ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը շաբաթավերջին մեծարեց Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեանը, որ թեւակոխած է քահանայական օծման ու ձեռնադրութեան 50-ամեայ ոսկէ յոբելեանի շրջանը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի կոչուած յոբելենական ծրագիրը պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Յոբելեար Տ. Արամ արք. Աթէշեանի հաւատարիմ ծառայութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս արժեւորուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Մեծարանքի նախաձեռնութիւնը, որ սկիզբ առած էր ուրբաթ երեկոյեան Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ տեղի ունեցած մշակութային հանդիսութիւնով, երէկուան գոհաբանական Ս. Պատարագով հասաւ իր աւարտին։ Շաբաթ երեկոյեան ալ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ մեծարանքի ընթրիք մը։ Այս բոլոր փուլերէն իւրաքանչիւրը յատկանշական էր՝ քանի զանազան հարթութիւններու վրայ հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ Նորին Սրբազնութեան ծառայութիւնը գնահատելու տեսակէտէ։

Երէկ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած գոհաբանական Ս. Պատարագի ընթացքին Տ. Արամ արք. Աթէշեանին յանձնուեցաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» նորահաստատ առաջին կարգի շքանշանը։

Երէկ առաւօտ, Մայր եկեղեցւոյ զանգերու զուարթ ղօղանջին ներքեւ, յոբելեար Տ. Արամ. արք. Աթէշեան թափօրով առաջնորդուեցաւ տաճար, ուր մատոյց գոհաբանական Ս. Պատարագը։ Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան, Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան եւ այլ սարկաւագներ։ Հանդիսադիր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Կրետէի հայոց հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ արք. Պետրոսեան։ Ս. Պատարագին հետեւեցաւ նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։

Պոլսահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու խառն կազմէն բաղկացեալ խումբը իսկապէս բացառիկ յաջողութեամբ կատարեց սրբազան երգեցողութիւնը՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ սրկ. Գույումճեանի եւ երգհոնահարութեամբ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի։

Ս. Պատարագի ամենախորհրդանշական պահն էր, երբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ կոնդակը վերաբերեց «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ։ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան հանդիսաւորապէս ընթերցեց Նորին Սրբութեան Սրբատառ կոնդակը՝ զայն յանձնելով յոբելեար Տ. Արամ արք. Աթէշեանին։ Միեւնոյն ժամանակ, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցիչը պատարագիչ Նորին Սրբազնութեան կուրծքը զարդարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» առաջին կարգի շքանշանով, որ փոխանցուած էր Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Իր կարգին, Տ. Եզնիկ արք. Պետրոսեանն ալ Կրետէի հայութեան կողմէ՝ որպէս նուէր ուղարկուած խաչն ու պանակէն յանձնեց Տ. Արամ արք. Աթէշեանին։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր խօսքին մեկնակէտ ընտրած էր Ս. Աւետարանէն այն մէջբերումը, թէ «Եթէ մէկը ինծի ծառայէ, Հայրս պիտի պատուէ զայն»։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհաւորեց Տ. Արամ արք. Աթէշեանը։ Ան դիտել տուաւ, որ մարդոց կողմէ ընծայուած պատիւները կ՚ըլլան ժամանակաւոր, իսկ Աստուծոյ կողմէ տրուածը՝ յաւիտենական։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց, որ եկեղեցականը մեծարել կը նշանակէ՝ անձ մը մեծարելէ անդին առաքելութիւն մը եւ կոչում մը մեծարել։ Սա կը նշանակէ Տիրոջ հանդէպ յարգանք։ «Մեր հոգեւորականները կարիքն ունին մեր աղօթքներուն եւ սիրոյ», նշեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ շեշտելով, որ յոբելեար Տ. Արամ արք. Աթէշեան իր երիտասարդութիւնը տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համար եւ եկեղեցին դարձուց իր ընտանիքը։ «Յիսուն տարի շարունակ կեանքի մը ընծայաբերումը միայն օրացոյցի թիւեր չեն նշանակեր։ Այս բանին վարձատրութիւնն է Քրիստոսը երբեք չկորսնցնել։ Սա է եկեղեցականի մեծագոյն վարձատրութիւնը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ աւելցնելով, որ հաւատարիմ ծառայութիւնը միշտ կը փայլի յաչս Աստուծոյ։

Նորին Ամենապետուութեան խօսքէն վերջ օրուան քարոզը խօսեցաւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Տ. Արամ արք. Աթէշեանի ծնողները, հոգեւոր ծնողը՝ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Աթոռի հանգուցեալ բոլոր գահակալներն ու հոգեւոր սպասաւորները։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Հուսկ, պատարագիչ Սրբազան Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր իր կողմէ տրուած վերջին օրհնութեամբ հաւատացեալները արձակուեցան՝ յատկանշական այս արարողութեան մասնակցած ըլլալու հոգեւոր բաւարարութեամբ։

