ERVAB-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ
Երէկ, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կրթական յանձնախումբը գումարեց իր հերթական ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Այս յանձնախումբը կը գլխաւորէ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը։ Ընթացիկ ժողովը տեղի ունեցաւ դռնփակ։ Աւելի վերջ հաղորդուեցաւ, որ օրակարգի սովորական քննարկումներ ծաւալուած են եւ համայնքային վարիչները հետեւողականութիւն ցուցաբերած են այժմու օրակարգային հարցերու հետապնդման ճանապարհին։ Քննարկումներու ամբողջին մէջ տեղ գտած են նաեւ՝ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու դպրոցահասակ զաւակներու մեր վարժարաններէ ներս կարգավիճակի սահմանման վերաբերեալ խնդիրները։
Ժողովէն վերջ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ նիստին մասնակցած են Թրքահայ ակադեմականներու հարթակի ներկայացուցիները։ Ի լրումն այս բոլորին, օրակարգի վրայ եկած են թրքահայ վարժարաններէ ներս գործադրումը նախատեսուած դասաւանդման նոր ծրագրի վերաբերեալ խնդիրներ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս նախաձեռնութիւնը յառաջ կը տարուի Ազգային կրթութեան նախարարութեան պատկան բաժանմուքներուն հետ։