ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՈՐՈՆՈՒՄ
Հայաստանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս ընտրութեան ժամացոյցը կը բանէր եւ վաղը արդէն եզրափակիչ փուլն է։ Պառակտումներու, բեւեռացումներու մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի ընտրութիւնը։ Երբ երկիրը գոյաբանական վտանգներու դիմագրաւման ջանքեր կը գործադրէ, այս ընտրութիւնը նոր սկիզբի մը որոնումը կը համարուի։ Քուէարկութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանի տեսակէտէ։
Երեսունհինգ տարիէ ի վեր արդէն անկախ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Այս ժամանակաշրջանին երկրէն ներս երբեք ընտրութեան միջոցաւ իշխանութիւն չէ փոխուած։ Սա կարեւոր ցուցիչ մըն է՝ ներքին խնդիրներուն տեսակէտէ։ Աւելի՛ն, 44-օրեայ պատերազմի ծանր պարտութեամբ պայմանաւորուած հետեւանքներու պայմաններուն ներքեւ, վերջին տարիներուն ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը միշտ կ՚ըլլայ շատ ցած, ինչոր առանձնապէս մտահոգիչ երեւոյթ մըն է։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանափակ ներուժ մը ունի եւ այս իրականութեամբ կը փորձէ կուրծք տալարտաքին մարտահրաւէրներու։ Իսկ ներքին անհաւատալի բեւեռացումը կը խոչընդոտէ միասնականութեան ուհամախմբման մթնոլորտի մը ստեղծումը, ինչ որ կը պատնեշէ բազմապատկիչ գործօններու ստեղծումը։Հակասական այս հաւասարա-կըշռութիւններուն մէջ, երկրի քաղաքացիները վաղը քուէատուփի մօտ պիտիփութան՝ արտայայտելու համար իրենց կամքը։
Հայաստանի ընտրութիւնները թէ՛ համաշխարհային եւ թէ տեղական առումով շատ հետաքրքրականիրավիճակի մը մէջ տեղի կ՚ունենան։ Արդարեւ, ամբողջ աշխարհի մէջ առկայ է տագնապալի իրավիճակ մը՝զանազան գործօններու ազդեցութեամբ։ Կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնները սովի հեռանկարներկ՚ուրուագծեն մարդկութեան առջեւ, իսկ ջուրի տագնապը հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ միջազգայինօրակարգին վրայ։ Պարէնի եւ սննդամթերքի արտադրութիւնը այս ձեւով հետզհետէ կը նուազի, աշխարհի վրայկը ծագին պատերազմներ, ապօրինի գաղթը թափ կը ստանայ եւ մարդկութեան օրակարգին վրայ կ՚աւելնանայսօրինակ խնդիրներ, երբ թեքնոբանական զարգացումները եւ արհեստական բանականութիւնն ալ առիթկ՚ընձեռեն նոր ապագայի մը շուրջ խօսելու մասին։ Այս համայնապատկերին վրայ ի յայտ կու գայ անհարքելիճշմարտութիւն մը, թէ երկրագունդի վրայ լայն զանգուածները հետզհետէ աւելի կ՚աղքատանան, բարեկեցութիւնըկը սահմանափակուի, ինչ որ աշխարհի վրայ կը հրահրէ ծայրայեղութիւն, այլատեացութիւն եւ այլ վտանգաւորհոսանքներ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ լուրջ հարցաքննութեան կ՚ենթարկուի նաեւ ժողովրդավարութիւնը, որբազմաբեւեռ աշխարհի մէջ յոյժ ձեւական դարձած է, դժբախտաբար։ Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջղեկավարութիւնները աստիճանաբար ազատութիւնները սահմանափակելու ճանապարհով կ՚ընթանան եւ այսբանին համար ակնյայտօրէն կ՚օգտագործուին դատական եւ իրաւապահ մարմինները։ Բնականաբար, այսհանգամանքը աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ թէ՛ տեղական եւ թէ միջազգային համակարգին նկատմամբ լուրջանվստահութիւն կը հրահրեն։
