Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԹՈՒԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԷ ՆԵՐՍ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքը վերջերս արժանացաւ՝ համաեւրոպական որակաւորումի մը, ինչ որ ուրախութիւն պատճառած է դպրոցի ընտանիքին։

2005 թուականին, Եւրոյանձնաժողովը հիմնած էր eTwinning-ը, որ քառասունհինգ երկրի մէջ կը գործէ։ Սա, Եւրոպայի մեծագոյն կրթական համայնքն է, որ հաստատուած է առցանց ձեւաչափով՝ նպատակ ունենալով կրթական մշակներուն ընձեռել թուային զանազան միջոցներ եւ մանաւանդ ցուցաբերել աջակցութիւն, որպէսզի անոնք ըլլան իրարու հաղորդ եւ մշակեն ծրագրեր։

Ս. Խաչ դպրեվանքը երեք տարիէ ի վեր մասնակից դարձած է eTwinning-ին եւ վերջերս արժանացած՝ «Որակի պիտակ»ի, որ դպրոցէն ներս ծաւալուած թուային աշխատանքի հետեւողականութեան վառ ցուցանիշներէն մին կը համարուի։ «Որակի պիտակ»ը Դպրեվանքին առջեւ նոր հեռանկարներ կը բանայ՝ Եւրոմիութեան կրթական այլ ծրագրերուն, աւելի բարձր գանձատրումով նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու համար։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026