ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԵՒ ՀԱՄՈԶԻՉ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ներկայացուց իր եռամեայ գործունէութեան հաշուետուութիւնը։ Մամլոյ ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր այս հաշուետուութիւնը, որ, անշուշտ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը վաղուց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Թէ՛ իր տնօրինած միջոցներով եւ թէ իր կողմէ հովանաւորուած հաստատութիւններով՝ այս թաղային խորհուրդը միշտ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առանցքին կը գտնուի։ Ի շարունակութիւն, երէկ երեկոյեան ատենապետ Աքսել Թոփալեանի եւ ընկերներուն կողմէ հանրային կարծիքին եւ ամբողջ համայնքին պարզուեցաւ պատկեր մը, որ իսկապէս թափանցիկ էր եւ համոզիչ։ Արդարեւ, թաղային խորհուրդը բաւական յաւակնոտ նշաձող մը սահմանած է բոլոր ուղղութիւններով ծաւալած աշխատանքին տեսակէտէ։ Այդ աշխատանքային ուղղութիւնները երէկ երեկոյեան առանձին գլուխներու շուրջ ներկայացուեցան մամլոյ սպասաւորներուն եւ հետաքրքիր բոլոր շրջանակներուն՝ քանի մամլոյ ասուլիսը առցանց հարթակներու վրայ կը տեսասփռուէր։

Վերանորոգեալ «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթը իսկապէս բացառիկ էր։ Այժմու թաղային խորհուրդը թէեւ պաշտօնի գլուխ գալէ կարճ ժամանակ անց այսպիսի հաշուետուական մամլոյ ասուլիս մը թէեւ կազմակերպած էր, սակայն, այս անգամուանը շատ աւելի տարբեր էր, ծաւալուն եւ տարողունակ՝ հաշուի առնելով, որ արդէն երեք տարուայ գործունէութեան մը փայլուն արդիւնքը կը ցոլացուէր բոլորին։ Թաղային խորհուրդի եռամեայ գործունէութիւնը ներկայացուեցաւ հետեւեալ առանցքներուն շուրջ. իրաւունք, կալուածներ, եկեղեցիներն ու գերեզմանատունը, կրթութիւն, ընկերային օժանդակութիւն, ելմտական գործեր, ինչպէս նաեւ մշակոյթ, գեղարուեստ եւ երիտասարդութիւն։ Այս բոլոր առանձին ուղղութիւններուն վերաբերեալ լուսաբանութիւններու առընթեր, ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ հանդէս եկան յաւելեալ բացատրութիւններով, ըստ էութեան հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ շեշտադրումներով։

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ հաշուետուութեան ժամանակ մատուցուած պատկերը մէկ կողմէ իսկապէս մեծ ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ ընձեռեց, իսկ միւս կողմէ ակամայ յուզումնախառն զգացումներու դուռ բացաւ։ Արդարեւ, վերջին երեք տարուան ընթացքին արձանագրուած փայլուն յաջողութիւնները ինքնաբերաբար անցեալ տասնամեակներու հետ բաղդատութիւններու դուռ կը բանան։ Միայն վերջին երեք տարուան ընթացքին ապահովուած արդիւնքները ինքնաբերաբար կու գան ցոյց տալ, թէ մօտաւոր անցեալի տասնամեակները թէ՛ Պէյօղլուի եւ թէ ընդհանրապէս համայնքին տեսակէտէ ինչպիսի մեծ կորուստներու պատճառ դարձած են։ Վարչական կամքի պակասէ, անտարբերութիւններէ եւ այլ հանգամանքներէ ծագած այդ զանցառութիւնները միշտ կ՚արիւնեն համայնքին խիղճը, սակայն, այսօրուան փայլուն կացութիւնը բոլորին տեսակէտէ կը հանդիսանայ մխիթարական։

Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի գործունէութեան իրաւական ուղղութիւնը այս պահուն կ՚ընթանայ ամենայն թափով։ Թաղային խորհուրդը եօթ իրաւաբանի հետ նոյնաժամանակ կը համագործակցի։ Անոնցմէ հինգը դատավարութիւններուն կը հետեւին, իսկ երկուքը խորհրդատուական աշխատանք կը տանին։ Իրաւական գետնի վրայ յամառ պայքար կը մղուի, որպէսզի թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած կալւածներու սեփականութեան իրաւունքի խնդիրները լուծուին, հատուցումներ ապահովուին, պղտորութիւնները յաղթահարուին եւ կամ առ հասարակ սեփականութեան իրաւունքները վերադարձուին։ Թաղային խորհուրդի ընտրութեան վիճարկման վերաբերեալ դատավարութիւններն ալ կ՚ընթանան մէկ կողմէ եւ երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ անոնց ելքին վերաբերեալ որեւէ հաւանականութիւն սպառնալիք պիտի չհանդիսանայ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի գործունէութեան կայուն յարատեւութեան, ինչ որ նախապէս ալ քանիցս հանրային կարծիքի նկատառման յանձնուած է։

