ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ «ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ»

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ իրերայաջորդ երկու կարեւոր համերգով: Այսպէս, երգչախումբի ելոյթները մաս կազմեցին Իսթանպուլի երաժշտական փառատօնին, որ այս տարի 54-րդ անգամ կը կազմակերպուի: «Երաժշտական ուղղութիւն» ծրագրի շրջանակներէն ներս, Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը քսան վայրկեան պարբերութեամբ երկու համերգով հանդէս եկաւ. իւրաքանչիւրը տեւեց 50 վայրկեան: 

Սոյն փառատօնը կազմակերպուած է՝ Իսթանպուլի մշակոյթի եւ գեղարուեստի հիմնարկին (İKSV) կողմէ, հովանաւորութեամբ «Պորուսան»ի: 

Լուսաւորիչ երգչախումբին այս փառատօնին ընդգրկուիլը, անշուշտ, կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ հայկական երաժշտութեան ծանօթացման տեսակէտէ: Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան իրերայաջորդ երկու համերգները, որոնց ընթացքին երգչախումբը հայ եւ օտար երգահաններու գործերը մեկնաբանեց՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սերժ Մսըրի: Յայտագրին մաս կազմած հայ յօրինողներն էին՝ Եկմալեան, Կարա-Մուրզա, Կոմիտաս, Աւետիսեան, Ալթունեան, Յովհաննիսեան, Յարութիւնեան եւ Խաչատուրեան:

Երկու համերգներու աւարտին ալ ունկնդիրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ արձանագրուած փայլուն յաջողութիւնը՝մանաւանդ, որ բոլորին տեսակէտէ անկրկնելի հնարաւորութիւն մըն էր հայկական երաժշտութեան՝ այսքան բարձր կատարողական մակարդակով խումբի մը միջոցաւ հաղորդ դառնալը:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026