ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Նկատի ունենալով, որ շաբաթավերջին նախատեսուած է թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը՝ թաղային խորհուրդը այս փուլին կը փափաքի համայնքային շրջանակները առաւել տեղեակ պահել Ֆէրիգիւղի ընտանիքի գործունէութեան կապակցութեամբ։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները ընդգծեցին, որ վերջին տարիներու ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին եղած է՝ Մէրամէթճեան վարժարանի շէնքի երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան երաշխաւորման նպատակով սկսած ամրակայման ծրագրի ի կատար ածուած ըլլալը։ Սա, անտարակոյս, երկարաժամկէտ ձեռքբերում մըն է՝ հաշուի առնելով, որ Ֆէրիգիւղը այս պահու դրութեամբ Պոլսոյ ամենահայահոծ թաղն է եւ այդ մարդուժին մէջ դպրոցահասակ երեխաներու ամուր կրթարանի մը երդիքը ապահովելը թաղային խորհուրդին հիմանական պատասխանատուութիւններէն մին համարուած է։ Այս գիտակցութեամբ առաջնորդուելով՝ թաղային խորհուրդը մեծ զոհողութիւններով իրականութիւն դարձուցած է այս գործը, որու շրջանակներէն ներս դպրոցի «Քուշաքճեան» սրահն ալ բոլորովին արդի տեսք մը ունեցած է՝ նոր կարելիութիւններով եւ թեքնիք յագեցուածութեամբ։

Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները շաբաթավերջի սիրոյ սեղանին ընթացքին համայնքային շրջանակներուն զօրակցութեան կոչ կ՚ուղղեն հերթական անգամ։ Արդարեւ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի նիւթական հնարաւորութիւնները՝ մանաւանդ մշտական հասոյթի աղբիւրները ուղիղ համեմատութեան մէջ չեն՝ թաղի մեծ մարդուժին հետ։ Ուստի, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ կուրծք տալով մեծ հակասութիւններու։ Արդարեւ, շատ սահմանափակ հնարաւորութիւններով թաղային խորհուրդը կը ջանայ ծառայութիւն մատուցել՝ հսկայական զանգուածի մը։ 

Սոյն հակասական վիճակի յաղթահարման համար Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին հիւրերը լաւատեսութիւն յայտնեցին, թէ համայնքի՝ մեծ հարստութիւն տնօրինող հաստատութիւններու մատակարար մարմինները բարի կ՚ըլլան հերթական անգամ աջակցութիւն ցուցաբերելու Ֆէրիգիւղի ընտանիքին, որ տարիներէ ի վեր կ՚արդարացնէ իրեն համար ի սպաս դրուած բոլոր միջոցները։ 

Հուսկ, թաղականները ընդգծեցին, որ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը կայուն հունի մէջ պահելը իրենց գործունէութեան կիզակէտին կը գտնուի։ 

Միւս կողմէ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան։

Շաբաթավերջին նախատեսուած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն ընդառաջ թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը վարժարանի կացութեան եւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերաբերեալ ստացաւ վերջին տեղեկութիւնները։ Հուսկ, ան Ֆէրիգիւղի ընտանիքին յաջողութիւն մաղթեց՝ հաշուի առնելով, որ հայահոծ այս թաղին մէջ կուտակուած մարդուժը չափազանց նշանակութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2026