ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը: Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այս հանդէսը՝ մանաւանդ, որ կրթական կեանքէ ներս առաջին քայլափոխին փոքրիկ սաները արձանագրած էին ծափահարելի յաջողութիւն մը:
Հանդէսի ընթացքին գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր, որ անցեալ կրթական շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած էր առաջին դասարանի փոքրիկները: Տնօրէնուհի Տեմիր շնորհաւորեց տղաքը, միեւնոյն ժամանակ, գնահատեց այն կրթական մշակները, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին զբաղած էին առաջին դասարանով եւ վերահսկած էին հանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները:
Ընթերցման տօնի ծիրէն ներս տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, թատերակներով, պարերով եւ խմբերգներով: Ի շարունակութիւն տարուան ընթացքին արձանագրուած յաջողութեան՝ հանդէսի ժամանակ անոնց բեմին վրայ դրսեւորած վարպետութիւնն ալ անուշադրութեան չմատնուեցաւ՝ ստեղծելով ծափահարութիւններու տարափ մը:
Տղոց վիճակացոյցներու բաժնուելէն ետք, անոնց բաժնուեցան նաեւ յուշանուէրներ:
Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին փոքրիկները, որոնց անկեղծ յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին ապագայ կրթական կեանքին համար: