ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, ամբողջ թափով կը շարունակուի ուխտի շաբթուան ծրագիրը: Երէկ, 3-5 տարեկաններու աշխատանոցը տեղի ունեցաւ կղզիի բարձունքին: Թէեւ այս աշխատանոցը ընթացիկ է եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, սակայն, տաղաւարին ընդառաջ ստացաւ բացառիկ նշանակութիւն: Փոքրիկները համախմբուեցան՝ վերահսկողութեամբ Թանիա Փաքերթիքի եւ Մելիսա Իփեքլիի: Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ իր ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձուց փոքրիկները, անոնց հետ զրուցեց խաղողի օրհնութեան խորհուրդի մասին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026