Առանձին կալուածներու վերաբերեալ տրուեցաւ բացատրութիւն եւ այս կալուածներու գլուխին առանձին դասաւորուած ըլլալը, բնականաբար, ունէր իր տրամաբանութիւնը։ Արդարեւ, եթէ իրաւունքի աշխատանքը կալուածներու կարգավիճակներուն կը վերաբերի, ապա կալուածոց եւ շինարարութեան բաժանմունքին մէջ ներկայացուած պատկերը կը վերաբերէր շատ աւելի գործնական նիւթերու։ Թաղային խորհուրդը պաշտօնը ստանձնած է 2023 թուականին։ Միայն գործի գլուխ գալու յաջորդած ժամանակաշրջանին, տարուան քանի մը ամիսներուն տեւողութեան, 2023 թուականին 15 միլիոն թրքական լիրա յաւելեալ արժէք ապահովուած է։ 2024 թուականին ապահովուած յաւելեալ արժէքը կազմած է 30 միլիոն լիրա, իսկ 2025 թուականին այդ մէկը հասած է 55 միլիոն լիրայի մակարդակին։ Թաղային խորհուրդը հետեւողականօրէն ամէն տարի յաւելեալ արժէքներ ձեռք ձգել յաջողած է, ինչ որ լուրջ գումարներ կը կազմէ։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մանրամասնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցիներու եւ Շիշլիի գերեզմանատան կացութեան, ինչպէս նաեւ Էսաեան վարժարանի հասած մակարդակին։ Ի տարբերութիւն միւս ուղղութիւններէն, Էսաեան վարժարանի, եկեղեցիներու եւ Շիշլիի գերեզմանատան վերաբերեալ պատկերները շատ աւելի հասանելի են համայնքային շրջանակներուն եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքին, որովհետեւ այդ մասին շատ աւելի յաճախ տեղեկութիւններ կը ցոլանան լրատուամիջոցներուն եւ մասնագիտական կամ վիճակագրական տուեալներու անհրաժեշտութիւն չի զգացուիր՝ անոնց արձանագրած վերելքին վկայելու համար։

Թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը ընդգրկած է Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը, Էսաեան վարժարանի համալիրէն ներս կատարուած ծաւալուն վերանորոգութեան աշխատանքները, Շիշլիի գերեզմանատան, Թոքաթլեան խանի, երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի համալիրներէն ներս հսկայական շինարարական աշխատանքները։ Ի լրումն այս բոլորին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ալ ճակատագրական աշխատանքներ կատարուած են։ Թաղային խորհուրդը առանձին համալիրի մը տրամաբանութեամբ կը մօտենայ «Նարեկեան» սրահին, որու բոլոր հատուածները նախանձելի պատկեր մը կը պարզեն ներկայիս եւ տակաւին պիտի շարունակուին աշխատանքները, որոնց շնորհիւ Պոլսոյ սրտին վրայ իսկական մշակութային կեդրոնով մը օժտուած կ՚ըլլայ համայնքը։ 

Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը բարեկարգման ու վերանորոգութեան աշխատանքները չ՚ընկալեր զուտ թեքնիք կամ շինարարական երեսակով։ Արդարեւ, այստեղ բոլոր ծալքերը հաշուի կ՚առնուին՝ պոլսահայ աւանդութիւններու, վիթխարի ժառանգութեան յարատեւութիւնը երաշխաւորելու տեսանկիւնէն։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ստեղծուած է մասնաւոր աշխատանոց մը, ուր պատշաճ ձեւով եւ մասնագիտական մօտեցումով կը վերանորոգուին սրբանկարները։ Աւելի՛ն, միայն Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց սրբանկարները չէ, այլ ամբողջ պոլսահայ եկեղեցիներու սրբանկարները կը վերանորոգուին այս նորահաստատ աշխատանոցին մէջ։ 

