ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ
Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ փայլուն համերգով մը՝ «Խաղաղութեան ձայներ»ը անուանումին ներքեւ: Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան: Ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ աւ. Քհնյ. Չնարեան, Տ. Կորիւն աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան, Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյրմենճեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր: Կրթական մշակներ, երգչախումբի տղոց ընտանիքներ, քոյր երգչախումբերու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր արդէն լեցուցած էին սրահը, ուր ստեղծուած էր բարձր տրամարդութիւն: Տնօրէն խորհուրդը բծախնդիր պատրաստական աշխատանքներ տարած էր՝ այս ձեռնարկի յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար եւ ստեղծուած մթնոլորտը արդէն կասկած չձգեց, թէ այդ ամբողջ աշխատանքը լիուլի արդարացած էր:
Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համերգը անցաւ տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ: Խմբավար Շանթ Էսմէրի մականին ներքեւ տղաքը այնքան յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագիրը, որու իւրաքանչիւր քայլափոխին հնչեց խաղաղութեան պատգամը: Երգացանկի գործերու գերակշիռ մասը հայերէն էր, կային նաեւ անգլերէն քանի մը գործեր:
Դաշնակահար Ժերոմ Շիմշեքչաք եւ նուագախումբ մը ընկերացան Լուսաւորիչ երգչախումբի փոքրիկներուն:
Եզրափակիչ փուլին, խմբավար Շանթ Էսմէր բեմ հրաւիրեց նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի բուն կազմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ պատկառելի համայնապատկեր մը պարզուեցաւ բոլորի աչքին առջեւ:
Յայտագրի աւարտին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան արտասանեց սրտի խօսք մը, յուշանուէրներ յանձնեց բոլոր անոնց, որոնք այս ձեռնարկի կազմակերպութեան ուղղութեամբ ջանք ու եռանդ չէին խնայած: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ արտասանեց հուսկ բանքը: Ան կարեւորեց մանուկներու ուղղեալ նման ծրագրերը՝ մանաւանդ, որ այս անգամուանին պատգամը խաղաղութիւնն էր եւ աշխարհի վրայ մանուկները կը խորհրդանշեն խաղաղութեան բաղձանքը: Նորին Ամենապատուութիւնը յանձնեց նաեւ՝ տնօրէն խորհուրդին կողմէ խմբավար Շանթ Էսմէրին համար պատրաստուած յուշանուէրը:
