ԻՍՔԵՆՏԵՐՈՒՆԻ ԵՒ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻՆ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Մեծ պահոց շրջանին դէպի գաւառ կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Այսպէս, երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութիւնները, որոնք բառին բուն իմաստով գաւառի մեր աւանդութիւններու վերակենդանացման եւ գաւառներէ ներս համայնքային կեանքի հնարաւորինս կենսունակ պահպանման տեսակէտէ լուրջ նշանակութիւն ունեցան։ Ս. Քառասուն Մանկանց տօնի շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Իսքենտերունի եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուեցաւ բացառիկ մթնոլորտ։ Պոլիսէն մեկնած ուխտաւորներուն միացան նաեւ շրջակայ քաղաքներէն ուխտաւորներ։ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս զգալի էր հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտը՝ մինչ բոլորը բարեմաղթանքներով զիրար ողջունեցին՝ մանաւանդ մօտալուտ Ս. Զատկի ընդառաջ։
Իսքենտերունի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չընարեան, Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան, Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան եւ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։
Ասորի Ուղղափառ, Յոյն Ուղղափառ եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու շրջանի վիճակներու կամ թեմերու ներկայացուցիչներն ալ մասնակցութիւն բերին Ս. Պատարագին։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Արթիւր Պաղտասարեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Արսուզի մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Ճաշկերոյթը ծովեզերեայ ճաշարանի մը մէջ էր, ուր ուխտաւորները հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտի մէջ վայելեցին նաեւ բնութեան գեղեցկութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ուխտագնացութեան առթիւ քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Հաթայի կուսակալ Մուսթաֆա Մասաթլըին եւ Իսքենտերունի քաղաքապետ Մուհամմէտ Էօնտէրին։
Այս բոլորէն վերջ, երէկ երեկոյեան, Իսքենտերունի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը Նորին Ամենապատուութիւնը պատուեց ընթրիքի սեղանով մը, որ նոյնպէս Արսուզի մէջ սարքուեցաւ։
Միւս կողմէ, Մեծ պահոց շրջանի աւանդական ուխտագնացութիւնը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ծրագրի եզրափակիչ փուլը համընկնեցաւ Մեծ պահոց Դատաւորի կիրակիին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