Ընկերային օժանդակութիւններու վերաբերեալ բացատրութիւնները իսկապէս մեծ գնահատանքի արժանի պատկեր մը պարզեցին։ Աղքատախնամի համակարգը արդի մօտեցումներով կատարելագործած՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ամէն ամիս շուրջ 250 կարիքաւորի աջակցութիւն կը յատկացնէ։ Նպաստընկալներուն եւ եկեղեցւոյ ընկերային օժանդակութեան պատասխանատուներուն միջեւ անմիջական եւ կանոնաւոր կապ մը ստեղծուած է։ Թաղային խորհուրդը կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով, թէ այսօր հնարաւորութիւն ունեցողը պէտք է զօրակից ըլլայ, որպէսզի վաղը հնարաւորութենէ զուրկ մէկը աջակցութիւն ստանայ։ Այս ամբողջ գործը հասարակաց զօրակցութեան գիտակցութեան մը հիմունքով կ՚ընթանայ։ Անշուշտ, թաղային խորհուրդը ամէն տեսակ նրբութիւն հաշուի կ՚առնէ՝ մանաւանդ նպաստընկալներու արժանապատուութեան հարցերը, անձնական տուեալներու պաշտպանութիւնը։ Ընդհանուր առմամբ, անհատի մը կեանքին հպելու պատասխանատուութիւնը գերադասելով այս ճակատին վրայ մեծ պայքար մը կը մղէ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։ 

Յիշեալ բոլոր ուղղութիւններով մատուցուած բացատրութիւններուն վերաբերեալ համայնապատկերը եկաւ լրանալ ելմտական գործերու վերաբերեալ ներկայացուած մանրամասնութիւններով։ Այս առանցքին շուրջ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը յեղափոխութեան համազօր ձեռքբերումներ ապահոված է՝ քանի այժմու կազմը թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելէն վերջ այս առումով բաւական բարդ եւ ընդվզեցուցիչ կացութեան մը դէմ յանդիման մնացած է։ Այսօր հաշուապահութեան եւ արխիւի համակարգերը ամբողջութեամբ կատարելագործուած են եւ աշխատանքները հաստատութենական մտայնութեամբ յառաջ կը տարուին։ Ընդհանուր պիւտճէի նկատմամբ մեծ կարգապահութիւն կը ցուցաբերուի եւ այդ ամբողջին մէջ որոշ ճկունացումներու երթալու տեսակէտէ ժամանակ առ ժամանակ շրջանային մօտեցումով, ժամանակահատուածներու բաժանումով պիւտճէի վերարժեւորումներ ալ կը կատարուին։ Ելմտական գործերու պարագային ամէն ինչ կ՚ընթանայ շատ չափուած-կշռուած։ Եկամուտները որքան որ կ՚աւելնան, թաղային խորհուրդը այնքան կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութեամբ մէջ, թէ ազգին, համայնքին միջոցները առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ պէտք է տնօրինուին։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին, երբ այժմու կազմը թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնած է, արդէն 600 անգամ բազմապատկուած են ընդհանուր մուտքերը։ Ելմտական գործերու հաշուետուութեան ժամանակ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, թէ ամբողջ հանրային կարծիքի եւ համայնքի աչքին առջեւ կը բիւրեղանայ, որ այս կազմը ի՛նչ վիճակի մէջ պաշտօնի գլուխ եկած էր եւ այսօր ինչպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է։ Սա պարագայ մըն է, որ բոլորին տեսակէտէ իսկապէս մտածելու եւ համայնքային կեանքի ընդհանուր դրուածքը աչքէ անցընելու ստիպողութիւն կը ստեղծէ։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը այսօր 110 հոգիէ բաղկացեալ անձնակազմ մը ունի՝ ներառեալ վարժարանի կրթական մշակները։ Այսօր աշակերտի մը համար տարեկան 400 հազար թրքական լիրա ծախս կը կատարուի թաղային խորհուրդին կողմէ, իսկ ծնողներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւնները, իրենց ամբողջին մէջ, այդ 400 հազար լիրային միայն 13 հազար լիրան դիմագրաւելու համար բաւարար կ՚ըլլայ։Ոլորտային այս համոզիչ բացատրութիւններուն զուգահեռ՝ ատենապետ Աքսել Թոփալեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին միշտ ընդգծեց, որ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը կ՚առաջնորդուի՝ ամբողջ համայնքին, անշուշտ, առաջին հերթին իրեն նման կարգավիճակով մատակարար մարմիններուն օրինակ հանդիսանալու սկզբունքով։

