ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄՏԻՑ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԴԻՐՔ ԳՐԱՒԱԾ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց թրքահայ այն երիտասարդները, որոնք այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն արձանագրած են բացառիկ յաջողութիւն: Այսպէս, թիւով 12 յաջող երիտասարդները Գումգաբու փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար, արժանացան նաեւ անոր բարձր գնահատանքին: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացած 12 աշակերտներէն երեքը (Արա Ճանէլ, Արտէն Զէյֆիեան եւ Անտրէ Քոշուն) ոչ-համայնքային վարժարաններ աւարտած էին, իսկ մնացեալ ինը՝ համայնքային լիսէներու սաներն էին: Անոնց շարքին կային Կեդրոնական վարժարանի չորս շրջանաւարտներ՝ Լուսին Քարթուն, Տերեւ Թաշհան, Կարէն Քիւրքճիւօղլու եւ Միրա Օք, որոնց վրայ աւելցած էին Սահակեան-Նունեան վարժարանէն՝ Սանտրա Չաքար, Ճուլիա Քափ եւ Սառա Կէզէրօղլու, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան վարժարանէն՝ Արտա Եուրթէրի եւ Հայասա Յարզուարթեան: Հարկ է նշել, Արա Ճանէլ, Լուսին Քարթուն եւ Ճուլիա Քափ համալսարանի մտից քննութեան մասնակից միլիոնաւորներու կարգին մաս կազմած են առաջին 500-ի շարքին: 

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ՝ վարչայիններ, կրթական մշակներ եւ այլ պատասխանատուներ: Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Տ. Շիրվան քահանայ Միւրզեան եւ Տ. Նաթան քահանայ Արապեան:  

Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ համալսարանի մտից քննութիւնները կ՚ենթադրեն մեծ մրցակցութիւն մը եւ այդ մէկը իւրաքանչիւր տարի աւելի կը սաստկանայ: Այս պայմաններուն ներքեւ, մեր համայնքի լիսէականներու ապահոված արդիւնքները բացառիկ իմաստ կը ներկայացնեն՝ բոլորը յուսադրելով ապագայի ճանապարհին: Արդարեւ, մեր երիտասարդներուն նուաճումները համայնքային լիսէներու պարագային կը դառնան յաջողութեան փորձաքար, իսկ ոչ-համայնքային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ լիսէականներու ապահոված արդիւնքները՝ ապագայ մարդուժի կանխատեսման տեսակէտէ առարկայական նախադրեալներ կը ստեղծեն: 

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը այս 12 երիտասարդներուն անսահման յաջողութիւն մատնեց՝ համալսարանական ուսման տարիներուն համար:  

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026