ԸՆԴ ԵՐԿԱ՜ՅՆ ԱՒՈՒՐՍ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտը այսօր աղօթքի միասնականութեան, հոգեւոր նորովի հաղորդակցութեան մէջ է իր ընդհանրական հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին հետ, որ կը դառնայ 75 տարեկան։ Վեհափառ Հայրապետը արդէն թեւակոխած է իր ծննդեան 75-ամեակի յոբելենական շրջանը եւ այս հանգրուանին բոլորին շուրթներուն է. «Ընդ երկա՜յն աւուրս…»։
Սա սովորական յոբելեան մը չէ՝ քանի յոբելեարը հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ հիմնուած գահուն 132-րդ յաջորդն է, առաքելահաստատ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շնորհազարդ գահակալը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական հայրապետն ու նուիրապետութեան սրբազնագոյն գլուխը։ Աշխարհի շուրջ տասն միլիոն հայու բարոյական հայրն է ան, հոգեւոր միասնականութեան խորհրդանշանն ու երաշխաւորը, խղճի ձայնը։ Որպէս հայոց վեհափառ եւ վեհաշնորհ հայրապետը՝ ան այսօր աշխարհացրիւ իր հօտի հաւատարիմ եւ հաւատացեալ զաւակներու սրտին մէջ հերթական անգամ պատուանդանի վրայ է։ Նորին Սրբութեան յոբելեանը առիթ կը դառնայ համազգային հոգեւոր հրճուանքի։ Իր հօտը համակուած է բացառիկ բարձր տրամադրութեամբ եւ տոգորուած երախտագիտական զգացումներով՝ քանի կեանքի նոր հանգրուանի մը սեմին է այն անձը, Աստուծոյ եւ ազգի ընտրեալը, այն օծեալ անձը, որու գլխէն հեղուած սրբալոյս միւռոնը անկիւնադարձային եղած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ։
Այսօր կարելի է թոյլ տալ Վեհափառ Հայրապետի համեստութեան սահմանէն դուրս գալ՝ արձանագրելու համար, որ ան փոխած է իր եկեղեցւոյ եւ ազգին ճակատագիրը։ Որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիւ մէկ սպասաւորն ու առաջին սաղմոսերգուն՝ ան հայրապետական գահուն վրայ աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր անշեղօրէն կ՚ընթանայ՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համար հզօր կեդրոն կերտելու տեսլականով։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան ժամանակահատուածին որակապէս նոր ներկայութիւն մը դարձած է հայոց կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետի տեսլականը եղած է կերտել հզօր հոգեւոր կեդրոն մը՝ քանի միայն այդպիսին կրնայ բարձր ձգողականութեամբ երաշխաւորել աշխարհացրիւ հայութեան հոգեւոր միասնութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետի յոբելեանը կը նշուի բացառիկ իրավիճակի մը մէջ. բացառիկ՝ ո՛չ միայն աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր իր ծաւալած՝ հրաշագործութեան համազօր գործունէութեամբ, այլեւ իր եւ իր անձին մէջ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մերօրեայ մարտահրաւէրներով։ Արդարեւ, 75-ամեայ Վեհափառը վերջին տարիներուն թիրախը դարձած է Հայաստանէ ներս իշխանութիւններու եկեղեցահալած քաղաքակութեան։ Ամօթալի այդ ընթացքի համայնապատկերին վրայ, իր 75-ամեակի շրջանին Վեհափառ Հայրապետը կ՚անցնի՝ արհեստական, նոյնիսկ ծիծաղելի մեղադրանքներով դատարանի առջեւ կանգնելու փորձութենէն։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր զաւակը կը դառնայ Հայոց Հայրապետի բարոյական հոգեհատորը՝ Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութեան պահուն, երբ ճակատը կը դրոշմուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հասած իր իսկ ձեռքով օծուած սրբալոյս միւռոնով։ Հայոց Հայրապետը այսպէսով հաւատք եւ յոյս կը բաշխէ իր աշխարհացրիւ հօտին, որու հաւատացեալ զաւակներու կեանքի ապաւէնը կը դառնայ անոր ամենասուրբ եւ ամենահզօր աջի հովանին։
Այսօր, համայն հայութիւնը նոյն հաւատքով եւ յոյսով կ՚աղօթէ Վեհափառ Հայրապետին համար, որպէսզի իր ծով համբերութեամբ, անկրկնելի վճռակամութեամբ եւ հանճարներու բնորոշ հեռատեսութեամբ կարողանայ յաղթահարել առկայ ամօթալի իրավիճակը եւ լուսաւորչահաստատ ու առաքելահիմն Մայր Աթոռի վրայ կարողանայ տակաւին երկար գահակալել արեւշատութեամբ՝ ծաղկուն գաւազանը ի ձեռին եւ հայրական ժպիտը դէմքին։
Վեհափառ Հայրապետի գահակալած աւելի քան քառորդ դարու ժամանակահատուածը կարծես հայոց արդի պատմութեան ու վերանկախացեալ պետականութեան տարեգրութեանց ամփոփումն ու խտացումը եղած ըլլար։ Վերելքներ, վայրէջքներ, ձեռքբերումներ, դիմադրութիւններ, անկումներ, ցնցումներ եւ մասամբ նորին… Այդ բոլորը, առանց բացառութեան՝ եկած է վերահաստատել լուսաբեւեռ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան ու դերակատարութեան եւ անոր սրբազնագոյն գահակալի մարմնաւորած կերպարի անփոխարինելի նշանակութիւնը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ հայութեան հոգեւոր, իմացական արժէքներու գանձանակի հանգամանքով՝ կը բնորոշէ իր հօտի դիմագիծը եւ կը մարմնաւորէ անոր ժառանգութիւնն ու ինքնութիւնը, բոլոր ժամանակներուն կը դառնայ ազգի ու ժողովուրդի հայելին։ Թէ ի՞նչ կը ցոլանայ այդ հայելիէն այսօր…Վէճէ դուրս է, որ հայելիէն ցոլացածը հայութեան ցոյց կու տայ տարբեր ընթացքով շարունակելու եւ առկայ կործանարար ընթացքը կասեցնելու համար տարբեր յանձնառութիւններու հետամուտ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։ Այդ բոլորի հարթ, համերաշխ, սահուն եւ միասնական ճանապարհով իրագործման համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է աղօթքը Վեհափառ Հայրապետին, որ իր ծննդեան 75-ամեակի յոբելենական շրջանին աննկուն կամքով կը ջանայ կուրծք տալ իր հօտը միասնական, իր Սուրբ Եկեղեցին անձեռնմխելի պահելու մարտահրաւէրներուն։
Ծառայ ենք, Վեհափառ Տէր, Աստուած օգնական։
Ամէն հայի սրտից բխած,
Լսիր այս ձայն, ով Աստուած.
Երկար կեանք տուր Հայրապետին,
Երկար օրեր Հայոց Հօր.
Տէր, անսասան պահիր դու միշտ
Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