ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գարակէօզեան տան ընտանիքը վերջերս մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդէսին առթիւ։ Իսկապէս փայլուն հաւաքոյթով մը տղաքը հրաժեշտ առին դպրոցէն՝ ուղղուելով կրթական կեանքէ ներս դէպի նոր հորիզոններ։

Շուրջ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու ժամանակ վարժարանին մէջ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Գարակէօզեան տան վարիչները փութացած էին ուրախակից ըլլալու շրջանաւարտ աշակերտներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Այսպէս, բազմաթիւ հիւրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը, որ յուզումնախառն զգացումներու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Տղաքը բացառիկ ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձան՝ շրջապատուած բոլորի բարեմաղթանքով։

Շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան՝ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Արթին Քիլեճի, վարժարանի տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու, ինչպէս նաեւ ընթացաւարտ դասարանի ուսուցչուհին՝ Սիլվիա Տուման։ Տղաքը բազմալեզու յայտագիր մը գործադրեցին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Անշուշտ, ամենայատկանշական պահերէն մին սահմանեց վկայականներու բաշխումը։ Բոլոր սաները ստացան իրենց վկայականները, Գարակէօզեան տան ընտանիքին կողմէ իրենց համար պատրաստուած հրաժեշտի յուշանուէրները՝ մինչ յաջողագոյններուն համար նախատեսուած էին նաեւ յաւելեալ պարգեւներ։

Ծրագրի գործադրութեան աւարտին, շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակի հատման պահուն խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Ապա բոլորը ընդունելութեան ընթացքին ունեցան ջերմ զրոյց՝ մասնաւորապէս շրջանաւարտները առարկայ դարձնելով իրենց գուրգուրանքին եւ անոնց հետ բաժնելով իրենց դրական սպասումներն ու բարեմաղթանքը՝ ապագային համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026