Աքսել Թոփալեան նախընտրեց անձամբ պատասխանել Թոքաթլեան խանի արժեւորման հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցումի մը։ Ան նշեց, որ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ երկրի շուրջ ներկայ իրադրութիւնը բաւական լարուած է։ Այսպիսի իրադրութիւններու մէջ, դժբախտաբար, կարելի չ՚ըլլար ամէն ինչ իր բուն արժէքով, արդարօրէն ծախել, վարձել կամ, ընդհանրապէս, արժեւորել։ «Կը փափաքինք, որ մեր ապրանքը արժեցնենք եւ հրապարակի պայմաններով առաւելագոյն օգուտը քաղելով վարձենք կամ արժեւորման այլ ձեւաչափերու ենթարկենք։ Ներկայիս, դժբախտաբար, այսպիսի մթնոլորտ մը գոյութիւն չունի։ Ուստի, Թոքաթլեանի վերաբերեալ թղթածրարը մենք դրած ենք սառնարանի մէջ։ Թաղային խորհուրդը մասնաւոր ուսումնասիրական աշխատանք մը տարած է՝ Թոքաթլեան խանը լաւագոյն ձեւով արժեւորելու եզրերը յստակացնելու առաջնահերթութեամբ։ Ուստի, երբ մեծ թղթածրարը սառնարան դրուած է, ապա այդ մշակուած ծրագրին հիմունքով կը կատարուին Թոքաթլեանի վերաբերեալ տնօրինութիւնները եւ բոլոր կարգադրութիւններուն վերաբերեալ քայլերը կ՚առնուին ամենայն ուշադրութեամբ», ըսաւ Աքսել Թոփալեան։

Հաշուետուական հաւաքոյթին ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ յառաջիկայ ամրան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը կը ծրագրէ լայնածաւալ այլ շինարարական աշխատանք մը։ Այսպէս, վերանորոգութեան պիտի ենթարկուին Շիշլիի մարզակումբի կեդրոնը, Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղին եւ Էսաեան վարժարանի մարզասրահը։ Թաղային խորհուրդը ամէն տարի պիւտճէի շուրջ 12 տոկոսը կը յատկացնէ վերանորոգութեան ծրագիրներու ծախսերուն։

Ատենապետ Աքսել Թոփալեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատառման յանձնեց նաեւ իր դիտարկումները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր վիճակին շուրջ։ «Դժբախտաբար, զարգացման ուղղեալ որեւէ գործ ընելու կարելիութիւն չենք ունենար։ Երկարաժամկէտ զարգացման համար այս պահու դրութեամբ ոչինչ կ՚ընենք։ Մենք միայն վէրքը խնամելով զբաղած ենք», ըսաւ ան։

Աքսել Թոփալեան երէկուան ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց նաեւ իր անձնական նախաձեռնութիւններէն մին։ Ան՝ որպէս բարերար, կը նախատեսէ 2026-2027 թուականէ սկսեալ լիսէաւարտ երկու պոլսահայ աշակերտի կրթաթոշակ յատկացնել՝ Եւրոպայի մէջ համալսարանական ուսում ստանալու համար։ Այս ծրագիրը Աքսել Թոփալեան մշակած է՝ ի յիշատակ իր հօր եւ աներհօր։ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտ եւ ընդհանրապէս համայնքի մնացեալ լիսէներէն շրջանաւարտ մը ամէն տարի ուսումնառութեան համար պիտի ուղարկուի Եւրոպա։ Աքսել Թոփալեան պիտի հաստատէ հիմնադրամ մը կամ պիտի յատկացնէ միջոցներ, որպէսզի այդ տղաքը Եւրոպայի մէջ համալսարան կարդալու ուսումնառութեան վճարումը, կեցութեան ծախսերը եւ այլ անհրաժեշտ կարիքները դիմագրաւեն եւ այսպէսով ապագայ մարդուժի պատրաստութեան ճանապարհին դառնան գործօն։ Թոփալեան մաղթեց, որ այս նախաձեռնութիւնն ալ օրինակ հանդիսանայ, որովհետեւ, մեր համայնքը ապագային կարիքը պիտի ունենայ որակեալ մարդուժի։

Մամլոյ ասուլիսի պաշտօնական բաժնին առընթեր, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը «Նարեկեան» սրահին մէջ համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ նաեւ ընթրիքի մը սեղանին շուրջ։ Ինչպէս բուն մամլոյ ասուլիսի փուլը, այնպէս ալ ճաշասեղանի շուրջ անմիջական զրոյցի ձեւաչափին շուրջ ծաւալուեցան քննարկումները։ Թաղականները միշտ պատրաստակամ եղան ամէն տեսակ հարցումի պատասխանելու, անշուշտ, հաշուի առնելով որոշ նրբութիւններ, որոնք կրնան պայմանաւորել իրենց գործունէութեան նպատակսլաց ընթացքը կամ այլ ոլորտներու պարագային համապատասխան նրբութիւններ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2026