Չորեքշաբթի 1, Ապրիլ 2026
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի ընդառաջ կը տիրէ բացառիկ խանդավառութիւն։ Աւագ շաբթուայ սկիզբին դպրոցի տղաքը սկսան հետեւիլ համապատասխան ծրագրի մը։ Զանազան ելոյթներով եւ աշխատանոցային ծրագիրներով կազմուած ընդհանուր նախագիծ մըն է այս մէկը, որու շնորհիւ տղաքը թէ՛ կը կատարելագործեն իրենց գիտելիքները եւ թէ հնարաւորինս կ՚անդրադառնան Աւագ շաբթուայ խորհուրդին։
Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու աշակերտներուն եւ կրթական մշակներուն հետ անմիջական աշխատանքի ընթացքին կը փոխանցէ իր գնահատանքն ու բարեմաղթանքը՝ տօնական շրջանին առթիւ։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026