ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնց կ՚ընկերանար հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն քահանայ Օհանեան։ Թաղականները եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ Գումգաբու փութացած էին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ իրենց ակնկալութիւններուն շուրջ։ Բաց աստի, դպրոցի ընդհանուր վիճակին եւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերջին ծալքերուն շուրջ թարմ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարքը, իր հերթին, թաղականներու փոխանցած տեղեկութիւններու լոյսին տակ արտայայտեց իր ցուցմունքները՝ բարձր գնահատելով Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած աշխատանքը: Ան համոզուած է, թէ Պաքըրգիւղի նման հայահոծ թաղերը, ուր համայնքի մարդուժը կեդրոնացած է, միշտ պէտք է ունենայ բարձր կենսունակութիւն։