ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ԽԱՂՈՂԻ ԱՄԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս ամբողջ թափով կը շարունակուին՝ շաբաթավերջին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի պատրաստութիւնները: Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու շրջանակներէն ներս, երէկ երեկոյեան, շատ յատկանշական հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ կղզիի բարձունքին: Այսպէս, եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ շաբաթավերջի խաղողօրհնէքի արարողութեան տեսակէտէ ուշագրաւ փուլ մը: Այսպէս, բազում ուխտաւոր ընտանիքներ համախմբուեցան՝ խաղողի ամաններու պատրաստութեան համար: Անցեալ տարիներուն բաղդատմամբ՝ մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ բարձր էր, այսինքն գերազանցեց նման բոլոր ձեռնարկներու ժամանակ ապահովուած մասնակցութիւնը: 

Բոլորին տեսակէտէ ուրախութեան առիթ մը հանդիսացաւ, որ Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն ներս ամրան արձակուրդի մեկնած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիներն ալ մանսակցութիւն բերին խաղողներու պատրաստութեան: 

Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ պատրաստուեցան խաղողի ամանները, որոնց մէջ շաբաթավերջին հաւատացեալներուն պիտի բաժնուին խաղողի օրհնուած ողկոյզները: Հայր Սուրբը բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ բարձր գնահատելով անոնց պատրաստակամութիւնը եւ տօնակատարութիւններու պատրաստութիւններուն նկատմամբ դրսեւորուած եռանդը: Խաղողի ամաններուն պատրաստութեան մասնակիցները բարձր տրամադրութեան մէջ տեսան իրենց գործը՝ մանաւանդ, որ երեկոյթի ընթացքին հայկական պարերն ու երաժշտութիւնն ալ խոր ազդեցութիւն գործեցին բոլորին վրայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026