Հինգշաբթի 11, Յունիս 2026
ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով՝ մինչ անոնց ծնողները ապրեցան արդար ուրախութիւն։
Հուսկ, վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Գարին Թոկաչ Չաղլըուզուն հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը՝ փոքրիկներուն մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ կրթական կեանքէ ներս։
Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026