Երէկուան գոհաբանական Ս. Պատարագը թէեւ յոբելենական ծրագրի գագաթնակէտը բնորոշեց, սակայն, նախընթաց երեկոյեան կազմակերպուած մեծարանքի ընթրիքն ալ բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց տեսակէտէ։ Այսպէս, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ ստեղծուեցաւ անմոռանալի մթնոլորտ, որու պայմաններուն ներքեւ յոբելեար Տ. Արամ արք. Աթէշեան բարեմաղթանքներու տարափի մը տակ մնաց։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած մեծարանքի ընթրիքը համախմբեց թրքահայութեան վերնախաւը։ Տ. Արամ արք. Աթէշեան քահանայական օծման ու ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին առթիւ անկեղծօրէն շրջապատուեցաւ քաղաքիս քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն, պոլսահայ եկեղեցական դասուն եւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։

Շուրջ 300 հոգի մասնակցեցաւ այս ընթրիքին, որու մասնակիցներու շարքին էին՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Ասորի Ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան, Ասորի կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Օրհան Չանլը քորեպիսկոպոսը եւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը միջեկեղեցական այս բարձրաստիճան հիւրերը ընդունեց՝ իր կողքին ունենալով յոբելեար Տ. Արամ արք. Աթէշեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանը եւ Տ. Եզնիկ արք. Պետրոսեանը։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին՝ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Սեւան Սվաճըօղլու եւ կողակիցը, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ կողակիցը, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդէն Արամ Քուրան եւ կողակիցը։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարոլին Մամիկոնեանի, որ իսկապէս մեծ յաջողութեամբ կատարեց իրեն վերապահուած դերը։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ համակարգած էր կարգադիր յանձնախումբի աշխատանքը։ Յանուն պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն յոբելեարը ողջունեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Յանուն ERVAB-ին շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ հիւրընկալ կառոյցի ղեկավարը՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի յոբելեանը շնորհաւորեց նաեւ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Աշխարհականներէն վերջ, արդէն բարձրաստիճան հոգեւորականները իրերայաջորդ հանդէս եկան շնորհաւորութիւններով։ Այսպէս, Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան յուզումնախառն ելոյթ մը ունեցաւ՝ մանաւանդ, որ լծակիցներէն եւ ամենահին ընկերներէն է Տ. Արամ արք. Աթէշեանի։ Աւելի վերջ, քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն անունով Տ. Արամ արք. Աթէշեանի յոբելեանը ողջունեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Նորին Սրբազնութեան։ Միջեկեղեցական հիւրերը այս փուլին յանձնեցին նաեւ իրենց յուշանուէրները՝ մի առ մի ողջագուրուելով եւ անկեղծ շնորհաւորանքներ յղելով յոբելեար Սրբազան Հօր։ Յանուն համայնքին, օրուան մեծարեալին նուիրուեցաւ նաեւ եպիսկոպոսական մատանի մը, որ ձեռակերտն էր յայտնի վարպետ Սեւան Պչաքճըի։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ իր հերթին լանջախաչ մը եւ պանակէ մը նուիրեց իր հոգեւոր եղբօր։ Նորին Ամենապատուութիւնը ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ողջագուրուեցաւ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի հետ՝ թէ՛ բարձր գնահատանքով եւ թէ արեւշատութեան ու յարատեւութեան մաղթանքով։

Անշուշտ, թէեւ հուսկ բանքը Նորին Ամենապատուութեան կողմէ արտասանուեցաւ, սակայն, անոր նախորդած օրուան մեծարեալի սրտի խօսքն ալ նոյնքան հետաքրքրութեան արժանացաւ՝ մանաւանդ, որ Տ. Արամ արք. Աթէշեան արտայայտուեցաւ դիպուկ։ 

Երեկոյթի ընթացքին «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ խորապէս տպաւորիչ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր։ Սիւները զարդարուած էին Պատրիարքական Աթոռի մեծադիր զինանշաններով՝ որպէս զարդ շրջապատուած ծաղիկներով։ Սրահի ֆոնին զետեղուած էր Տ. Արամ արք. Աթէշեանի մեծադիր մէկ պաստառը, որ կը ցոլացնէր դրուագ մը, երբ Նորին Սրբազնութիւնը օրհնութիւն կու տար մանուկի մը։ Սեղանակիցներու շարքին էին համայնքային հաստատութիւններու ընտրեալ վարչութեանց ատենապետները, մեր վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու տնօրէնները, յոբելեար սրբազան հօր ընտանեկան անդամներն ու անձնական հիւրերը, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, երախտաշատ բարերարներ, համայնքային գործիչներ, հասարակական գործիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Բոլորի հասարակաց վկայութիւնն ու տպաւորութիւնը այն էր, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի խոր աւանդութիւններն ու բարձր հեղինակութիւնը միշտ կը մնան արծարծուած։ Արդարեւ, Պատրիարքական Աթոռը ամէն ինչը կազմակերպած էր անթերի եւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ հսկած էր ամէն ինչ, արդար ուրախութիւնը ապրեցաւ թէ՛ իր հոգեւոր եղբայրը մեծարած ըլլալու եւ թէ այս առիթով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան կենսունակութիւնն ու ձգողականութիւնը հերթական անգամ ի յայտ բերած ըլլալու տեսակէտէ։

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2026