Միջազգային տեսակէտէ ահա այսպիսի մտահոգիչ իրավիճակի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանիընտրութիւնը։ Հարաւային Կովկասի նման բարդ տարածաշրջանի մը մէջ, պատերազմի հետեւանքներըտակաւին առանց թօթափած ըլլալու, Հայաստանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւն։ Տարակոյս չկայ, թէ ընտրութիւններուն ընդառաջ երկրէն ներս ստեղծուած կացութիւնը կենսունակ ժողովրդավարութեան մըտեսակէտէ յոյս ներշնչելէ հեռու էր։ Հայաստանի իշխանութիւնը արդէն որեւէ վէճի տեղ չի թողուր, թէժողովրդավարութեան մեղրալուսինը վաղուց աւարտած է։ Անշուշտ, այս հանգամանքը ուղիղ արձագանգ չիգտներ, որովհետեւ համաշխարհային բեւեռացումներու մթնոլորտին մէջ բոլոր դերակատարները կ՚ընթանանիրենց մերձաւորներու, իրենց նախընտրելի իշխանութիւններու քայլերը արդարացնելու ճանապարհով, ինչ որանխուսափելի կը դարձնէ նաեւ հակառակ վարկածը։ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք բազմաթիւճակատներու վրայ երկիրը տարած են ձախողման, արդէն վերջին շրջանին սկսան բեւեռում հրահրել երկրէններս եւ այդ գործը ըրին՝ երկիրը Արեւմուտք-Ռուսաստան մրցակցութեան հարթակին վերածելով։ Թէ այսնախընտրութիւնները ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենան, առայժմ դժուար է կանխատեսել։ Յամենայնդէպս, երկրիընդդիմութիւնն ալ պետական մտածելակերպի տեսակէտէ հարիւր տոկոսով քննութիւն մը տալէ հեռու մնացած էայս ընտրապայքարին։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները նոր ապագայ մը կ՚որոնեն իրենցհամար, իսկ ընդդիմութիւնը պարզապէս կը ջանայ թիրախաւորել այժմու իշխանութիւնը։ Ճիշդ է, որ Հայաստանիմէջ կամ աշխարհի որեւէ երկրէն ներս նոր ապագայի մը սկիզբը հնարաւոր կրնայ դառնալ առաջին հերթինտուեալ պահու իշխանութեան փոխուելով, սակայն, այդ փոփոխութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ եննոր խօսոյթներ, նոր պատում մը եւ մասնաւորապէս նոր վստահութիւն մը։ Նախընտրական կլիման եկած էապացուցանել, որ Հայաստանի ապագան ներկայիս, ըստ էութեան, կախում ունի արտաքին դերակատարներուվերաբերմունքէն։ Այլապէս, արտաքին խաղացողներու ազդեցութեան եւ անոնց հետ համագործակցութեանհաւանականութիւններուն վերաբերեալ խօսակցութիւններով քաղաքական ուժերը պիտի չփորձէինքաղաքացիները փորձել համոզել։ Ընտրութիւններուն մասնակից գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերուպատգամները անխուսափելիօրէն դուռ կը բանան արտաքին ուժերու ազդեցութեան վերաբերեալտպաւորութեան։
Ի լրումն այս բոլորին, այժմու ընտրութիւնները մտահոգիչ յաւելեալ երանգ մը կը ստանան՝ մասնաւորապէսիշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան տեսակէտէ, ինչ որ համազգային ներուժը մսխելու տեսակէտէչափազանց մտահոգիչ երեւոյթ մըն է։
Հուսկ, Հայաստանի վաղուան ընտրութիւնը պիտի սահմանէ հայոց արդի պատմութեան մէջ բախտորոշ կէտ մը։Սա հանգրուան մըն է, որ առաջին հերթին դէպի ապագայ թիավարելու ճանապարհին հաշուարկները պիտիթարմացուին, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, պատմական ընդհանուր արժեւորումի եւ ընկալումներու տեսակէտէալ նուազ կարեւոր չէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
editor@jamanak.com