ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ

Գարակէօզեան տան ընտանիքը կ՚ողջունէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեանները։ Նախընթաց օր, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլուն եւ ուսուցչական կազմէն Թաթիա Մարաշլեանն ու Մարի Արզումանը։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին հիւրերը շնորհաւորեցին Նատիա Գօչունեանը՝ բարձր գնահատանք արտայայտելով անոր վաստակին եւ նուիրեալ աշխատանքին կապակցութեամբ։ 

Հիւրերը տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ օրերուն կը ծրագրեն վարժարանին մէջ ձեռնարկ մը կազմակերպել՝ Նատիա Գօչունեանի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ, որպէսզի աշակերտներն ալ հաղորդ դառնան իր կերպարին եւ գործունէութեան ծալքերուն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2026