ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ԱՌԹԻՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Վարդավառի տօնին առթիւ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան աւանդական տօնախմբութիւնները, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Նկատի ունենալով, որ եկեղեցին մօտաւոր անցեալին բարեկարգուելէ վերջ օծուած ու պաշտամունքի վերաբացուած էր՝ այս տարուան Վարդավառի տօնակատարութիւններուն զուգադիպեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագը, զոր մատոյց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին անդրադարձաւ տօնի իմաստին՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը կը բանաձեւուի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան խորհուրդներով։
Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթերակայ էին՝ Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան, Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը յանձնուեցաւ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքին, որ եկեղեցւոյ սպասներու խնամքին համար բերած էր իր զօրակցութիւնը։ Հուսկ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Բացօթեայ հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր Սկիւտարի քաղաքապետ Սինեմ Տետեթաշ։ Այս վերջինը, եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ պաշտամունքի վերաբացման առթիւ արտայայտեց իր գոհունակութիւնը եւ շնորհաւորեց թաղային խորհուրդի աշխատանքը։ Սիրոյ սեղանի յայտագրի տեւողութեան մեներգերով հանդէս եկաւ՝ համակրելի արուեստագիտուհի Նուարդ Աւիտիքօղլու։
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները, որոնք, իրենց հերթին, զօրակցութիւն եւ գնահատանք արտայայտեցին թաղային խորհուրդի գործունէութեան նկատմամբ։