ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուն, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Պեքպըչաքը եւ յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Պօղոս Չալկըճըօղլուն։

Յիշեալ հիւրերը եւ իրենց ընկերակիցները փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնել կարեւոր նախաձեռնութեան մը մասին տեղեկութիւններ։ Այսպէս, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեակին առթիւ պատրաստութիւններ կը տարուին թատերական ներկայացումի մը համար։ Թաղային խորհուրդը ստանձնած է այս ծրագրին հովանաւորութիւնը՝ մինչ գեղարուեստական գետնի վրայ «Պէրպէրեան» թատերախումբը հանրութեան պիտի ներկայացնէ «Հա Քուրթուլուշ, հա Գնալը» խաղը։ Պօղոս Չալկըճըօղլու թատերախումբին անունով բացատրութիւններ տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց այս լայնախարիսխ համագործակցութեամբ մշակուած ծրագիրը, որու մասնակիցներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ մաղթեց յաջողութիւններ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2026