ԹՐՔԱՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի յունաց պատմական վանքը այս տարի եւս ամրան շրջանին կը հիւրընկալէ թրքահայ մանուկներ եւ պատանիներ: Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը վերջին տարիներուն ամրակայման աշխատանքներու պատճառով կը մնայ փակ եւ ստեղծուած պայմաններուն մէջ յոյն համայնքի հետ համագործակցութեամբ միջանկեալ դրութիւն մը ստեղծուած է՝ մեր համայնքի համեստ խաւերու ընտանիքներու զաւակներուն ամրան արձակուրդը կազմակերպելու համար: 

Յունաց ճամբարը հաստատուած է կղզիի բարձունքի պատմական վանքի համալիրէն ներս: Մեր համայնքի տղաքը երէկ հասան Գնալը կղզի, ուր դիմաւորուեցան Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի եւ Արի Չոլաքի կողմէ, որ անոնց կեցութեան ծրագրի կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէ: Արի Չոլաք, որ անցեալի մէջ կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետն ալ եղած է, վերջին տարիներուն յանձնառութեամբ այս առաքելութիւնը կը ստանձնէ՝ որպէս կամաւոր, որպէսզի մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները չզրկուին ամրան արձակուրդի հնարաւորութենէն:

Կղզի հասնելէն վերջ տղաքը հասան բարձունքի ճամբարը, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցան յունաց վանքի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսի կողմէ: Անոնք վանքի համալիրի եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին աղօթք մը եւ աւելի վերջ արդէն տեղաւորուեցան, ինչ որ բնորոշեց իրենց արձակուրդի սկիզբը: 

Այս բոլորէն վերջ, տղոց կեցութեան առաջին օրուան ընթրիքը տեղի ունեցաւ՝ մանսակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի: Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը հասաւ յունաց ճամբարը, ուր վանական համալիրի եկեղեցւոյ մէջ նախ կատարեց իր ուխտի աղօթքը: Աւելի վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, բացօթեայ սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ ճամբարի համալիրէն ներս, ուր ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն: Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերուն առընթեր, հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ համայնքային շարք մը վարիչներ եւ մշակոյթի գործիչներ, որոնք կը խրախուսեն այս ծրագիրը: Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Արի Չոլաք: Երեկոյթի տեւողութեան ժողովրդական երաժշտութեամբ ու պարերով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն, ինչ որ տղոց արձակուրդի առաջին քայլափոխը դարձուց անմոռանալի: 

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ անմի-ջական հայրական զրոյցի ձեւաչափի մը մէջ խօսք ուղղեց տղոց, որոնց մաղթեց բարի արձակուրդ: 

Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն ներս մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութիւնը պիտի շարունակուի՝ մինչեւ օգոստոսի 20-ը:         

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026