ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏ ԱԹԱՍՈՅ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյ այցելեց Շիշլի մարզակումբը: Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու: 

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Աթաքան Աթասոյը, որ տեղեկութիւններ քաղեց մարզակումբի պատմութեան եւ այժմու բազմակողմանի գործունէութեան շուրջ: Ալէն Թեքպըչաքի կողքին էին ակումբի վարչայինները: Գաւառապետի այցելութեան մասնակցեցան նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան, փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ, ինչպէս նաեւ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չնար եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ:

Աթաքան Աթասոյ մարզակումբի վարչութեան սենեակին մէջ ջերմ զրոյց մը ունեցաւ ներկաներուն հետ: Ան կարեւորեց երիտասարդներու մարմնամարզով զբաղիլը՝ քանի սա շատ դրական ազդեցութիւն մը կը գործէ՝ որպէս առողջ անհատ ձեւաւորման, կազմաւորման ճանապարհին: Աթասոյի խօսքով՝ մարմնամարզը կը համարուի կարեւոր արժէք մը, որ կը խրախուսէ հասարակութիւններէն ներս միասնականութիւնը: 

Անմիջական մթնոլորտի մէջ ծաւալուած այս զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Շիշլի մարզակումբի դիմագրաւած զանազան խնդիրները եւ անոնց լուծման վերաբերեալ ակումբի վարչութեան մտահորիզոնը:

Զրոյցի աւարտին բոլորը անցան Շիշլի ակումբի մարզադահլիճը: Այստեղ գաւառապետ Աթասոյ եւ երեսփոխան Սվաճըօղլու ձեւականօրէն պասքեթպոլի գնդակով կատարեցին խորհրդանշական ցոյց մը:

Աթաքան Աթասոյ գաւառապետի պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր իր գործունէութեան ամբողջին մէջ սերտ կապ մշակած է Պէյօղլուի շրջանի փոքրամասնական համայնքներու կառոյցներուն հետ։ Այս ամբողջին մէջ ան թրքահայ համայնքային հաստատութիւններուն հետ ալ ջերմ կապեր մշակած է եւ սերտ համագործակցութեան մէջ կը գտնուի անոնց հետ։ Վերջին շրջանին Աթաքան Աթասոյ դարձած է թրքահայ համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ իսկապէս ողջունելի անձնաւորութիւն մը, որ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը ջանայ թէ՛ ծանօթանալ համայնքային հաստատութիւններուն ու կեանքին եւ թէ իր նպաստը բերել առկայ խնդիրներու լուծման։

  

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2026