ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԱԽԱՃԱՇԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Երէկ առաւօտ, Գնալը կղզիի «Ճաշ» զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որ կազմակերպուած էր Կեդրոնական սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ: Շուրջ 130 հոգի համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններուն շուրջ՝ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ: Սա ատենապետ Տայք Տանձիկի կողմէ գլխաւորուած միութեան նորընտիր վարչութեան կազմակերպած առաջին նմանօրինակ հաւաքոյթներէն մին էր: Կեդրոնականի ընտանիքէն զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչներ զիրար վայելելու ուրախութիւնը ըմբոշխնեցին նախաճաշի սեղանին շուրջ: 

Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները եւ Կերդոնական վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան: 

Նախաճաշի ընթացքին Տայք Տանձիկ ունեցաւ ելոյթ մը՝ անդրադառնալով միութեան ապագային վերաբերեալ նորընտիր վարչութեան տեսլականին: Ան մատնանշեց, որ դպրոցի շրջանաւարտներու բարձր թիւին հետ խոտոր կը համեմատի միութեան անդամներուն սակաւ թիւը: Արդարեւ, միութեան անդամներու թիւը պէտք է բարձր ըլլայ, որպէսզի ան դառնայ ինքնաբաւ եւ աւելի աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալէ՝ իր հիմնադրութեան առաքելութեան ուղղութեամբ: Տայք Տանձիկ տեղեկութիւններ փոխանցեց վարչութեան կողմէ մշակուած ծրագրերուն եւ նախատեսուած ձեռնարկներուն շուրջ: Այս բոլորի հիմնական նպատակն է՝ աւելի յաճախակիօրէն համախմբել կեդրոնականցիները: 

Ատենապետի ելոյթէն վերջ, յայտագրի տեւողութեան տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն: 

Խանդավառ պահերու թատերաբեմը հանդիսացաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին Կեդրոնականի շրջանաւարտները անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ զիրար վայելեցին, թարմացուցին իրենց եղբայրութիւնը եւ նկարահանումներով անմահացուցին ստեղծուած ոգեւորութիւնը:

Կեդրոնականի ընտանիքի կառոյցները միշտ կը կարեւորեն՝ շրջանաւարտներու միջեւ միասնականութեան զգացումի խթանումը, ինչ որ դարաւոր կրթօճախի կայունութեան հիմնական գրաւականն է: (Լուսանկար՝ «Պոլիս ֆոթօ»)

 

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026