կը հասցնէր զինք հոն՝ ուր կ՚ուզէր ինքզինք ուրախացնել. Սամիրան ալ գիտէր, որ պէտք է ուրախացնէր զինք… Այսպիսով սկսաւ քալել նեղ փողոցներով, որ կը տանէր դէպի Սամիրային տունը՝ զգալով, թէ այն փոքրիկ առանցք մըն է, որու շուրջ կը պտտի ամբողջ կեանքը…: 

Մինչեւ այստեղ ամէն բան լաւ կ՚ընթանար եւ կը զգար, թէ խոր համոզուածութիւնը կը պայթէր իր մարմինին մէջ, սակայն, խեղդուածութիւնը, որ կը նեղէր իր կոկորդը՝ երթալով կը մեծնար:

- Շատ լաւ, ասիկա նշան է, թէ իմ ամբողջ էութեամբս կը ցանկամ զայն… եւ ասիկա աւելի լաւ է: 

Ատիկա ըսաւ, որովհետեւ նախապէս երբ Սամիրային դուռը կը ծեծէր՝ կը կորսնցնէր իր ցանկութիւնը… եւ կը զգար այդ փոքր խեղդուածութիւնը, որ կը հալէր իր կոկորդին մէջ, ապա կ՚իյնար իր ստամոքսին մէջ…, ապա ամէն ինչ տեղի կ՚ունենար առանց որեւէ մէկ ցանկութեան… եւ այս բանը իր մէջ անսահման տհաճութիւն կը յառաջացնէր… Իսկ հիմա ամէն բան կրագին էր: 

- Եթէ Սամիրան մեծ փողոցի մը վրայ բնակէր, ապա պիտի խնայէր զիս քալելու այս տրտմած փողոցին մէջ… Ինչո՞ւ չի բնակիր այնպիսի տեղ մը, ուր ինքնաշարժ կրնայ կանգնիլ: 

Տակաւին մարդոց դէմքերը կ՚անցնէին իր առջեւէն այդ փողոցին մէջ եւ ինչքան կը խորանար, այդ դէմքերը կը քիչնային:

Իրեն ծիծաղելի թուեցաւ, թէ այդ բոլորը Սամիրային մօտ կը բնակէին ու չէին գիտեր, թէ ինք անոր մօտ կ՚երթայ…, աւելին, թերեւս նոյնիսկ Սամիրան չեն ճանչնար: Քամահրոտ ծիծաղը անգամ մը զսպեց եւ այնպիսի զգացում մը ունեցաւ, կանգնեցնելու իւրաքանչիւր մարդ՝ որ կ՚անցնէր իր քովէն, շարժէր զայն իր ուսէն ու գոչէր անոր. 

- Դուն խեղճ ես: 

Ապա շարունակէր իր ճամբան դէպի Սամիրան… Սակայն, Սամիրան ինչո՞ւ չի բնակիր այնպիսի տեղ մը, ուր ինքնաշարժը կրնար մտնել: 

- Թերեւս ոստիկանութենէն կը վախնայ… Թերեւս դրամն էր պատճառը: Այդ մէկը կարեւոր չէ: Կարեւորը այն է, որ սենեակը լայն ու հանգստաւէտ է եւ Սամիրան…: 

«12-րդ անկողինին մահը»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շարունակելի…

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2026