«ՕՐԹԱՔԵԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Այս շաբաթավերջին, պոլսահայութիւնը կը հիւրընկալէ Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ եկած է Էջմիածին քաղաքէն։ Համանուն պարի դպրոցի պարախումբն է «Օրթաքեան»ը, որ այս շաբաթավերջին ելոյթներ կ՚ունենայ պոլսահայութեան համար։ Դպրոցի հիմնադիրն ու պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Պետրոս Օրթաքեան, որ իր երիտասարդ սաներուն հետ առիթ կ՚ընձեռէ, որպէսզի հայկական ժողովրդական պարերն ու երաժշտութիւնը անգամ մը եւս արձագանգեն մեր համայնքի երաժշտասէրներու սրտին մէջ։
Օգտուելով քաղաքիս մէջ գտնուելու առիթէն՝ «Օրթաքեան» պարախումբը երէկ իրերայաջորդ այցելեց Կեդրոնական եւ Էսաեան վարժարանները։ Երկու դպրոցներէն ներս ալ պարախումբի նեկայութիւնը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Թէ՛ Կեդրոնական լիսէի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ թէ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Տենչա Չնար հիւր պարախումբի անդամներուն նկատմամբ ցոյց տուին բացառիկ վերաբերմունք։ Մեր երկու պատմական դպրոցներէն ներս պարախումբի անդամները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան՝ մանաւանդ, որ աշակերտութիւնը անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ։ «Օրթաքեան»ի տղաքը պոլսահայ աշակերտներուն սորվեցուցին հայկական ժողովրդական պարերու վերաբերեալ զանազան նրբութիւններ, բայց, ամէն ինչէ անդին Հայաստանէն եւ մեր համայնքէն երիտասարդներու միասնական պարերը խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ։
