ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ, Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը հերթական անգամ ներկայացուց «Vay Başıma Gelen» խաղը, որու ընթացքին թատերասէրները վառ պահեր ապրեցան։ Սա արդէն երկրորդ ներկայացումն էր Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ։ Ձեռնարկը առիթ դարձաւ թէ՛ խրախուսել գեղարուեստը՝ որպէս հասարակաց յայտարար եւ թէ համայնքին փոխանցել զօրակցութեան պատգամ։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026