Չորեքշաբթի 15, Յուլիս 2026
ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԾՐԱԳԻՐ
Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս, Ներսէսեան դպրաց դասու նախաձեռնութեամբ, այս ամառ ալ մանուկներու համար հայերէնի աշխատանքներ նախատեսուած են: Երէկ, ծրագրի առաջին փուլը կեանքի կոչուեցաւ՝ մասնակցութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ փոքրիկներուն նկատմամբ: Հայերէնի աշխատութեանց մասնակից մանուկները կը վերահսկեն՝ Դանիա Փաքերթիք եւ Մելիսա Իփեքլի: Փոքրիկները հաճելի ժամանցի մթնոլորտի մէջ շփուեցան իրենց մայրենիին հետ՝ մանաւանդ, որ հայր սուրբն ալ խրախուսեց զիրենք:
Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026